Երէկ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ յաջորդական 3 պարտութիւններ կրելէ ետք բաւական ինքնավստահութիւն կորսնցուցած էր, կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթել Զամալեքին: Հակառակ անոր որ Զամալեք շատ աւելի տկար խումբ մըն է, ինչպէս ըսինք, մեր տղաքը քիչ մը ինքնավստահութեան պակաս ունէին, եւ երկրորդ վայրկեանէն կոլ ստացանք, բայց 10-րդ վայրկեանին կրցանք հաւասարիլ` շնորհիւ Թահա Հութի: 29-րդ վայրկեանին սխալ մը եւս թոյլ տրուեցաւ, եւ Զամալեք նշանակեց իր 2-րդ կոլը, որուն յաջորդեց հաւասարութեան կոլը 31-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Հութի: Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ Պէյրութի մեր տղաքը շատ առիթներ կորսնցուցին, բայց 63-րդ վայրկեանին Հութ կրցաւ նշանակել իր հեթրիքը եւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակի կոլը: Երէկուան մրցումը համեմատաբար շատ դիւրին մրցակիցի դէմ էր, բայց ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը, որոնք 2 դժուար մրցումներ կատարած էին Արզի եւ Սապիլի դէմ եւ օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն պատճառով Անդրանիկէն անակնկալ պարտութիւն մը կրած էին, պէտք էր աւելի բարձր տրամադրութեամբ դաշտ ներկայանային եւ աւելի հանգիստ խաղային: Յամենայն դէպս, յառաջիկայ շաբաթ Բանակի խումբին դէմ դժուար մրցում մը եւս մեզ կը սպասէ, որմէ ետք անպայման պէտք է յաղթել Նօ Լիմիթցի, Տինամօ Պէյրութի եւ Նուժումի:
Պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիբանանեան բանակը 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արզէն, մինչ Սապիլ 5-0 արդիւնքով յաղթեց Նօ Լիմիթց խումբին, մինչ Անդրանիկ 7-1 արդիւնքով յաղթեց Նուժումի:
Ստորեւ դասաւորումը.
1.- Արզ 12 կէտ (22-5)
2.- Լիբանանեան բանակ 12 (14-6)
3.- Սապիլ 12 (14-6)
4.- Անդրանիկ 9 (16-8)
5.- Նուժում 9 (10-11)
6.- ՀՄԸՄ 6 (11-15)
7.- Պէյրութ Ֆ. Ք. 6 (12-12)
8.- Տինամօ Պէյրութ 4 (5-8)
9.- Նօ Լիմիթց 1 (6-24)
10.- Զամալեք Պէյրութ 0 (3-18)