Այս շաբաթավերջին հետաքրքրական մրցումներ տեղի պիտի ունենան, մանաւանդ վաղը ժամը 18:30-ին, Լոնտոնի մէջ, ուր Արսենալ (3-րդ) պիտի հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլը: Լիվըրփուլ, որ Բ. դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթիէն մրցում մը աւելի կատարած է եւ 5 կէտի առաւելութիւն ունի վրան, պիտի փորձէ կէտ չկորսնցնել, մանաւանդ որ Մանչեսթըր Սիթի գրեթէ ամբողջ ուժով պիտի շարունակէ այս շաբաթավերջէն սկսեալ, երբ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ կը վերադառնայ:
Ստորեւ` 23-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Էվըրթըն – Թոթենհամ
Պըրնլի – Ֆուլհեմ
Պրայթըն – Քրիսթըլ Փելես
Նիւքեսըլ – Լիւթըն
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Ասթոն Վիլա
ՎԱՂԸ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ուեսթ Համ
Չելսի – Վուլվզ
Պորնմաութ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Արսենալ – Լիվըրփուլ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Պրենթֆորտ – Մանչեսթըր Սիթի
Սպանիոյ մէջ, «Լա լիկա»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մատրիտի տերպին իրար դէմ պիտի հանէ Եւրոպայի ամէնէն լաւ պատմութիւն ունեցող Ռէալ Մատրիտը եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Ռէալ, որ 2 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Ժերոնայի վրայ, բաւական մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` օգտուելով իր պակաս մրցումէն եւ անշուշտ շնորհիւ իր յաջող ելոյթներուն:
Աթլեթիքօ Մատրիտ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ` հաւասար կէտով Պարսելոնայի հետ:
Ստորեւ` 23-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Վալենսիա – Ալմերիա
Կրանատա – Լաս Փալմաս
Տեփորթիւօ Ալավես – Պարսելոնա
Ժերոնա – Ռէալ Սոսիետատ
ՎԱՂԸ
Վիարէալ – Քատիս
Օսասունա – Սելթա
Ռէալ Պեթիս – Խեթաֆէ
Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ռայօ Վայեքանօ – Սեւիա
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 23-րդ հանգրուանի գագաթի մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլանը եւ Բ. դիրքը գրաւող Եուվենթուսը, վաղը ժամը 21:45-ին:
Միլանի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը կրնայ վճռական ըլլալ Եուվէի համար, որ վերջերս շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենար եւ անցեալ շաբաթ հաւասարութեան «ծուղակը» ինկաւ Էմփոլիի հետ: Երկու խումբերու յառաջապահներ Լաութարօ Մարթինես (Ինթեր) եւ Տուշան Վլահովիչ (Եուվէ) լուրջ մրցակցութեան անցած են, եւ ոեւէ մէկը կրնայ ըլլալ հերոսը:
Ստորեւ` 23-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Էմփոլի – Ճենովա
Ուտինեզէ – Մոնզա
Ֆրոզինոնէ – Ա. Սէ. Միլան
Պոլոնիա – Սասուլօ
ՎԱՂԸ
Թորինօ – Սալերնիթանա
Նափոլի – Վերոնա
Աթալանթա – Լացիօ Ռոմա
Ինթեր Միլան – Եուվենթուս
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ա. Էս. Ռոմա – Քալիարի