Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Թոնի Քրուս համաձայնեցաւ Գերմանիոյ ազգային խումբին միանալ` մարզիչ Եուլիան Նակըլզմանի առաջարկին ընդառաջելով:
Ան սակայն չ՛ուզեր, իրեն իբրեւ «փրկիչ» նային, մանաւանդ որ Գերմանիոյ ազգային խումբը շատ լաւ ժամանակաշրջանին մէջ չէ:
34 տարեկան Քրուս գրեթէ 3 տարիէ ի վեր ազգային խումբին հետ չէ խաղցած: Անոր 106-րդ եւ վերջին ելոյթը Անգլիոյ դէմ էր Եուրօ 2020-ին (որ տեղի ունեցաւ 2021-ին):
«Պիտի խաղամ Գերմանիոյ հետ մարտէն սկսեալ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ մարզիչը առաջարկեց այդ մէկը. եւ ես կ՛ուզեմ ընդառաջել եւ վստահ եմ, որ շատ աւելի լաւ բաներ կրնանք ընել խումբին հետ Եւրոպայի այս ախոյեանութեան, քան շատ մը մարդոց երեւակայածը», ըսաւ Քրուս «Ինսթակրամ»-ի վրայ:
Քրուս աւելի մանրամասնեց` յայտնելով, որ Նակըլզման, որ անցեալ սեպտեմբերին նշանակուած էր մարզիչ, կանուխ կապուած էր իրեն հետ: «Իրապէս փափաք կար մասնակցելու մեր հայրենիքին մէջ տեղի ունենալիք այս կարեւոր մրցաշարքին, բայց քանի մը ամիս կ՛ուզէի հաստատ որոշում տալու: Շատ ուրախ եմ իմ որոշումէս եւ մեծ յոյսով կը պատրաստուիմ մրցաշարքին: Վստահաբար կ՛ուզեմ օգնել ազգային խումբին, բայց կը հաստատեմ, որ ես «փրկիչ» չեմ: Եթէ վերադառնամ, ես ինքզինքս կը նկատեմ պզտիկ օղակ մը, որ միւս օղակներուն միանալով արդիւնք կու տայ», ըսաւ Քրուս:
Գերմանիոյ ազգային խումբը անցեալ տարի 11 բարեկամական մրցումներէն միայն 3-ին կրցաւ յաղթել, եւ Նակըլզմանի հետ 1 յաղթանակ կրցած է արձանագրել ազգային խումբը 4 մրցումերուն ընթացքին` Հանզի Ֆլիքը փոխարինելէ ետք:


