ՖԻՊԱ-ի 2027-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով Եւրոպայի գօտիին մէջ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբը 84-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ալպանիան Գ. խմբակի գծով իր երկրորդ մրցումին: «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի դաշտին վրայ, Հայաստան 24-23 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին, ապա 24-19 երկրորդ մասին: Կիսախաղին 48-42 արդիւնքով յառաջացած Հայաստանի հաւաքականը երրորդ մասին միայն 14 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Ալպանիա 17 կէտ նշանակեց, սակայն 4-րդ եւ վերջին մասին 22-20 արդիւնքով յառաջանալով Հայաստան խլեց վերջնական յաղթանակը 84-79 արդիւնքով: Ատրէ Սփայթ-Մկրտչեան 31 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 6 ռիպաունտ, մինչ Քրիս Ճոնզ աւելցուց 22 կէտ եւ 11 էսիսթ: Ալպերթ Թադեւոսեան 11 կէտ աւելցուց, իսկ Զաքարի Դաւիթեան` 10 կէտ եւ 8 ռիպաունտ:
Վիրաւոր ըլլալու պատճառով բացակայ էին ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Կապրիէլ Աճէմեան (որ Աւստրիոյ դէմ մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր), Կերի Չիւիչեան, Ալեքսի Չիժենոկ, Դաւիթ Խաչատրեան եւ Մականի Ուայթսայտ Քրքորեան:
Նշենք, որ ուրբաթ օր Հայաստանի հաւաքականը 106-91 արդիւնքով պարտուած էր Աւստրիոյ դէմ զտումի առաջին մրցումին: