Այս կիրակի ժամը 16:00-ին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Զամալեք Պէյրութի դէմ, Լիբանանի ախոյեանութեան Պէյրութի շրջանի 5-րդ հանգրուանին գծով:
Զամալեք վերջին դիրքը կը գրաւէ եւ որեւէ կէտ չունի, սակայն ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, դաշտ պէտք է իջնել մրցակիցը յարգելով եւ լուրջ պայքար տանելով` նշանակելով կոլեր: Մրցումէն առաջ, թուղթի վրայ ֆութպոլը տարբեր կրնայ ըլլալ, իսկ դաշտին մէջ` տարբեր. երբ 11 մարզիկներ իրենց դիմաց կ՛ունենան 11 մարզիկներ, ամէն ինչ հաւասար կ՛ըլլայ: Պայքարիլ իւրաքանչիւր գնդակի համար եւ 100 տոկոս տալով միայն 3 կէտերը կրնանք շահիլ:


