Մինիափոլիսի մէջ, Մինեսոթա Թիմպըրվուլզ 121-87 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալաս Մեւրիքսը, որ առանց Տոնչիչի եւ Քայրի Ըրվինկի դաշտ ներկայացած էր:
Տոնչիչ, որ աջ ոտքի ցաւ ունի, իսկ Քայրի, որ աջ բթամատի ցաւէ կը տառապի, 3-րդ մրցումը ըլլալով միասնաբար կը բացակայէին այս տարեշրջանին, ուր Տալաս 3 պարտութիւններ կրեց: 48 մրցումներու ընթացքին անոնցմէ մէկը բացակայ էր Տալասի ելոյթներէն 26 անգամ:
Քարլ Անթոնի Թաունզ 29 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ 34-րդ յաղթանակը արձանագրեց 48 մրցումներու ընթացքին:
Քեւըն Տիւրենթ 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆինիքսի, որ Պրուքլինի մէջ մրցում մը կատարեց Պրուքլին Նեթցի հետ: Տիւրենթ, որ տարի մը առաջ լքած էր Պրուքլին Նեթցը` միանալու համար Ֆինիքսի, լաւ օրեր չունեցաւ Պրուքլինի մէջ, երբ ինք Քայրի Ըրվինկ (2019-ին) եւ Ճէյմս Հարտըն աւելի ուշ միացան իրարու զօրաւոր խումբ մը կազմելու` ախոյեան դառնալու յոյսով, ինչ որ սակայն ձախող փորձ մըն էր:
Տիւրենթ, որ 8 էսիսթ ալ կատարեց, առաջին անգամ ըլլալով կը վերադառնար Պրուքլինի դաշտը` նախկին խումբը լքելէ ետք, եւ կարգ մը համակիրներ իր դէմ կը գոռային ամէն անգամ, որ գնդակը իրեն հետ ըլլար. 2-րդ մասին երբ Ֆինիքս սկսաւ հեռանալ կէտերով, այդ բոլորը մոռցուցեան: Եուսուֆ Նուրքիչ 28 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սանզի, որ վերջին 11 մրցումներէն 9-ն յաղթանակով աւարտեց:
Տիւրենթ, Տեւըն Պուքըրի եւ Պրետլի Պիլի հետ կը փորձէ ախոյեանութեան թեկնածու խումբի մը վերածել Ֆինիքս Սանզը, եւ առաժմ ճիշդ ճամբու վրայ է: Պուքըր 22 կէտ եւ Էրիք Կորտըն 17 կէտ աւելցուցին ի նպաստ Ֆինիքսի:
Քեմ Թոմաս 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նեթցի, որ 2 յաջորդական մրցումներ յաղթելէ ետք պարտութիւն մը կրեց:
Փորթլենտի մէջ, Տեմիըն Լիլըրտ վերադարձաւ իր հին խումբի դաշտը, բայց իր նոր խումբը` Միլուոքի Պաքս 119-116 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Լիլըրտ (33 տարեկան), որ 11 եղանակ եղած է Փորթլենտի լաւագոյն աստղերէն, 25 կէտ նշանակեց, մինչ Եանիս Անթեթոքումփօ 27 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Փորթլենտի սենթըր Տէյանտրէ Այթըն 20 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Անֆըրնի Սիմընզ 24 կէտ նշանակեց: Անցեալ տարուան Լիբանանի ախոյեան Ռիատիի սենթըր Տիոփ Ռիթ 10 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փոլթլենտի:
Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 109-125
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 128-121
Չարլոթ Հորնեթց – Շիքակօ Պուլզ 110-117
Մայեմի Հիթ – Սաքրամենթօ Քինկզ 115-106
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Տենվըր Նակեթց 105-100
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 98-108
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Տալաս Մեւրիքս 121-87
Հիւսթըն Ռոքեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 99-110
Պրուքլին Նեթց – Ֆինիքս Սանզ 120-136
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Միլուոքի Պաքս 119-116


