Մարզական

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաջորդական Պարտութիւններ Կրեց

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաջորդական Պարտութիւններ Կրեց

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդները յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով պարտութիւն կրեցին, երբ շաբաթավերջին 2-0 արդիւնքով տեղի տուին Տապըլ Քիքի: Անոնք շաբաթ մը առաջ ալ 3-2 արդիւնքով պարտուած էին Շիյահէն` երթի վերջին մրցումին: Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ լաւ մարզիկներ ունի, բայց տղաքը քիչ մը անպատասխանատու եւ անհոգ կը խաղան, երբեմն ալ մրցակից խումբերը քիչ մը աւելի բախտաւոր ալ...

Կարէն Խուտավերտեան Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ Այնճար Շահեցաւ Մրցաշարքը

Կարէն Խուտավերտեան Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Այնճար Շահեցաւ Մրցաշարքը

Կիրակի օր, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Կարէն Խուտավերտեանի յիշատակին նուիրուած 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ Պաուշրիէի, ՀՄԸՄ Ժըտէյտէի, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի, ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի 2009-ի խումբին, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ժունիորներու (2008-ի) խումբերուն, անշուշտ ՀՄԸՄ Այնճարի կողքին: Մրցաշարքը շատ լաւ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ, ուր աւարտականին ՀՄԸՄ Այնճար 9-3 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ ժունիորին:  

Փարիզի Ողիմպիական.  Մարիանա Սահակեան Պայքարեցաւ, Բայց Դուրս Մնաց

Փարիզի Ողիմպիական. Մարիանա Սահակեան Պայքարեցաւ, Բայց Դուրս Մնաց

Կիրակի գիշեր Լիբանանի փինկ փոնկի ներկայացուցիչ Մարիանա Սահակեան 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիլի Ժանկի (Միացեալ Նահանգներ) դէմ մրցումին, Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ: Զոյգ տղոց մրցումներուն պատմութիւն կերտող թենիսմեն Պենճամին Հասան Հատի Հապիպի հետ մրցեցաւ Մեթիու Էպտեն - Ճոն Փիրզ (Աւստրալիա) զոյգին դէմ: Երկու լիբանանցիները 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով դուրս մնացին զոյգերու մրցումէն: Տղոց թենիսի մրցումներու Բ. հանգրուանի գեղեցիկ...

Ֆորմիւլա 1.  Ռասըլի Յաղթանակը Չեղեալ Նկատուեցաւ,  Համիլթընին Յանձնուեցաւ Առաջնութիւնը

Ֆորմիւլա 1. Ռասըլի Յաղթանակը Չեղեալ Նկատուեցաւ, Համիլթընին Յանձնուեցաւ Առաջնութիւնը

26 տարեկան Ճորճ Ռասըլի կիրակի օրուան յաղթանակը չեղեալ նկատուեցաւ մրցումէն ետք, երբ անոր կշիռքը իր Մերսետեսին հետ 796,5 քկ կշռեց, բան մը, որ ապօրինի կը նկատուի, երբ ըստ օրինի պէտք էր առնուազն 798 քկ կշռիլ, առաւել` պէտք էր ինքնաշարժը ամբողջովին պարպուէր վառելանիւթէն: Այս արդիւնքին հիման վրայ առաջին դիրքը գրաւեց Ռասըլի խմբակից Համիլթըն, որ այսպիսով իր ասպարէզի 105-րդ կրան փրին շահեցաւ:...

Անտըրլեխթ Հետաքրքրուած Է Էրիքսընով

Անտըրլեխթ Հետաքրքրուած Է Էրիքսընով

Մանչեսթըր Եունայթըտի դանիացի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն հաւանաբար միանայ Պելճիքայի պատմական խումբերէն Անտըրլեխթին: Պրիւքսելի ակումբը իր առաջին փոխանցումի նպատակ դրած է Էրիքսընը, որ հաւանաբար լքէ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Նախապէս Նետերլանտներու հռչակաւոր Այաքս Ամսթերտամը իր կարգին հետաքրքրութիւն յայտնած էր դանիացի միջնապահը ձեռք ձգելու առումով: Էրիքսըն, որ Դանիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուած է 5 անգամ, 32 տարեկան է, եւ Այաքսի հետ սկսելէ ետք մաս կազմած...

Ռէալ Մատրիտ Կ՛երկարաձգէ Քարվախալի Եւ Մենտիի Պայմանագրութիւնները

Ռէալ Մատրիտ Կ՛երկարաձգէ Քարվախալի Եւ Մենտիի Պայմանագրութիւնները

Ռէալ Մատրիտ որոշած է երկարաձգել իր երկու ծայրի յետսապահներու պայմանագրութիւնները, ըստ «Աս»-ի: Երկու մարզիկներուն պայմանագրութիւնները կ՛աւարտէին 2025-ին, եւ Ռէալ որոշած է զանոնք 1 տարիով երկարաձգել: Քարվախալ անցեալ եղանակին Ռէալի հետ 41 մրցում կատարած է` նշանակելով 6 կոլ եւ կատարելով 5 կոլի փոխանցումներ: Մենտին 2019-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալին: Միւս կողմէ, աւստրիացի կեդրոնի պաշտպան Տաւիտ Ալապա, որ ծունկի ետեւի...

Տը Խէա Կ՛ուզէ Շարունակել…

Տը Խէա Կ՛ուզէ Շարունակել…

Մանչեսթըր Եունայթըտի 33 տարեկան սպանացի նախկին բերդապահ Տաւիտ տը Խէա պատրաստ էր միանալու Իտալիոյ Ճենովա ակումբին: Հակառակ ասոր, բերդապահը եւ ակումբը տակաւին չեն համաձայնած կարգ մը նիւթական պայմաններուն գծով: Կ՛ըսուի, թէ Տը Խէա այլ առաջարկներ ալ ունի Սէուտական Արաբիոյ խումբերէ, ինչպէս նաեւ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի խումբերէ: Եունայթըտի հետ իր պայմանագրութիւնը 2023-ին աւարտելէ ետք Տը Խէա ազատ մարզիկ էր, սակայն չէ...

«Պէտք Չէ Եամալը Համեմատել Մեսսիի Հետ»  Կ՛ըսէ Սթոյիչքով

«Պէտք Չէ Եամալը Համեմատել Մեսսիի Հետ» Կ՛ըսէ Սթոյիչքով

Վերջերս պուլկարացի յառաջապահ Հրիսթօ Սթոյիչքովի հետ կարճ զրոյցի մը պահուն անոր հարցում մը ուղղուած է Լամին Եամալի մասին, թէ Մեսսիի նմա՞ն է, թէ՞ ոչ: «Եկէք զանոնք չբաղդատենք: Ես բնաւ չեմ սիրեր համեմատել: Ամէն մէկը իր ձեւով իւրայատուկ է, եւ յոյսով եմ, որ Լամին կը շարունակէ նոյն ոգիով, կ՛աշխատի նոյն ջանասիրութեամբ եւ որակով: Այս պատճառով ան կոլեր կը նշանակէ Պարսելոնայի եւ...

«Նպատակս Պատրաստ Մնալն Է Ու Սպասելը»  Կ՛ըսէ Փոկպա

«Նպատակս Պատրաստ Մնալն Է Ու Սպասելը» Կ՛ըսէ Փոկպա

Թորինօ քաղաքի Եուվենթուս ակումբի ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա իր պատիժին վերաբերեալ բողոք ներկայացուցած է եւ կը սպասէ պատասխանի: «Ես կը սպասեմ բողոքին դիմաց դրական պատասխանի մը: Մինչ այդ, իմ նպատակս է լաւ մարզավիճակի մէջ մնալն ու սպասելը: Ֆութպոլը իմ կեանքիս մէկ կարեւոր մասն է եւ պիտի մնայ այնքան ատեն որ զիս յիշող կայ: Ես ունիմ ընտանիք, հաւատք, ընկերներ, երկրպագուներ, որոնք...

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր.  Հասսան Եւ Սահակեան Յաղթանակով Սկսան

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Հասսան Եւ Սահակեան Յաղթանակով Սկսան

Շաբաթավերջին սկսան Փարիզի Ողիմպիականի 33-րդ խաղերը: Լիբանանը ներկայացնող թենիսմեն Պենճամին Հասսան 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միացեալ Նահանգներու Քրիս Եուպէնքսը եւ անցաւ յաջորդ հանգրուան: Հասսան 170-րդ դասուած թենիսմենն է եւ 58 վայրկեաններու ընթացքին կրցաւ պարտութեան մատնել 105-րդ դասուած ամերիկացի մրցակիցը: Քարլոս Ալքարաս (թիւ 3) 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց թիւ 275 դասուած Հատի Հապիպը (Լիբանան), որ աւելի ծանօթ...

Ֆորմիւլա 1.  Ռասըլ Շահեցաւ Պելճիքայի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Ռասըլ Շահեցաւ Պելճիքայի Կրան Փրին

Երէկ Սփա-Ֆրանքորշանի շրջավազքին վրայ տեղի ունեցաւ Պելճիքայի կրան փրին: Շատ հետաքրքրական այս մրցումին, Մերսետեսի վարորդ Ճորճ Ռասըլ 1 անգամ անիւ փոխելով կրցաւ մնալ առաջին դիրքին վրայ` չնչին առաւելութիւն մը ունենալով իր խմբակից եւ 7 անգամ աշխարհի ախոյեան Լուիս Համիլթընի վրայ: Առաջին եռեակը ամբողջացուց Մաքլարէնի Օսքար Փիասթրին որ իր կարգին 1 երկվայրկեանէն նուազ տարբերութեամբ ետ կը մնար Մերսետեսի զոյգէն: Հետաքրքրական էր...

Լուրեր` Փոխանցումներու Աշխարհէն

Լուրեր` Փոխանցումներու Աշխարհէն

Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմէն բաւական մօտ է ձեռք ձգելու Պենֆիքայի երիտասարդ միջնապահ Ժոաօ Նեվեշը (19 տարեկան), եւ գրեթէ համաձայն են 70 միլիոն եւրոյի, առաւել` մարզիկի մը փոխանակումի: Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Նեվեղի միանալու պայմանին մէջ է Ռենաթօ Սանչէսը: Միւս կողմէ Ռոմանօ յայտնեց, թէ Չելսի քանի մը օրէն կ՛ամբողջացնէ դանիացի բերդապահ Ֆիլիփ Եորկընսընի փոխանցումը` Սպանիոյ Վիյարէալէն: 22 տարեկան Եորկընսըն 24.5 միլիոն...

Ճատրակ.  Վլատիմիր Յակոբեան` Միացեալ Նահանգներու Վեթերաններու Ախոյեան

Ճատրակ. Վլատիմիր Յակոբեան` Միացեալ Նահանգներու Վեթերաններու Ախոյեան

Վլատիմիր Յակոբեան դարձաւ 2024-ի ճատրակի Միացեալ Նահանգներու վեթերաններու ախոյեան: 9 մրցումներէ ետք Վլատիմիր Յակոբեան 7 կէտ շահած է` առանց պարտութիւն կրելու: Ան գրաւեց առաջին դիրքը` 1 կէտով գերազանցելով Ճեսսի Քրայի, 2 կէտով` Ժոել Պենճըմինի եւ Լարի Քրիսթիանսընի: 6-րդ դիրքը գրաւեց Մելքիսեթ Խաչիեանը` 4 կէտով: Զուիցերիոյ Պիել քաղաքը հիւրընկալեց «Պիել ճատրակի փառատօն 2024»-ը, որուն ընթացքին Հայաստանի յառաջատար Հայկ Մարտիրոսեան դարձաւ արծաթէ...

2024-ի Ողիմպիական Մրցումներ.  Երէկ Գիշեր Տեղի Ունեցաւ Բացման Հանդիսութիւնը

2024-ի Ողիմպիական Մրցումներ. Երէկ Գիշեր Տեղի Ունեցաւ Բացման Հանդիսութիւնը

Երէկ գիշեր առաջին անգամ ըլլալով Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութիւնը տեղի չունեցաւ մարզական աւանի մը մէջ, այլ` Փարիզի բացօթեայ Սենի գետեզերքին վրայ, ուր աթլեթները պիտի հասնին Սենի վրայով, նաւակներով, անցնելով Փարիզի պատմական տեսարժան վայրերուն առջեւէն, ինչպէս` Նոթր Տամ տաճարը եւ Լուվր թանգարանը, հասնելով Էյֆել աշտարակին առջեւ գտնուող մայթը: Երգչուհիներ Սելին Տիոն եւ Լէյտի Կակա երգեր ներկայացուցին մօտ 200 հազար հանդիսատեսներու առջեւ,...

«Քոնֆետերէյշըն Լիկ».  Նոա Մրցանիշ Մը Իրագործեց

«Քոնֆետերէյշըն Լիկ». Նոա Մրցանիշ Մը Իրագործեց

Հինգշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆետերէյշըն լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Նոա 7-0 արդիւնքով ջախջախեց Մալթան ներկայացնող Սլիմա Ուոնտըրըրզ խումբը, Աբովեանի դաշտին վրայ: Ֆրանսացի Վիրժիլ Փինսոն, փորթուգալցի Կոնսալօ Կրեկորիօ (3) ալպանացի Էրալտօ Չինարի, պրազիլցի Կուսթաւօ Ալսինօ եւ փորթուգալցի Հելտեր Ֆերէյրա նշանակեցին Նոայի 7 անպատասխան կոլերը: Մարզիչ Ռուի Մոթա գոհ էր Նոայի տղոց ելոյթէն, մանաւանդ որ անոնք մրցանիշ մը հաստատեցին...

Քուպոն Կրնայ Փոխարինել Սալահը

Քուպոն Կրնայ Փոխարինել Սալահը

Լիվըրփուլի ճանփոցի միջնապահ Ուաթարու Էնտօ յայտնած է, որ իր ազգակից Թաքեֆուսա Քուպօ շատ լաւ ձեւով կրնայ փոխարինել եգիպտացի Մոհամետ Սալահը: «Ճափոնցի Մեսսին», ինչպէս կը կոչեն Քուպոն, 2022-էն ի վեր կը խաղայ Ռէալ Սոսիետատի հետ, ուր կատարած է 65 մրցումներ` նշանակելով 16 կոլ: «Ակումբը արդէն Սալահին փոխարինող կը փնտռէ, ուստի այս փոխանցումը կրնայ զօրացնել ակումբը: Կը կարծեմ, որ այն մարզիկը, որ...

Փեփէ Կը Մտածէ Լքել Ֆութպոլը

Փեփէ Կը Մտածէ Լքել Ֆութպոլը

Փորթուգալի ազգային խումբի 41 տարեկան պաշտպան Փեփէ կը մտածէ ասպարէզը լքելու մասին: Յուլիսին Փորթոյի իր պայմանագրութիւնը աւարտելէ ետք, Սէուտական Արաբիոյ մէջ շատ մը ակումբներ կապ պահեցին ձեռք ձգելու «կարծր» Փեփէն, սակայն այս վերջինը կը մտածէ աւարտել իր ասպարէզը: Ան Փորթոյի հետ 2019-էն ի վեր կատարած է 288 մրցում` 17 կոլ նշանակելով եւ 11 էսիսթ կատարելով: Փեփէ նախապէս կը խաղար Ռէալ...

Պորտօ Կորսնցուց Իր Արհեստավարժ Կարգավիճակը

Պորտօ Կորսնցուց Իր Արհեստավարժ Կարգավիճակը

Ֆրանսական Պորտօ ակումբը, որ քանի մը օր առաջ փոխադրուած էր Գ. դասակարգ, երէկ յայտարարեց, որ սնանկութեան հարց ներկայացուցած է քաղաքի առեւտրական դատարան` անհրաժեշտ վերակազմաւորումը սկսելու համար: Այսպիսով, ակումբը ինքնաբերաբար կը կորսնցնէ իր արհեստավարժ կարգավիճակը եւ իր մարզումի կեդրոնը: «Նկատի ունենալով Գ. դասակարգի ազդանշանի շատ կարճ եւ սեղմ ժամկէտը, ակումբը ստիպուած էր մերժել իր արհեստավարժ կարգավիճակը պահպանելու խնդրանքը, հակառակ անոր որ...

Էտկար Փիլոյեան Միացաւ Պոթեւին

Էտկար Փիլոյեան Միացաւ Պոթեւին

Վանի միջնապահ Էտկար Փիլոյեան պայմանագիր կնքած է պուլկարական Պոթեւ Փլովտես ակումբին հետ, ըստ ակումբի պաշտօնական կայքին: 20 տարեկան պաշտպանող միջնապահը Չարենցաւանը ներկայացնող ակումբին հետ կատարած էր 25 մրցում: «Մենք կ՛ողջունենք Էտկարի նման երիտասարդ եւ ապագայ խոստացող մարզիկի մը միացումը եւ շատ ուրախ ենք իրմով: Ան պէտք է շատ աշխատի եւ դաշտին վրայ ցոյց տայ իր որակները: Յաջողութի՛ւն Էտկար», յայտնեց Պոթեւ...

Ճատրակ.  Տիգրան Գէորգեան` Փոթիի Ճատրակի Միջազգային Ախոյեան

Ճատրակ. Տիգրան Գէորգեան` Փոթիի Ճատրակի Միջազգային Ախոյեան

Վրաստանի Փոթի քաղաքին մէջ վերջ գտաւ 17-րդ միջազգային ճատրակի մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ տարիքային բոլոր դասակարգերու գծով: Դ. խումբին մէջ մրցաշարքի յաղթական հռչակուեցաւ Տիգրան Գէորգեան, որ 9 կարելի կէտերէն շահեցաւ 7 կէտ, իսկ մինչեւ 8 տարեկան պատանիներու մրցումներուն ախոյեան դարձաւ Մանուէլ Վարդանեան, որ կարելի 9 կէտերէն 7,5 կէտ շահեցաւ: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը հրապարակեց անունները Փոթիի մրցաշարքին իր բոլոր մասնակիցներուն` իրենց...

Page 193 of 1281 1 … 192 193 194 … 1,281

Արխիւներ