Կիրակի օր, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Կարէն Խուտավերտեանի յիշատակին նուիրուած 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ Պաուշրիէի, ՀՄԸՄ Ժըտէյտէի, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի, ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի 2009-ի խումբին, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ժունիորներու (2008-ի) խումբերուն, անշուշտ ՀՄԸՄ Այնճարի կողքին:
Մրցաշարքը շատ լաւ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ, ուր աւարտականին ՀՄԸՄ Այնճար 9-3 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ ժունիորին: