Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ, որուն գերմանացի մարզիչ Եորկըն Քլոփ իր վերջին տարեշրջանը կը բոլորէ, երէկ շահեցաւ Անգլիոյ Լիկայի բաժակը (Ի. Էլ. Էֆ. Քափ կամ Քուրապաօ քափ)` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Չելսիի, յետ երկարաձգման:
Վիրաւորներով «հարուստ» Լիվըրփուլ, որմէ կը բացակայէին բերդապահ Ալիսոն, պաշտպան Ժոել Մաթիփ, Թրենթ-Ալեքսանտր Առնոլտ, միջնապահներ Սոպուլայ, Քըրթիս Ճոնզ, Պայչեթիչ, Թիակօ Ալքանթարա եւ յառաջապահներ Մոհամետ Սալահ, Տարուին Նունիես եւ Տիոկօ Ճոթա, մրցումի 28-րդ վայրկեանին վիրաւոր մը եւս ունեցաւ, երբ Ռայըն Կրաւենպերխ վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Ճօ Կոմեսով: Մարզիչ Քլոփ մրցումէն առաջ յայտնած էր, թէ իրեն համար կարեւորը 11 առողջ մարզիկ ունենալն է դաշտին վրայ: Խմբապետ Վերճիլ Վան Տայք նշանակեց մրցումին միակ կոլը 118-րդ վայրկեանին, Ցիմիքասի քոռնըրէն ետք գլխու գեղեցիկ հարուածով:
Պէտք է ըսել, որ Չելսին ալ իր կարգին ստոյգ առիթներ ունեցաւ, բայց Քոնըր Կալակըր չկրցաւ խաբել Լիվըրփուլի պահեստի բերդապահ Քելլեհըրը:
Նշենք, որ Լիվըրփուլ 2022-ին ալ շահած էր Լիկայի բաժակը` յաղթելով Չելսիին, եւ անիկա ամէնէն շատ Լիկայի բաժակ շահող խումբն է 10 տիտղոսով:
Քլոփի մեկնումէն ետք, (այս ամառ) Լիվըրփուլ տակաւին չէ գտած փոխարինող մը եւ այժմ երեք թեկնածուներ կան զինք փոխարինելու: Պայեր Լեւերքուզընի սպանացի մարզիչ Չապի Ալոնսօ, Սփորթինկ Լիզպոնի մարզիչ Ռուպեն Ամորիմ եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզիչ Եուլիան Նակըլզման, որ 2024-ի Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք հաւանաբար ազատ ըլլայ: