Հայաստանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Մարիա Ալեքսանեան գրաւեց Մոսկուայի ախոյեանութեան առաջին դիրքը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ձիավարութեան Մոսկուայի ախոյեանութեան մրցումներուն, յաղթահարելով 120 սմ արգելքը, Ալեքսանեան դարձաւ առաջնութեան ախոյեան:
Մարիա Ալեքսանեանի մարզիչն է Արթիւր Պաղտասարեան: Շաբաթներ առաջ, 16 տարեկան Մարիա Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած համառուսաստանեան ամանորեան մրցաշարքին մասնակցած եւ երրորդ դիրքը գրաւած էր, իսկ 2023-ի տարեսկիզբին ան դարձած էր երկրորդ մրցանակակիր` յաղթահարելով 100 սմ արգելքը: