Քոթպուսի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած մարմնամարզութեան (ճիմնեսթիքս) աշխարհի բաժակի երկրորդ մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիականի պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւիթեան ոսկի մետալ մը շահեցաւ յենացատկի վարժութեան մրցումին` աւարտականին հաւաքելով 15.100 կէտ:
Հայաստանի հաւաքականի միւս ներկայացուցիչ Վահագն Դաւիթեան, օղակներու վարժութեան մրցումներուն, շահեցաւ պրոնզէ մետալ` հաւաքելով 14.600 կէտ: Նոյն վարժութեան մրցումներուն, Արթուր Աւետիսեան 14.566 կէտ հաւաքելով գրաւեց 4-րդ դիրքը: Օր մը առաջ, նժոյգ-թափեթ վարժութեան մրցումներուն, Գագիկ Խաչիկեան 14.833 կէտ հաւաքելով գրաւեց 6-րդ դիրքը: Նշենք, որ այս մրցաշարքերու կէտերը նկատի կ՛առնուին ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու` իբրեւ զտումի մրցումներ: