Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը, ՖԻՊԱ-ի կազմակերպած Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն գծով կատարեց իր առաջին մրցումը Դամասկոսի մէջ եւ 87-78 արդիւնքով յաղթեց Սուրիոյ ազգային խումբին:
Լիբանան, որ կը խաղար առանց Քարիմ Իզզէտտինի, Քարիմ Զէյնունի, Ալի Մանսուրի (բոլորն ալ` վիրաւոր) եւ Ալի Հայտարի, լաւ սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 28-22 արդիւնքով յառաջացաւ, հակառակ անոր որ Սերժիօ Տարուիշ 2 արագ ֆաուլեր ընելով փոխարինուեցաւ: Երկրորդ մասին տարբերութիւնը աւելի եւս բարձրացաւ, երբ Լիբանան 23-14 արդիւնքով յառաջ անցաւ: 2-րդ կիսախաղին Սուրիա բարելաւեց իր խաղաոճը, բայց 5 կէտով եւս ետ մնաց. արդիւնք` 76-56: 4-րդ մասին մրցումը շատ հետաքրքրական եղաւ, երբ երկու խումբերն ալ յարձակումները սաստկացուցին, Լիբանան 25 կէտի հասցնելէ ետք առաւելութիւնը, Սուրիա գլխաւորութեամբ Լիբանանի Շանվիլի խումսբի ամերիկացի Ճեւիըն Պլէյքի եւ շուէտացի Անտէ Միքելսոնի (Իթթիհատ Հալէպի մարզիկ) արդիւնքը 7-ի նուազեցուց մրցումի աւարտէն 4 վայրկեան առաջ, բայց Ուաէլ Արաքժի, Ամիր Սէուտ եւ Նորվել Փել կարեւոր կէտեր նշանակելով Սուրիոյ յառաջխաղացքը կասեցուցին մինչեւ մրցումի աւարտը` 78-87:
Ուաէլ Արաքժի 19 կէտ նշանակեց 29 վայրկեանի ընթացքին` կատարելով 8 էսիսթ, մինչ Նորվել Փել նշանակեց 17 կէտ` ձեռք ձգելով 7 ռիպաունտ եւ կատարելով 5 պլոք:
Ամիր Սէուտ 12 կէտ եւ 3 սթիլ կատարեց: 11 կէտեր նշանակեցին Ժերար Հատիտեան եւ Մարք Խուէյրի:
Նշենք, որ Լիբանան երկուշաբթի օր զտումի իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Պահրէյնի ազգային խումբին դէմ, «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ, Լիբանան:


