Երէկ տեղի ունեցան «Եուրոփա լիկ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի վիճակաձգութիւնները: Հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցած էին «Եուրոփա լիկ»-ի մրցումները, որոնցմէ ետք Ֆրայպուրկ դուրս ձգեց Լանսը, մինչ Սփարթա Փրակ դուրս ձգեց Թուրքիոյ Կալաթասարայը:
Ռոմա փենալթիներով միայն կրցաւ դուրս ձգել Ֆեյենուրտը, մինչ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ «Եուրոփա լիկ»-ի մրցանիշ հաստատեց` նշանակելով իր 31-րդ կոլը այս մրցաշարքին, ի նպաստ Մարսէյի, Շախթիոր Տոնեցքի դէմ (3-1) մրցումին: Ան բարելաւեց Ռատամել Ֆալքաոյի մրցանիշը (30 կոլ), որուն հաւասարած էր Մարսէյ – Շախթիոր (3-3) երթի մրցումին:
Հետաքրքրական էր Ֆրայպուրկ-Լանս մրցումը: Երթին, Ֆրանսայի մէջ, Ֆրայպուրկ ճերմակ հաւասարութիւն արձանագրած էր, սակայն Լանս Գերմանիոյ մէջ առաջին կիսախաղին 2 կոլ նշանակեց: Բ. կիսախաղին, Ֆրայպուրկ 2 կոլ նշանակեց` շնորհիւ Ռոլանտ Սալլայի (67-րդ եւ 92-րդ վայրկեանին): Երկարաձգումին, Միքայէլ Կրեկորիչ 3-րդ կոլը նշանակեց անակնկալի բերելով Լանսը` դուրս ձգելով «դեղինները»:
Վիճակաձգութիւններէն ետք, Անգլիոյ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ պիտի մրցի չեխ Սփարթա Փրակայի դէմ, մինչ Գերմանիոյ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզըն պիտի մրցի Ազրպէյճանի Ղարաբաղ խումբին դէմ:
Իտալիոյ Ռոման պիտի մրցի Անգլիոյ Պրայթընին դէմ, մինչ Վիարէալ, որ 2020-2021 տարեշրջանի «Եուրոփա լիկ»-ի ախոյեանն էր, պիտի մրցի Ֆրանսայի Մարսէյին դէմ: Ֆրայպուրկ իր դէմ պիտի ունենայ Անգլիոյ Ուեսթ Համ ակումբը, Իսկ Պենֆիքան կը մրցի Ռէյնճըրզի դէմ: Սփորթինկ Լիզպոն պիտի հիւրընկալէ Իտալիոյ Աթալանթան, մինչ այլ իտալական խումբ մը` Ա. Սէ. Միլան, կը հիւրընկալէ Սլաւիս Փրական: