Ռէալ Մատրիտ որոշած է երկարաձգել իր երկու ծայրի յետսապահներու պայմանագրութիւնները, ըստ «Աս»-ի:
Երկու մարզիկներուն պայմանագրութիւնները կ՛աւարտէին 2025-ին, եւ Ռէալ որոշած է զանոնք 1 տարիով երկարաձգել:
Քարվախալ անցեալ եղանակին Ռէալի հետ 41 մրցում կատարած է` նշանակելով 6 կոլ եւ կատարելով 5 կոլի փոխանցումներ:
Մենտին 2019-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալին: Միւս կողմէ, աւստրիացի կեդրոնի պաշտպան Տաւիտ Ալապա, որ ծունկի ետեւի կապի պատռուածք ունէր անցեալ եղանակէն, կը սպասէ մինչեւ լաւապէս ապաքինիլը, որ հաւանաբար ըլլայ մինչեւ հոկտեմբեր կամ նոյեմբեր: Հակառակ պարագային, եթէ Ալապա լաւապէս չապաքինի, մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի մտադիր է աւելի մօտէն ծանօթանալ Մատրիտի ակումբի ակադեմիայի պաշտպաններուն: