Մարզական

Եւրոպական Զտումի Մրցումներ.  Հայաստան – Ալպանիա` 84-79

Եւրոպական Զտումի Մրցումներ. Հայաստան – Ալպանիա` 84-79

ՖԻՊԱ-ի 2027-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով Եւրոպայի գօտիին մէջ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբը 84-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ալպանիան Գ. խմբակի գծով իր երկրորդ մրցումին: «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի դաշտին վրայ, Հայաստան 24-23 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին, ապա 24-19 երկրորդ մասին: Կիսախաղին 48-42 արդիւնքով յառաջացած Հայաստանի հաւաքականը երրորդ մասին միայն 14 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Ալպանիա 17 կէտ նշանակեց, սակայն 4-րդ...

Ձիավարութիւն.  Մարիա Ալեքսանեան` Մոսկուայի Ախոյեան

Ձիավարութիւն. Մարիա Ալեքսանեան` Մոսկուայի Ախոյեան

Հայաստանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Մարիա Ալեքսանեան գրաւեց Մոսկուայի ախոյեանութեան առաջին դիրքը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ձիավարութեան Մոսկուայի ախոյեանութեան մրցումներուն, յաղթահարելով 120 սմ արգելքը, Ալեքսանեան դարձաւ առաջնութեան ախոյեան: Մարիա Ալեքսանեանի մարզիչն է Արթիւր Պաղտասարեան: Շաբաթներ առաջ, 16 տարեկան Մարիա Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած համառուսաստանեան ամանորեան մրցաշարքին մասնակցած եւ երրորդ դիրքը գրաւած էր, իսկ 2023-ի տարեսկիզբին ան դարձած...

«Էմ. Էլ. Էս.»  Մեսսիի Կոլը Փրկեց Ինթեր Մայեմին

«Էմ. Էլ. Էս.» Մեսսիի Կոլը Փրկեց Ինթեր Մայեմին

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Լոս Անճելըս Կալաքսի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ինթեր Մայեմին եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց մրցումը: 75-րդ վայրկեանին սերպ յառաջապահ Տեյան Յովելիչ նշանակեց Կալաքսիի կոլը, մինչ 32-րդ վայրկեանին Եորտի Ալպայի փոխանցումէն օգտուելով Լիոնել Մեսսի նշանակեց Ինթեր Մայեմիի հաւասարութեան կոլը: 13-րդ վայրկեանին, սպանացի միջնապահ Ռիքի Փուճ առիթ ունէր փենալթիով նշանակելու Կալաքսիի առաջին կոլը, սակայն Մայեմիի բերդապահ Տրէյք Քալենտըր զսպեց...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տալաս Պարտուեցաւ Ինտիանայէն

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Պարտուեցաւ Ինտիանայէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս 7 յաջորդական մրցում յաղթելէ ետք, 8-րդին` Ինտիանափոլիսի մէջ, 133-111 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի ամէնէն շատ կէտեր նշանակող Ինտիանա Փէյսըրզէն: Մայլզ Թըրնըր նշանակեց այս եղանակի իր առաւելագոյն կէտերը (33 կէտ) եւ Թայրիս Հելիպըրթըն աւելցուց 17 կէտ եւ 10 էսիսթ ի նպաստ Փէյսըրզի: Լուքա Տոնչիչ 33 կէտ, 6...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Մոտրիչ Կը Փայլի Նշանակելով Ռէալի Յաղթանակի Կոլը` Սեւիայի Դէմ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մոտրիչ Կը Փայլի Նշանակելով Ռէալի Յաղթանակի Կոլը` Սեւիայի Դէմ

Լուքա Մոտրիչ նշանակեց մրցումի միակ կոլը իր խումբը` Ռէալ Մատրիտը առաջնորդելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակի Սեւիայի դէմ, «Լա լիկա»-ի մրցումներուն գծով: Խրուաթ միջնապահը մեծ քառակուսիի սահմանէն անզսպելի հարուածով գրաւեց Սեւիայի բերդը` 81-րդ վայրկեանին, Ռէալի 5 կէտերուն առաւելութիւնը պահելով ամէնէն մօտիկ մրցակիցին` Պարսելոնայի վրայ: 6-րդ դիրքը գրաւող Ռէալ Պեթիս այժմ 7 կէտով ետ կը մնայ 5-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիք Պիլպաոյէն` պարտութեան մատնելով...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի  Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք Պէյրութ 3-2

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք Պէյրութ 3-2

Երէկ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ յաջորդական 3 պարտութիւններ կրելէ ետք բաւական ինքնավստահութիւն կորսնցուցած էր, կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթել Զամալեքին: Հակառակ անոր որ Զամալեք շատ աւելի տկար խումբ մըն է, ինչպէս ըսինք, մեր տղաքը քիչ մը ինքնավստահութեան պակաս ունէին, եւ երկրորդ վայրկեանէն կոլ ստացանք, բայց 10-րդ վայրկեանին կրցանք հաւասարիլ` շնորհիւ Թահա Հութի: 29-րդ վայրկեանին սխալ մը եւս թոյլ տրուեցաւ, եւ Զամալեք նշանակեց...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի  Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն 3-2

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն 3-2

Երէկ, Նըժմէի դաշտին վրայ Լեռնալիբանանի Բ. հանգրուանի ախոյեանութեան 3-րդ շաբթուան մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-րդ կիսախաղին ինքզինք գտաւ եւ առաջին կիսախաղի պարտութիւնը յաղթանակի վերածեց մրցումի վերջին վայրկեաններուն: Արդարեւ, Ա. կիսախաղին մրցակից խումբը` Ռիատի Արամուն գրեթէ ամբողջ 45 վայրկեան տիրապետեց եւ կրցաւ 2 կոլ նշանակել, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մեր տղաքը, որոնք 4 վիրաւորներ ունին, եւ անոնք ստիպուած կը խաղան այն...

Մարմնամարզութիւն.  Արթուր Դաւիթեան Անգամ Մը Եւս Ոսկի Մետալակիր

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւիթեան Անգամ Մը Եւս Ոսկի Մետալակիր

Քոթպուսի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած մարմնամարզութեան (ճիմնեսթիքս) աշխարհի բաժակի երկրորդ մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիականի պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւիթեան ոսկի մետալ մը շահեցաւ յենացատկի վարժութեան մրցումին` աւարտականին հաւաքելով 15.100 կէտ: Հայաստանի հաւաքականի միւս ներկայացուցիչ Վահագն Դաւիթեան, օղակներու վարժութեան մրցումներուն, շահեցաւ պրոնզէ մետալ` հաւաքելով 14.600 կէտ: Նոյն վարժութեան մրցումներուն, Արթուր Աւետիսեան 14.566 կէտ հաւաքելով գրաւեց 4-րդ դիրքը:...

Թենիս.  Խաչանով Շահեցաւ Քաթարի Մրցաշարքը

Թենիս. Խաչանով Շահեցաւ Քաթարի Մրցաշարքը

Շաբաթավերջին Տոհայի մէջ (Քաթար) վերջ գտաւ թենիսի տղոց մրցաշարքը, երբ աւարտականին հայազգի Կարէն Խաչանով 7-6 (14-12) եւ 6-4 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Եաքուպ Մենշիքի: Մենշիք, որ 16 էյս իրագործեց, շատ դժուար մրցակից մը եղաւ Կարէնի համար, որ կրցաւ պայքարիլ մինչեւ վերջին վայրկեան` խլելու այս տարուան առաջին մրցաշարքի տիտղոսը: Այս տիտղոսը Կարէնի ասպարէզի 6-րդն էր, եւ ան այժմ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը:...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տիւրենթ Գերազանցեց Քարմելօ Անթոնիի Կէտերու Հաշիւը` Գրաւելով 9-րդ Դիրքը

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Գերազանցեց Քարմելօ Անթոնիի Կէտերու Հաշիւը` Գրաւելով 9-րդ Դիրքը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Ֆինիքս Սանզի աստղերէն Քեւըն Տիւրենթ, Հիւսթըն Ռոքեթցի դէմ մրցումին նշանակելէ ետք 28 կէտ, դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 9-րդ լաւագոյն կէտ նշանակողը` հասնելով 28.296 կէտերու հաշիւին: Ան գերազանցեց Քարմելօ Անթոնին եւ այժմ կը մօտենայ Շաքիլ Օ՛նիլին, որ 28.596 կէտ նշանակած է 8-րդ դիրքի վրայ: Սկզբունքով եւ անշուշտ եթէ Տիւրենթ իր այժմու ընթացքով (28.1...

Վիրաւորներով «Հարուստ» Լիվըրփուլ  Շահեցաւ Անգլիոյ Լիկայի Բաժակը

Վիրաւորներով «Հարուստ» Լիվըրփուլ Շահեցաւ Անգլիոյ Լիկայի Բաժակը

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ, որուն գերմանացի մարզիչ Եորկըն Քլոփ իր վերջին տարեշրջանը կը բոլորէ, երէկ շահեցաւ Անգլիոյ Լիկայի բաժակը (Ի. Էլ. Էֆ. Քափ կամ Քուրապաօ քափ)` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Չելսիի, յետ երկարաձգման: Վիրաւորներով «հարուստ» Լիվըրփուլ, որմէ կը բացակայէին բերդապահ Ալիսոն, պաշտպան Ժոել Մաթիփ, Թրենթ-Ալեքսանտր Առնոլտ, միջնապահներ Սոպուլայ, Քըրթիս Ճոնզ, Պայչեթիչ, Թիակօ Ալքանթարա եւ յառաջապահներ Մոհամետ Սալահ,...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պայքարեցաւ, Բայց Պարտութիւն Կրեց Ռիատիէն

Հինգշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մեր աղջիկները պայքարեցան Ռիատիի դէմ, բայց 67-83 արդիւնքով տեղի տուին: Առաջին մասին մրցումը բաւական դանդաղ սկսաւ, եւ նշանակած կէտերուն քանակը շատ քիչ էր, որովհետեւ քիչ մը կեդրոնացումի պակաս կար եւ լաւ պաշտպանութիւն` երկու կողմէն: Առաջին մասին Ռիատի 6 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկներուն վրայ (11-17), բայց 2-րդ մասը քիչ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Պարտութիւն Մը Կրեց Արզէն

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք

Վաղը, ժամը 16:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Զամալեք Պէյրութի դէմ, Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան Ե. հանգրուանին գծով: ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը տպաւորիչ ձեւով սկսած էին ախոյեանութեան եւ պարտութեան մատնած Պէյրութ Ֆ. Ք.-ն 4-0 արդիւնքով, ապա յաջորդական պարտութիւններ կրած էին Սապիլէն, Արզէն եւ Անդրանիկէն: Եթէ նայինք մեր մրցակիցներուն, Սապիլ եւ Արզ կը մրցին Լիբանանեան բանակին դէմ` բարձրանալու Գ....

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի  Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն

Վաղը, ժամը 15:00-ին, Նըժմէի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ Բ. հանգրուանի իր երրորդ մրցումը` Ռիատի Արամունի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ առաջին հանգրուանին Ռիատի Արամունի հետ նոյն խմբակին մաս կը կազմէր, պիտի փորձէ անպայման խլել 3 կէտերը ամէն գնով, մանաւանդ որ մրցակից խումբը տակաւին միայն կէտ մը ունի այս հանգրուանի 2 մրցումներէն, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 6 կէտ...

Պասքեթպոլ Ասիոյ Բաժակ.  Սուրիա – Լիբանան` 78-87

Պասքեթպոլ Ասիոյ Բաժակ. Սուրիա – Լիբանան` 78-87

Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը, ՖԻՊԱ-ի կազմակերպած Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն գծով կատարեց իր առաջին մրցումը Դամասկոսի մէջ եւ 87-78 արդիւնքով յաղթեց Սուրիոյ ազգային խումբին: Լիբանան, որ կը խաղար առանց Քարիմ Իզզէտտինի, Քարիմ Զէյնունի, Ալի Մանսուրի (բոլորն ալ` վիրաւոր) եւ Ալի Հայտարի, լաւ սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 28-22 արդիւնքով յառաջացաւ, հակառակ անոր որ Սերժիօ Տարուիշ 2 արագ ֆաուլեր...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սթեֆ Քըրի 32 Կէտ Նշանակեց Եւ Ուորիըրզ Յաղթեց Լէյքըրզի` 128-110 Արդիւնքով

«Էն. Պի. Էյ.» Սթեֆ Քըրի 32 Կէտ Նշանակեց Եւ Ուորիըրզ Յաղթեց Լէյքըրզի` 128-110 Արդիւնքով

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, 6 օր դադարէ ետք, «Օլ Սթար»-ի մրցումին հանգիստէն ետք, եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ առանց Լըպրոն Ճէյմսի 128-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Կոլտըն Սթէյթի Չեյս Սենթըրին մէջ, Սան Ֆրանսիսքօ: Սթեֆըն Քըրի մրցումին սկիզբէն կարեւոր կէտեր նշանակեց, եւ իր խմբակիցները շարունակեցին իր սկսած գործը: Քըրի 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց եւ տուաւ 8 էսիսթներ իր...

«Եուրոփա Լիկ».  Սփարթա Փրակ – Լիվըրփուլ Ռոմա – Պրայթըն

«Եուրոփա Լիկ». Սփարթա Փրակ – Լիվըրփուլ Ռոմա – Պրայթըն

Երէկ տեղի ունեցան «Եուրոփա լիկ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի վիճակաձգութիւնները: Հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցած էին «Եուրոփա լիկ»-ի մրցումները, որոնցմէ ետք Ֆրայպուրկ դուրս ձգեց Լանսը, մինչ Սփարթա Փրակ դուրս ձգեց Թուրքիոյ Կալաթասարայը: Ռոմա փենալթիներով միայն կրցաւ դուրս ձգել Ֆեյենուրտը, մինչ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ «Եուրոփա լիկ»-ի մրցանիշ հաստատեց` նշանակելով իր 31-րդ կոլը այս մրցաշարքին, ի նպաստ Մարսէյի, Շախթիոր Տոնեցքի դէմ (3-1) մրցումին: Ան բարելաւեց Ռատամել...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի  Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք Պէյրութ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք Պէյրութ

Այս կիրակի ժամը 16:00-ին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Զամալեք Պէյրութի դէմ, Լիբանանի ախոյեանութեան Պէյրութի շրջանի 5-րդ հանգրուանին գծով: Զամալեք վերջին դիրքը կը գրաւէ եւ որեւէ կէտ չունի, սակայն ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, դաշտ պէտք է իջնել մրցակիցը յարգելով եւ լուրջ պայքար տանելով` նշանակելով կոլեր: Մրցումէն առաջ, թուղթի վրայ ֆութպոլը տարբեր կրնայ ըլլալ, իսկ դաշտին մէջ` տարբեր. երբ 11...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լըպրոն Ճէյմս Պիտի Բացակայի Ուորիըրզի Դէմ Մրցումէն

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս Պիտի Բացակայի Ուորիըրզի Դէմ Մրցումէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն ընթացքի մէջ գտնուող այժմու խումբերը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իրար դէմ պիտի մրցին այս գիշեր, բայց Լէյքըրզ եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն աստղերէն Լըպրոն Ճէյմս պիտի բացակայի կռունկի ցաւ ունենալուն պատճառով: Երկու խումբերն ալ կը մրցին փլէյ օֆի մտնելու եւ այժմ կը գտնուին 9-10 դիրքերուն վրայ, դիրք մը, որ կրնան մտնել փլէյ-ին...

Թոնի Քրուս Կը Վերադառնայ Ազգային Խումբ

Թոնի Քրուս Կը Վերադառնայ Ազգային Խումբ

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Թոնի Քրուս համաձայնեցաւ Գերմանիոյ ազգային խումբին միանալ` մարզիչ Եուլիան Նակըլզմանի առաջարկին ընդառաջելով: Ան սակայն չ՛ուզեր, իրեն իբրեւ «փրկիչ» նային, մանաւանդ որ Գերմանիոյ ազգային խումբը շատ լաւ ժամանակաշրջանին մէջ չէ: 34 տարեկան Քրուս գրեթէ 3 տարիէ ի վեր ազգային խումբին հետ չէ խաղցած: Անոր 106-րդ եւ վերջին ելոյթը Անգլիոյ դէմ էր Եուրօ 2020-ին (որ տեղի ունեցաւ 2021-ին): «Պիտի...

Page 223 of 1281 1 … 222 223 224 … 1,281

Արխիւներ