Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Պարտուեցաւ Ինտիանայէն

February 27, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս 7 յաջորդական մրցում յաղթելէ ետք, 8-րդին` Ինտիանափոլիսի մէջ, 133-111 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի ամէնէն շատ կէտեր նշանակող Ինտիանա Փէյսըրզէն:

Մայլզ Թըրնըր նշանակեց այս եղանակի իր առաւելագոյն կէտերը (33 կէտ) եւ Թայրիս Հելիպըրթըն աւելցուց 17 կէտ եւ 10 էսիսթ ի նպաստ Փէյսըրզի: Լուքա Տոնչիչ 33 կէտ, 6 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարեց, մինչ Քայրի Ըրվինկ աւելուց 29 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ի նպաստ Տալասի: Ինտիանա 14 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց: Տալասի մարզիչ Ճէյսըն Քիտ յայտեց, թէ Ինտանա շատ լաւ էր կէտ նշանակելու մէջ, իսկ Տալաս միայն 15 էսիսթ կատարած էր ամբողջ մրցումին ինչպէս նաեւ 15 թըրն օվըր (գնդակ կորսնցնել) կատարած:

Կէտ նշանակելու ալ տոկոսը շատ տարբեր էր երկու խումբերուն միջեւ: Տալաս 47 առ հարիւր յաջող հարուածներ նշանակած էր, մինչ Ինտիանա 56 առ հարիւր:

Նիքոլա Եոքիչ շարունակեց փայլիլ Տենվըր Նակեթցի հետ, եւ յաջորդական 3-րդ մրցումը ըլլալով արձանագրեց թրիփըլ տապըլ մը` նշանակելով 32 կէտ, 16 ռիպաունտ եւ 16 էսիսթ: Այս տարեշրջանի իր 18-րդ թրիփըլ տապըլներ էր: Տենվըր 119-103 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, այս վերջինին դաշտին վրայ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:

Քլէյ Թոմփսըն իր 23 կէտերը նշանակեց առաջին կիսախաղին, ուր Կոլտըն Սթէյթ 16 կէտով կը յառաջանար, մինչ Սթեֆըն Քըրի բաւական դանդաղ մտաւ մրցումի մթնոլորտին մէջ` կորսնցնելով իր առաջին 7 փորձերը` 3 կէտնոց սահմանէն, ապա մրցումը աւարտեց 20 կէտով, բայց նշանակելով միայն 1 երեք կէտնոց կողով (կորսնցնելով 9):

Ժամալ Մարի 27 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տենվըրի, որ 7-րդ յաջորդական մրցումը կը յաղթէր Կոլտըն Սթէյթի դէմ:

Արիզոնայի մէջ, Ֆինիքս Սանզ 123-113 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը:

Ֆինիքս Սանզը առաջնորդեցին «Պիկ 3»-ը (երկար 3), սակայն այս անգամ տարբեր դէմքեր էին անոնք: Արդարեւ, Ֆինիքս, որուն 3 աստղերն են Քեւըն Տիւրենթ, Տեւըն Պուքըր եւ Պրետլի Պիլ, Համեմատաբար աւելի «հանգիստ» մրցում մը ունեցան, եւ այլ 3` Կրէյսըն Ալըն, Ռոյս Օնիլ եւ Եուսուֆ Նուրքիչ փայլեցան: Սա սխալ բան մը չէր, եւ Ֆինիքս հաւասարակշուած մրցում մը ունենալով մրցումի սկզբէն կրցաւ Լէյքըրզի 3 կէտի առաւելութիւնը մոռցնել եւ պահ մը 20 կէտով ալ հեռանալ անկէ:

Ալըն 24 կէտ նշանակեց եւ Տիւրենթ աւելցուց 22 կէտ ի նպաստ Ֆինիքսի, որ 34-րդ յաղթանակը արձանագրեց մինչ Լէյքըրզ կրեց իր 28-րդ պարտութիւնը: Եուսուֆ Նուրքիչ նշանակեց 18 կէտ եւ ձեռք ձգեց 22 ռիպաունտ, Օ՛նիլ նշանակեց 20 կէտ եւ 9 ռիպաունտ, իսկ Պուքըր` 21 կէտ եւ 9 էսիսթ:

Լէյքըրզի լաւագոյն մարզիկներն էին Լըպրոն Ճէյմս (28 կէտ եւ 12 էսիսթ), Անթոնի Տէյվիտս (22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) եւ Տ՛Անճելօ Ռասըլ (20 կէտ եւ 7 էսիսթ):

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Միլուոքի Պաքս 98-119
Ֆինիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 123-113
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տալաս Մեւրիքս 133-111
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Քլիւլենտ Քեւելիրզ 105-114
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տենվըր Նակեթց 103-119
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Շիքակօ Պուլզ 106-114
Հիւսթըն Ռոքեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 110-123
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 109-92
Եութա Ճեզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 128-109
Փորթլընտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 80-93
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 107-123

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մոտրիչ Կը Փայլի Նշանակելով Ռէալի Յաղթանակի Կոլը` Սեւիայի Դէմ

Յաջորդը

«Էմ. Էլ. Էս.» Մեսսիի Կոլը Փրկեց Ինթեր Մայեմին

RelatedPosts

Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան`  Եւրոպայի Փոխախոյեաններ
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեաններ

October 19, 2026
Ըմբշամարտ.  Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.