Թորինօ քաղաքի Եուվենթուս ակումբի ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա իր պատիժին վերաբերեալ բողոք ներկայացուցած է եւ կը սպասէ պատասխանի:
«Ես կը սպասեմ բողոքին դիմաց դրական պատասխանի մը: Մինչ այդ, իմ նպատակս է լաւ մարզավիճակի մէջ մնալն ու սպասելը: Ֆութպոլը իմ կեանքիս մէկ կարեւոր մասն է եւ պիտի մնայ այնքան ատեն որ զիս յիշող կայ: Ես ունիմ ընտանիք, հաւատք, ընկերներ, երկրպագուներ, որոնք միշտ կ՛աջակցին ինծի: Այս բոլորը կ՛օգնեն ինծի, որ ես ինքս լաւ զգամ, եւ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ», ըսաւ Փոկպա «Քուրիերէ տելլօ Սփորթ» կայքին:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան օգոստոսին, ֆրանսացի միջնապահի մարմինին մէջ արեան քննութիւններէ ետք աշխուժացնող դեղի հետքեր գտնուած էին, եւ փետրուարին ան 4 տարիով կախակայուած էր: