Վաղը, ժամը 16:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Զամալեք Պէյրութի դէմ, Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան Ե. հանգրուանին գծով:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը տպաւորիչ ձեւով սկսած էին ախոյեանութեան եւ պարտութեան մատնած Պէյրութ Ֆ. Ք.-ն 4-0 արդիւնքով, ապա յաջորդական պարտութիւններ կրած էին Սապիլէն, Արզէն եւ Անդրանիկէն: Եթէ նայինք մեր մրցակիցներուն, Սապիլ եւ Արզ կը մրցին Լիբանանեան բանակին դէմ` բարձրանալու Գ. դասակարգ, բայց այժմու մեր մրցակից Զամալեք տակաւին կէտ չունի եւ միայն 1 կոլ նշանակած եւ 15 կոլ ստացած է: Մեր տղոցմէ կը սպասուի 90 վայրկեան պայքար` անպայման յաղթելու Զամալեքին: Համակիրներէն ալ կը սպասուի ուղղուիլ Անսարի դաշտ` քաջալերելու մեր տղաքը:
Ստորեւ` այս հանգրուանի մրցումները.
Նուժում Պէյրութ – Անդրանիկ
Սապիլ – Նօ Լիմիթց
Արզ – Լիբանանեան բանակ
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք Պէյրութ
Պէյրութ Ֆ. Ք. – Տինամօ Պէյրութ


