Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն

Փետրուար 24, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը, ժամը 15:00-ին, Նըժմէի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ Բ. հանգրուանի իր երրորդ մրցումը` Ռիատի Արամունի դէմ:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ առաջին հանգրուանին Ռիատի Արամունի հետ նոյն խմբակին մաս կը կազմէր, պիտի փորձէ անպայման խլել 3 կէտերը ամէն գնով, մանաւանդ որ մրցակից խումբը տակաւին միայն կէտ մը ունի այս հանգրուանի 2 մրցումներէն, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 6 կէտ ունի եւ կը պայքարի Տապըլ քիքի եւ Ռաուտա Տըքուանէի հետ մնալու առաջին դիրքի թեկնածու:

Համակիրներէն կը սպասուի դաշտ ուղղուիլ` քաջալերելու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մեր տղաքը, եւ յանձնախումբը տրամադրած է փոխադրամիջոց ալ, որ ժամը 14:15-ին համակիրներ պիտի փոխադրէ Նըժմէի դաշտ, ձրիաբար:

Վստահաբար ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեան շատ լաւ գիտէ մրցակից խումբը եւ այդ հիման վրայ ալ դաշտ պիտի ներկայացնէ տղաքը ճիշդ ցուցմունքներով: Մարզիկները իրենց կարգին մարզիչին ուղղութիւնները կատարելով կրնան գրաւել մրցակիցի բերդը: Անցեալ մրցումին տեսանք, թէ ինչպէ՛ս մեր խաղաոճը փոխուեցաւ Բ. կիսախաղին, ուր մրցակից խումբը, որ ծայրի արագ յառաջապահներ ունէր (ուինկ), մեր ծայրի պաշտպանները աւելի ետեւ անցնելով կրցան օգնել չէզոքացնելու անոնց ուժը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբթուան մրցումին, միջնապահ Հասան Զաայթեր վիրաւորուած էր եւ փոխարինուած Էլի Փիլաւճեանով, որ ամէն յատկութիւն ունի փոխարինելու մեր վիրաւոր մարզիկը վաղուան մրցումին ալ: Ինչպէս ըսինք, մեր տղոց կը մնայ կեդրոնացած մրցում մը ունենալ` մարզիչին ցուցմունքները կատարելով:

Ստորեւ` այս հանգրուանի մրցումները.

Ռաուտա Տըքուանէ – Հիլալ Նասր
Ռապիթաթ Ուարտանիէ – Տապըլ Քիք
Ուահտէ Շուֆ – Սաֆա Շուիթ
Սիպլին Սփորթինկ – Ահլի Սարպա
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն

Նախորդը

Պասքեթպոլ Ասիոյ Բաժակ. Սուրիա – Լիբանան` 78-87

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.   ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի
Մարզական

Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Էն. Պի. Էյ.»  Նիւ Եորք Վերջին Մասին Յաղթեց Քլիվլենտին
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Վերջին Մասին Յաղթեց Քլիվլենտին

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?