Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Լոս Անճելըս Կալաքսի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ինթեր Մայեմին եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց մրցումը:
75-րդ վայրկեանին սերպ յառաջապահ Տեյան Յովելիչ նշանակեց Կալաքսիի կոլը, մինչ 32-րդ վայրկեանին Եորտի Ալպայի փոխանցումէն օգտուելով Լիոնել Մեսսի նշանակեց Ինթեր Մայեմիի հաւասարութեան կոլը:
13-րդ վայրկեանին, սպանացի միջնապահ Ռիքի Փուճ առիթ ունէր փենալթիով նշանակելու Կալաքսիի առաջին կոլը, սակայն Մայեմիի բերդապահ Տրէյք Քալենտըր զսպեց Պարսելոնայի նախկին միջնապահին փենալթին: 88-րդ վայրկեանին Լոս Անճելըսի միջնապահ Մարքի Տելկատօ դաշտէն վտարուեցաւ ստանալէ ետք 2-րդ դեղին քարտը:
Այս արդիւնքէն ետք, Մայեմի գրաւեց արեւելեան շրջանի առաջին դիրքը, շնորհիւ իր առաջին յաղթանակին` հինգշաբթի օր Սոլթ Լէյքի դէմ (2-0):