Մանչեսթըր Եունայթըտի դանիացի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն հաւանաբար միանայ Պելճիքայի պատմական խումբերէն Անտըրլեխթին:
Պրիւքսելի ակումբը իր առաջին փոխանցումի նպատակ դրած է Էրիքսընը, որ հաւանաբար լքէ Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Նախապէս Նետերլանտներու հռչակաւոր Այաքս Ամսթերտամը իր կարգին հետաքրքրութիւն յայտնած էր դանիացի միջնապահը ձեռք ձգելու առումով:
Էրիքսըն, որ Դանիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուած է 5 անգամ, 32 տարեկան է, եւ Այաքսի հետ սկսելէ ետք մաս կազմած է Լոնտոնի Թոթենհամին, Իտալիոյ Ինթեր Միլանին, Պրենթֆորտին եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկ է 2022-էն ի վեր: Ան Դանիոյ ազգային խումբին հետ 134 մրցում կատարած է` նշանակելով 42 կոլ: