Մարզական

Կարէն Խաչանովի Եւ Անտրէ Ռուպլեւի Բարեգործական Խաղի Հասոյթը` Արցախահայութեան

Կարէն Խաչանովի Եւ Անտրէ Ռուպլեւի Բարեգործական Խաղի Հասոյթը` Արցախահայութեան

Հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով եւ ռուս թենիսմեն Անտրէ Ռուպլեւ պիտի կատարեն բարեգործական մրցում մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի արցախահայութեան: Նախաձեռնութեան հեղինակը ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղն է, եւ մրցումը տեղի կ՛ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, 16 մարտին: Կարէն Խաչանով «Էյ. Թի. Փի.»-ի թիւ 15 դասուած թենիսմենն է եւ 4 անգամ միջազգային մրցաշարքեր շահած է: Ան Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի մրցումներու արծաթէ մետալ...

Ֆորմիւլա 1.  Վերշթափըն Փոլ Փոզիշընի Վրայ

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Փոլ Փոզիշընի Վրայ

Երէկ երեկոյեան Սախերի մէջ Պահրէյնի կրան փրիի փոլ փոզիշընը շահեցաւ վերջին 3 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն, Ֆեռարիի Շարլ Լըքլերին եւ Մերսետեսի Ճորճ Ռասըլին գերազանցելէ ետք: Վերշթափըն 1.29.421 վայրկեան ձեռք ձգեց առաջին զտումի շրջանին, ապա բարելաւեց 1.29.179 վայրկեանի` աւարտելով առաջին դիրքին վրայ: Լըքլեր 0.228 երկվայրկեան աւելի դանդաղ էր, իսկ Ռասըլ 0.306 երկվայրկեան ետ էր Վերշթափընէն: Քարլոս Սայնց (Ֆեռարի) գրաւեց 4-րդ...

Պասքեթպոլ.  Ֆինիքս Բուռն Պայքարէ Ետք  Յաղթեց Հիւսթընի

Պասքեթպոլ. Ֆինիքս Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց Հիւսթընի

Ֆինիքս Սանզ Արիզոնայի մէջ «տաք» մրցումէ մը ետք կրցաւ պարտութեան մատնել Հիւսթըն Ռոքեթցը` 110-105 արդիւնքով: «Օլ Սթար»-ի աստղերէն Տեւըն Պուքըր եւ Հիւսթընի ռուքի Քէմ Ուիթմոր պզտիկ վէճէ մը ետք թեքնիքըլ ֆաուլեր ստացան 4-րդ մասին: Սանզի «երկար» տղոցմէ Եուսուֆ Նուրքիչ հասաւ օգնելու իր խմբակիցին: Պուքըր 35 կէտ նշանակեց եւ Քեւըն Տիւրենթ աւելցուց 24 կէտեր ի նպաստ Ֆինիքսի, որ կրցաւ «զսպել» Հիւսթընի...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի  Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեան. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք

Վաղը ժամը 15:00-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի մրցին Քիքի դէմ, Դ. դասակարգի ամէնէն սպասուած մրցումին: Տապըլ Քիք իր խմբակի բոլոր խաղերը յաղթանակով աւարտած էր, եւ Բ. հանգրուանի իր նախորդ 3 մրցումներն ալ յաղթած: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքն ալ իրենց նախորդ 3 մրցումները յաղթած են, եւ վաղը պիտի փաստեն, թէ Տապըլ Քիք տկար կէտեր ունի, որոնց մասին...

Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

Պէյրութ Ֆըրսթ - Ռիատի` 0-1 Չորեքշաբթի գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը կրցաւ մեծ յաղթանակով աւարտել տարեշրջանը` 74-47 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Չեմփս խումբը եւ գրաւելով ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը: Շայնա Փելլինկթըն 29 կէտ նշանակեց 32 վայրկեանի ընթացքին, Փաթիլ Ասատուրեան 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը 16 կէտ, 5 էսիսթ եւ 5 սթիլ կատարելով: Փերլա Պու Նասր...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ

Վաղը ժամը 16:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Լիբանանեան բանակի խումբին դէմ: ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը 6 կէտով կը գրաւեն 7-րդ դիրքը, մինչ Լիբանանեան բանակը կը գրաւէ 3-րդ դիրքը: Յոյսով, որ մեր տղաքը լաւ կազմակերպած պայքար կը ցուցաբերեն աւելի լաւ մրցակիցին դէմ, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը համեմատաբար աւելի դիւրին մրցակիցներ...

Լողարշաւ.  Հայ Լուղորդներ Մասնակցեցան Տոհայի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Լողարշաւ. Հայ Լուղորդներ Մասնակցեցան Տոհայի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցած ջրային մարզաձեւերու աշխարհի ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ: Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերած էր այս մրցաշարքին լողարշաւի եւ ջրացատկի մրցումներուն: Ըստ «Արմէնփրես»-ի լողարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան 190 երկիրներէ 2600 լուղորդ մասնակցած է: Հայաստանը կը ներկայացնէին Արթուր Բարսեղեան, Անի Պօղոսեան, Վարսենիկ Մանուչարեան եւ Աշոտ Չախոյեան: 4x100 մեթր ազատ ոճի խառն մրցումներուն, Հայաստանի քառեակը ձեռք բերաւ 3.44.29 վայրկեան արդիւնք` գրաւելով...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Մանչեսթըր Եունայթըտ – Լիվըրփուլ` Քառորդ Աւարտականին

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Մանչեսթըր Եունայթըտ – Լիվըրփուլ` Քառորդ Աւարտականին

Շաբթուան կիսուն տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի Էֆ. Էյ. Քափ 1/8-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց լոյսին տակ, 1980-ական եւ 1990-ականներու լաւագոյն խումբերը` Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Լիվըրփուլ իրարու դէմ պիտի մրցին քառորդ աւարտականի մրցումներու ամէնէն հետաքրքրականին: Մանչեսթըր Եունայթըտ դուրս ձգած էր Նոթինկհամ Ֆորեսթը (1-0), իսկ Լիվըրփուլ մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով` Սաութհեմփթընը (3-0): Մանչեսթըր Սիթի պիտի մրցի Նիւ Քեսըլի դէմ, Սիթի շնորհիւ Հաալանտի...

«Ֆորմիւլա 1».  Համիլթըն Գրաւեց Առաջին Դիրքը` Պահրէյնի Առաջին Փորձերուն

«Ֆորմիւլա 1». Համիլթըն Գրաւեց Առաջին Դիրքը` Պահրէյնի Առաջին Փորձերուն

Երէկ սկսան վաղը տեղի ունենալիք Պահրէյնի կրան փրիի պատրաստութիւնները, եւ Մերսետես գրաւեց առաջին երկու դիրքերը` տարեշրջանի առաջին մրցումին: Սաքիտի (Պահրէյն) մէջ տեղի ունեցած առաջին փորձին, 7 անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Լուիս Համիլթըն գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ խմբակից Ճորճ Ռասըլ` 2-րդ դիրքը: Անակնկալ արդիւնք էր այս` նկատի ունենալով, որ կը կարծուէր, թէ Ռետ Պուլ լաւագոյն պատրաստուած ինքնաշարժը ունէր: Այլ անակնկալով մը`...

«Էն. Պի. Էյ.».  Լէյքըրզ – Քլիփըրզ` 116-112

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ – Քլիփըրզ` 116-112

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան ամէնէն հետաքրքրական մրցումին, Լոս Անճելըսի զոյգ խումբերը մրցեցան իրար դէմ, եւ Քլիփըրզ 3 մասերուն յառաջանալէ ետք եւ պահ մը 21 կէտերու առաւելութիւն ձեռք ձգելէ ետք, 4-րդ մասին կարծէք բացակայ էր, ուր Լէյքըրզ ըմբոստացաւ եւ մրցումին արդիւնքը ամբողջովին յեղաշրջեց ի նպաստ իրեն եւ 4 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ յաղթել: Լէյքըրզ, որ վերջերս շատ կը գանգատէր իրաւարարներու «ոչ արդար...

Թայքուանտօ.  Ալեակ Սարգիս Ոսկի Մետալակիր` Պահրէյնի Մէջ

Թայքուանտօ. Ալեակ Սարգիս Ոսկի Մետալակիր` Պահրէյնի Մէջ

Լիբանանահայ Ալեակ Սարգիս, որ ընտանիքին հետ կը բնակի Սէուտական Արաբիա եւ մաս կը կազմէ Նասր ակումբի թայքուանտոյի աղջկանց խումբին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած միջազգային Պին Ժամալ 4-րդ միջազգային մրցաշարքին: Ալեակ Սարգիս, որ նախապէս տիտղոսներ շահած էր Սէուտական Արաբիոյ մէջ ալ, կրցաւ գրաւել առաջին դիրքը` 17 տարեկանէն վար մրցումներուն իր խումբին` Նասրի հետ: Ալեակ Անասթազ Սարգիս 15 տարեկան...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ

Այս շաբաթ օր ժամը 16:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի մրցումներուն գծով ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Լիբանանեան բանակին դէմ: ՀՄԸՄ Պէյրութի մեր տղաքը, որոնք անցեալ շաբաթ Զամալեքին դէմ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էին, իրենց դէմ պիտի ունենան զօրաւոր խումբ մը, բայց դաշտի վրայ պայքար տանող խումբը ի՛նք է, որ կը շահի 3 կէտերը: ՀՄԸՄ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ուորիըրզ Կը Շարունակէ Յաղթական Երթը. Փոլ Կը Վերադառնայ

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Կը Շարունակէ Յաղթական Երթը. Փոլ Կը Վերադառնայ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Ուաշինկթընի մէջ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրցաւ 123-112 արդիւնքով յաղթել տեղւոյն Ուիզըրտծի: Քլէյ Թոմփսըն 25 կէտ նշանակեց, մինչ իր խմբակից Սթեֆ Քըրի առաջին կիսախաղին ոչ մէկ կէտ կրցաւ նշանակել` 23 նոյեմբեր 2012-էն ի վեր (Տենվըրի դէմ) առաջին անգամ ըլլալով անյաջող 7 հարուածներ (6 հատը 3 կէտնոց) ուղղելով դէպի Ուաշինկթընի կողովը: Երկրորդ կիսախաղին ան կրցաւ...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան – Պահրէյն` 94-63

Պասքեթպոլ. Լիբանան – Պահրէյն` 94-63

ՖԻՊԱ-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն, երկուշաբթի գիշեր Լիբանանի ազգային խումբը 94-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պահրէյնը եւ գրաւեց Զ. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Լիբանան, որմէ կը բացակայէին Քարիմ Զէյնուն, Քարիմ Իզզէտտին, Ալի Հայտար եւ Ժատ Խալիլ, մրցումի երկրորդ մասին սկիզբը կորսնցուց նաեւ սենթըր Նորվել Փեւը, որ վիրաւորուեցաւ մրցումին ընթացքին: Առաջին մասին 21-13 արդիւնքով յառաջացած Լիբանան առանց Փելի քիչ մը կորսուած էր,...

Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Չեմփս` 3-րդ Դիրքի Մրցում

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Չեմփս` 3-րդ Դիրքի Մրցում

Այսօր երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի մրցումը, որ աւարտականի բնոյթ ունի մէկ մրցում ըլլալով: Համակիրներ երկու կողմէն ներկայ կրնան գտնուիլ, եւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ներկայ գտնուիլ Ռիատիի դաշտ` քաջալերելով ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները, որպէսզի գրաւենք Լիբանանի 3-րդ պատուաւոր դիրքը: Մեր երիտասարդ խումբը սպասուածէն շատ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց` միայն պարտութիւններ...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուիթ 2 – 1

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք

Այս շաբաթ օր ժամը 15:00-ին Պհամտունի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ «գագաթի մրցում» մը ունի կատարելիք Տապըլ Քիքի դէմ: Տապըլ Քիք Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի շրջանի միակ խումբն է, որ տակաւին պարտութիւն չէ կրած, եւ այս մրցումը առիթ պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մեր տղոց, որ փաստեն, թէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ միւս մրցակիցներուն նման չէ, եւ դաշտին մէջ կը փաստէ իր...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Այնճարի Ճատրակի Խումբը Յաղթանակներ Արձանագրեց

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Այնճարի Ճատրակի Խումբը Յաղթանակներ Արձանագրեց

Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պեքաայի ճատրակի Բ. դասակարգի զտումի մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ Այնճար: Առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Այնճար 4,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շապապ Քապպըլիասի խումբը: Յաջորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Այնճար 3,5-2,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆաքեհան, ապա մրցեցաւ Շապապ Զահլէի խումբին դէմ եւ յաղթեց 5-1 արդիւնքով: 4-րդ հանգրուանին, Այնճարի մրցակիցը եղաւ Քամետ Լոզի խումբը, որ 6-0 արդիւնքով պարտուեցաւ: Պէտք է ըսել,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ինտիանա – Թորոնթօ 122-130

«Էն. Պի. Էյ.» Ինտիանա – Թորոնթօ 122-130

Թորոնթօ Ռեփթըրզի մարզիչ Տարքօ Ռայաքովիչ խոստացած էր պարգեւատրել իր մարզիկները, եթէ իրենց յաջորդական 3-րդ մրցումը յաղթանակով աւարտէին: Ռեփթըրզի մրցակիցը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի առաւելագոյն կէտեր նշանակող խումբն էր Ինտիանիա Փէյսըրզը Ինտիանափոլիսի մէջ: «Օլ Սթար»-ի մարզիկ Սքոթի Պարնզ իր 4-րդ թրիփըլ տապըլը ձեռք ձգեց` նշանակելով 21 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ, մինչ Ար. Ճէյ. Պերըթ աւելցուց 24 կէտ ի նպաստ Թորոնթոյի,...

«Ֆորմիւլա 1».  Այս Շաբաթ Պահրէյնի Կրան Փրին Պիտի Ըլլայ Ամէնէն Երկար Տարեշրջանի Առաջինը

«Ֆորմիւլա 1». Այս Շաբաթ Պահրէյնի Կրան Փրին Պիտի Ըլլայ Ամէնէն Երկար Տարեշրջանի Առաջինը

Այս շաբաթավերջին Պահրէյնի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Ֆորմիւլա 1»-ի 2024 տարուան առաջին կրան փրին: Վերջին 3 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն իր Ռետ Պուլ ինքնաշարժով կը մնայ թիւ 1 թեկնածուն, բայց Ֆեռարի եւ Մերսետես այս տարի բարելաւած են իրենց ինքնաշարժները, եւ կը սպասուի սուր մրցակցութիւն այս երեք խումբերուն միջեւ: Կրնայ ըլլալ, որ Ար. Պի. խումբն ալ լաւ արդիւնք ձեռք ձգէ Տանիէլ Ռիքարտոյի...

Քարաթէ.  Հայաստանի Ներկայացուցիչը`  Քարաթէի Կրտսերներու Ախոյեան

Քարաթէ. Հայաստանի Ներկայացուցիչը` Քարաթէի Կրտսերներու Ախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Անիլ Շարիաթփանահի դարձաւ աշխարհի քարաթէի ֆետերասիոնին կազմակերպած քարաթէ 1 կրտսերներու (14 տարեկանէն վար) մրցաշարքի ախոյեան` Քաթայի մրցաձեւի մրցումներուն: Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով Քաթայի մրցաձեւի աղջկանց մրցումներուն ոսկի մետալ կը շահի այսպիսի պաշտօնական մրցաշարքի: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ֆուժէյրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, Անիլ 6 յաղթական մենամարտ ունեցած է եւ դարձած ախոյեան: Նշենք, որ Անիլ ծնունդով իրանցի է,...

Page 222 of 1281 1 … 221 222 223 … 1,281

Արխիւներ