Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն 3-2

February 26, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, Նըժմէի դաշտին վրայ Լեռնալիբանանի Բ. հանգրուանի ախոյեանութեան 3-րդ շաբթուան մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-րդ կիսախաղին ինքզինք գտաւ եւ առաջին կիսախաղի պարտութիւնը յաղթանակի վերածեց մրցումի վերջին վայրկեաններուն:

Արդարեւ, Ա. կիսախաղին մրցակից խումբը` Ռիատի Արամուն գրեթէ ամբողջ 45 վայրկեան տիրապետեց եւ կրցաւ 2 կոլ նշանակել, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մեր տղաքը, որոնք 4 վիրաւորներ ունին, եւ անոնք ստիպուած կը խաղան այն վիճակին, կրցան կոլ մը նշանակել քորնըրէ մը ետք, շնորհիւ Էլի Փիլաւճեանի, 45-րդ վայրկեանին:

Բ. կիսախաղին, մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի ցուցմունքներէն ետք, մրցումին պատկերը փոխուեցաւ, եւ մեր տղաքը բոլորովին տարբեր ոգիով դաշտ ներկայացան, եւ կրցանք 2 կոլ նշանակել` պարտութեան մատնելով Ռիատի Արամունը 3-2 արդիւնքով: Երկու կոլերուն հեղինակն էր Եուսեֆ Համատէ, որ յաղթանակի կոլը նշանակեց 93-րդ վայրկեանին, որմէ 2 վայրկեան ետք իրաւարարը սուլեց մրցումին աւարտը:

Տապըլ Քիք, որ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` աւելի կոլեր նշանակելուն պատճառով, 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռապիթաթ Ուարտանիէն: Այս շաբաթավերջին պիտի ըլլայ «գագաթի մրցումը»` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Տապըլ Քիքի միջեւ: Յոյսով, որ մեր վիրաւոր տղաքը ապաքինած կ՛ըլլան եւ կեդրոնացած դաշտ կ՛իջնեն` մրցումի սկիզբէն կոլեր չստանալու համար:

Ռաուտա Տըքուանէ, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Տապըլ Քիքի նման իր նախկին մրցումները յաղթած էր, 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Հիլալ Նասրէն: Սաֆա Շուիթ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ուահտէ Շուֆին, մինչ Սիպլին Սփորթինկ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ահլի Սարպային:

Ստորեւ դասաւորումը` 3-րդ հանգրուանէն ետք.

1.- Տապըլ Քիք 9 կէտ (15-0)
2.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 9 (11-3)
3.- Սիպլին Սփորթինկ 6 (5-1)
4.- Հիլալ Նասր 6 (6-4)
5.- Ռաուտա – Տըքուանէ 6 (4-4)
6.- Ռապիթաթ Ուարտանիէ 4 (5-8)
7.- Սաֆա Շուիթ 3 (4-5)
8.- Ռիատի Արամուն 1 (6-8)
9.- Ուահտէ Շուֆ 0 (0-9)
10.- Ահլի Սարպա 0 (1-15)

 

Նախորդը

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւիթեան Անգամ Մը Եւս Ոսկի Մետալակիր

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք Պէյրութ 3-2

RelatedPosts

Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան`  Եւրոպայի Փոխախոյեաններ
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեաններ

October 19, 2026
Ըմբշամարտ.  Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.