Այսօր ժամը 21:00-ին Շիյահի մարզամշակութային կեդրոնի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 17-րդ հանգրուանի գծով մրցում մը պիտի ունենան տեղւոյն Շիյահի խումբին դէմ:
Երթին 61-47 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած մեր աղջիկները վստահաբար աւելի հանգիստ մրցում մը պիտի ունենան, մանաւանդ որ մրցակից խումբը միայն 3 յաղթանակ ապահոված է:
Այս շաբաթ մեր աղջկանց խումբին միացաւ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիկ Նարինէ Կէօքճեան, որ կը մասնակցէր Հայաստանի աղջկանց ախոյեանութեան Հատիսի, ապա Լես Ֆոքսըսի հետ: Նարինէ Կէօքճեան կրնայ սենթըր եւ փաուըր ֆորուըրտ դիրքերու վրայ խաղալ` շնորհիւ իր երկար հասակին (1,87 մեթր):
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբին մաս կազմող Փաթիլ Ասատուրեան աղջկանց ախոյեանութեան առաւելագոյն կէտեր նշանակելու տոկոսը ունի` մօտ 20 կէտ միջին հաշուով իւրաքանչիւր մրցումի:


