Լիվըրփուլի ճանփոցի միջնապահ Ուաթարու Էնտօ յայտնած է, որ իր ազգակից Թաքեֆուսա Քուպօ շատ լաւ ձեւով կրնայ փոխարինել եգիպտացի Մոհամետ Սալահը:
«Ճափոնցի Մեսսին», ինչպէս կը կոչեն Քուպոն, 2022-էն ի վեր կը խաղայ Ռէալ Սոսիետատի հետ, ուր կատարած է 65 մրցումներ` նշանակելով 16 կոլ:
«Ակումբը արդէն Սալահին փոխարինող կը փնտռէ, ուստի այս փոխանցումը կրնայ զօրացնել ակումբը: Կը կարծեմ, որ այն մարզիկը, որ կրնայ փոխարինել Սալահը, կրնայ Քուպոն ըլլալ», ըսաւ Էնտօ:
Ըստ ճափոնական լրատուամիջոցներու, անգլիական աղբիւրներէն լսուած է, թէ Լիվըրփուլ կը պատրաստուի 65 միլիոն եւրօ առաջարկել Սոսիետատին: Ասիկա ոչ միայն Քուպոն կը դարձնէ բոլոր ժամանակներու ամէնէն թանկարժէք ճափոնցի ֆութպոլիստը, այլ նաեւ ան կրնայ ըլլալ նաեւ ամէնէն բարձր վարձատրուող ճափոնցի ֆութպոլիստը:
Կը նշուի նաեւ, որ Լիվըրփուլ պատրաստ է տարեկան 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձ առաջարկելու:
Լիվըրփուլի այժմու միակ ֆութպոլիստը, որ աւելի կը ստանայ, նոյնինքն Սալահն է: Այս ձեւով, Քուպօ կրնայ դառնալ «Փրեմիեր լիկ»-ի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիկներէն: