Շաբաթավերջին Տոհայի մէջ (Քաթար) վերջ գտաւ թենիսի տղոց մրցաշարքը, երբ աւարտականին հայազգի Կարէն Խաչանով 7-6 (14-12) եւ 6-4 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Եաքուպ Մենշիքի: Մենշիք, որ 16 էյս իրագործեց, շատ դժուար մրցակից մը եղաւ Կարէնի համար, որ կրցաւ պայքարիլ մինչեւ վերջին վայրկեան` խլելու այս տարուան առաջին մրցաշարքի տիտղոսը:
Այս տիտղոսը Կարէնի ասպարէզի 6-րդն էր, եւ ան այժմ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը: Ան 2019-ին կը գրաւէր թենիսմեններու ընդհանուր դասաւորման 8-րդ դիրքը:
Մրցումէն ետք Կարէն Խաչանով ըսաւ. «Իւրաքանչիւր տիտղոս առանձնայատուկ է: Ամէն անգամ կ՛ուզես յաղթել: Տարին մօտ 22 մրցաշարք կը խաղանք եւ ամէն շաբաթ մրցում ունինք:
Միանշանակ, Տոհայի մէջ տարած յաղթանակս ամէնէն հաճելիներէն է: Մեծագոյն աջակիցներս` կինս եւ երկու զաւակներս հոս չեն հիմա: Անոնք տունէն կը դիտէին, կարծեմ հիմա՛ կը դիտեն զիս: Անոնք կ՛ուզէին գալ, բայց չկրցան: Այժմ մենք երկու զաւակներու տէր ենք: Որդիս ըսաւ, որ շատ կ՛ուզէր մրցանակը տուն տանէի: Այնպէս որ շատ ուրախ եմ, որ կատարեցի իր փափաքը: Ես ալ կ՛ուզեմ իրենց շնորհակալութիւն յայտնել»: