Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մոտրիչ Կը Փայլի Նշանակելով Ռէալի Յաղթանակի Կոլը` Սեւիայի Դէմ

February 27, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լուքա Մոտրիչ նշանակեց մրցումի միակ կոլը իր խումբը` Ռէալ Մատրիտը առաջնորդելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակի Սեւիայի դէմ, «Լա լիկա»-ի մրցումներուն գծով: Խրուաթ միջնապահը մեծ քառակուսիի սահմանէն անզսպելի հարուածով գրաւեց Սեւիայի բերդը` 81-րդ վայրկեանին, Ռէալի 5 կէտերուն առաւելութիւնը պահելով ամէնէն մօտիկ մրցակիցին` Պարսելոնայի վրայ:

6-րդ դիրքը գրաւող Ռէալ Պեթիս այժմ 7 կէտով ետ կը մնայ 5-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիք Պիլպաոյէն` պարտութեան մատնելով «առիւծները» 3-1 արդիւնքով: Էզեկիէլ Ափլա, Եուրի Պերչիչ (սխալմամբ` իր բերդին մէջ) եւ Ճոնի Քարտոսօ նշանակեցին Պեթիսի 3 կոլերը:

Ինթեր Միլան, որ 2024-ին տակաւին պարտութիւն չէ կրած, 4-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Լեչէի վրայ, «Սերի Ա.»-ի մրցումներուն: Լաոթարօ Մարթինես (2 կոլ) Տաւիտէ Ֆրաթեզի եւ Շթեֆան տը Վրայ նշանակեցին Ինթերի 4 անպատասխան կոլերը` յաջորդական 10 յաղթանակներ արձանագրելով բոլոր մրցաշարքերուն: 9 կէտի տարբերութեամբ 2-րդ դիրքի վրայ գտնուող Եուվենթուս պէտք ունեցաւ Տանիելէ Ռուկանիի կոլին (կորսուած վայրկեաններուն)` պարտութեան մատնելու համար Ֆրոզինոնէն (3-2): Ուշ նշանակուած կոլ մը պատճառ դարձաւ, որ ախոյեան Նափոլի կէտեր կորսնցնէ Քալիարիի դէմ մրցումին: Վիքթոր Օսիմեն նշանակած էր ի նպաստ Նափոլիի, բայց Զիթօ կոլ նշանակեց ի նպաստ Քալիարիի: Թէոն Քուփմայնըրզի փենալթին Աթալանթայի հաշուոյն յոյս ներշնչեց, որ իր խումբը առաջին 4 դիրքերուն համար պայքարի: Նախապէս Ռաֆայէլ Լէաօ նշանակած էր Ա. Սէ. Միլանի եւ մրցումի առաջին կոլը:

Փարիզ Սեն Ժերմեն պէտք ունեցաւ Կոնզալօ Ռամոսի փենալթիին` հաւասարելու համար Ռենի հետ: Ամին Կուիրի նշանակած էր գեղեցիկ կոլ մը ի նպաստ Ռենի, որ Փարիզի մէջ կը պատրաստուէր անակնկալ յաղթանակի:

Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ 2 կոլ նշանակեց ի նպաստ Մարսէյի, որ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոնփելիէն, Օրանժ Վելոտրոմի մէջ: Նիսի ճերմակ հաւասարութենէն (Քլերմոնի հետ) օգտուեցաւ Մոնաքօ, որ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լանսը եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը` Նիսի փոխարէն:

Մաքսիմիլիան Պայըրի արագ տուպլէն (2 կոլ) օգնեց Հոֆենհայմի` բարձրանալու 7-րդ դիրք, պարտութեան մատնելէ ետք Պորուսիա Տորթմունտը: Հոֆենհայմ բացած էր կոլերու հաշիւը, սակայն Տորթմունտ 2 կոլ նշանակած էր 4 վայրկեանի միջոցին եւ կիսախաղին անիկա 2-1 արդիւնքով կը յաղթէր:

Պայերն Միւնիխ, որ 11 յաջորդական տարիներ շահած էր «Պունտըսլիկա»-ն, դժուարութեամբ կրցաւ յաղթել Լայփցիկի, շնորհիւ Հերի Քէյնի 2 կոլերուն: Քէյնի 91-րդ վայրկեանի կոլը «փրկեց» Պայերնը, որ «Պունտըսլիկա»-ի մէջ յաջորդական 2 մրցումներ պարտուած էր եւ ետ մնացած գագաթի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզընէն 8 կէտով: Տակաւին 11 մրցումներ կան, սակայն այս ընթացքով, երբ Պայեր Լեւերքուզըն շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, իսկ Պայերն Միւնիխ (վիրաւորներով հարուստ) շատ վատ ընթացքի մէջ, հասնիլը գրեթէ աներեւակայելի կը թուի:

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի վիճակը գրեթէ անփոփոխ է, եւ Լիվըրփուլ, որ կանուխ խաղցած էր իր 26-րդ հանգրուանի մրցումը, Լիկայի բաժակը շահած կիրակի օր, կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ, 1 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անցեալ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի վրայ: Սիթի 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակով վերադարձաւ Պորնմաութի դաշտէն, իսկ Արսենալ (3-րդ) իր յաջորդական 5-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նիւքեսըլի: Մանչեսթըր Եունայթըտ 4 յաջորդական մրցումներ յաղթելէ ետք անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ֆուլհեմէն 2-1 արդիւնքով եւ մնաց 6-րդ դիրքին վրայ:

Նախորդը

Նախկին ՀՄԸՄ-ականի Մը Յուշերէն Պատառիկներ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Պարտուեցաւ Ինտիանայէն

RelatedPosts

Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան`  Եւրոպայի Փոխախոյեաններ
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեաններ

October 19, 2026
Ըմբշամարտ.  Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.