Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմէն բաւական մօտ է ձեռք ձգելու Պենֆիքայի երիտասարդ միջնապահ Ժոաօ Նեվեշը (19 տարեկան), եւ գրեթէ համաձայն են 70 միլիոն եւրոյի, առաւել` մարզիկի մը փոխանակումի:
Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Նեվեղի միանալու պայմանին մէջ է Ռենաթօ Սանչէսը:
Միւս կողմէ Ռոմանօ յայտնեց, թէ Չելսի քանի մը օրէն կ՛ամբողջացնէ դանիացի բերդապահ Ֆիլիփ Եորկընսընի փոխանցումը` Սպանիոյ Վիյարէալէն:
22 տարեկան Եորկընսըն 24.5 միլիոն եւրոյի դիմաց պիտի միանայ Չելսիի:
Պրազիլցի Էնտրիք, որ նախորդ եղանակի կիսուն համաձայնած էր Ռէալ Մատրիտի միանալու, շաբաթավերջին հասաւ Սպանիա, եւ ներկայացաւ Պեռնապէոյի համակիրներուն:
Անգլիոյ ֆութպոլի հսկաներէն` Մանչեսթըր Եունայթըտ տակաւին կապի մէջ է Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխի հետ, ձեռք ձգելու ոչ միայն Նետերլանտներու Մաթայս Տը Լիխթը, այլ մարոքցի Նուսէյր Մազրաուին ալ: Երկու յետսապահներն ալ շատ համամիտ չեն պահեստի Պայերնի հետ աթոռներուն վրայ ըլլալու եւ կ՛ուզեն մեկնիլ Մանչեսթըր:
Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմերէն Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Ռէալ Սոսիետատ համաձայնեցան Ռոպին Լը Նորմանտի փոխանցումին համար: Նորմանտ որ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ կեդրոնի յետսապահ էր, այժմ արձակուրդի մէջ կը գտնուի եւ վերադարձին կը միանայ Աթլեթիքոյի:
Ան պիտի փոխարինէ Շթեֆան Սաւիչը (33 տարեկան), որ 9 տարեշրջաններ բոլորեց Աթլեթիքոյի հետ:
Ըստ երեւոյթին, Եուվենթուսի իտալացի յառաջապահ Ֆետերիքօ Քիեզա պիտի միանայ Փրեմիեր լիկի խումբերէն` Թոթենհամի:
26 տարեկան Քիեզա, որմով հետքրքրուած են նաեւ Արսենալ եւ Լիվըրփուլ, 30 միլիոն եւրոյի դիմաց կրնայ միանալ լոնտոնեան Թոթենհամի:
Ֆրանսական Լանս խումբը ձեռք ձգեց Չելսիի յետսապահ Մալանկ Սարրը (25 տարեկան): Սարր, որ անցեալ տարի խաղցած էր Մոնաքոյի հետ (փոխ տրուած Չելսիէն), ուրախ է Ֆրանսա մնալուն:
Չելսիի քոյր ակումբ` Սթրազպուրկ Փղոսկրեայ Ափունքի պաշտպան Կուելա Տուէն (21 տարեկան) ձեռք ձգեց Ռէնն ակումբէն:
Լիվըրփուլ քաղաքի Էվըրթըն ակումբը ձեռք ձգեց Նափոլիի շուէտացի միջնապահ Եափըր Անտշթրէյօմը (24 տարեկան)` 1 տարիով (փոխ տրուած), սակայն գնելու պայմանով, եթէ յաջողութիւն գտնէ Փրեմիեր լիկի մէջ:
Տորթմունտի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի լաւագոյն պաշտպաններէն Մաթց Հումելզ (35 տարեկան), որ բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուէր Իտալիոյ Պոլոնիա խումբին հետ, չներկայացաւ քննութեան: Շշուկներ կան, որ ան լաւ կ՛ուզէ ուսումնասիրել Իտալիա մեկնելէ առաջ, մինչ ուրիշներ կը կարծեն, թէ Ռէալ Մատրիտ առաջարկը` իրեն միանալու, քիչ մը «խանգարած է» անոր որոշումը: Այլ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Հումելզ պարզապէս կ՛ուզէ աւելի երկար ամառնային արձակուրդ անցընել իր ընտանիքին հետ:
Ըստ Պիլտ գերմանական կայքին, Նետերլանտներու միջնապահ Չաւի Սիմոնզ (21 տարեկան) պիտի մնայ Լայփցիկի հետ յոջորդական երկրորդ տարեշրջանը ըլլալով իբրեւ փոխ տրուած մարզիկ` Փարիզ Սեն Ժերմենէն:
Պայէրն Միւնիխ շատ մօտէն հետաքրքրուած էր Սիմոնզով, բայց եթէ միջնապահներ Կոպեցքա, Քիմիչ, Կնապրի մնան խումբին մէջ, Պայէրնի համար կը դժուարանայ գումար ապահովելը, ինչպէս նաեւ դիրք ապահովելը` Սիմոնզի համար:
Լոնտոնի Արսենալ ակումբի մարզիչ Միքել Արթիթա վերջերս յայտնեց, թէ ունի երեք մարզիկներ, որոնց ապագան Արսենալի հետ չէ, եւ հաւանաբար ուրիշներու հասողութեան տակ դրուի այս ամառ: Էմիլ Սմիթ Ռոու (23 տարեկան), էտի Էնքեթիա (25 տարեկան) եւ Ռիս Նելսոն (24 տարեկան) կրնան ուրիշներու տրուիլ` ըստ Արթիթայի:
Պելճիքացի միջնապահ աստղ Քեւըն Տը Պրունիէ յայտնեց, թէ տարեշրջան մը եւս մաս պիտի կազմէ Մանչեսթըր Սիթիի, հակառակ անոր որ շաբաթներէ ի վեր սէուտական ակումբներէ մեծ գումարով առաջարկներ կը ստանար:
Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա յայտարարեց, թէ Պարսելոնայի նիւթական վիճակը զգալիօրէն բարելաւուած է, եւ իր ակումբը կրնայ մեծ գումարով մարզիկներ ձեռք ձգել, եթէ մարզիչ Հանզի Ֆլիք կարիք զգայ նոր մարզիկներու:
Միւս կողմէ ան խօսած է նաեւ խումբին նախկին մարզիչ Չաւիի մասին, որ Պարսելոնայի մէջ յարգուած անձնաւորութիւն մըն է. «Անոր հեռացումի որոշումը շատ դժուար էր: Մարդ մը, որ ոսկի տառերով գրած է Պարսելոնայի պատմութիւնը, շատ դժուար է հեռացնել: Սակայն ժամանակը կու գայ, երբ պէտք էր բան մը փոխուի, եւ ի վերջոյ Պարսելոնա ամէն ինչէ բարձր է»:
Նշենք, թէ Պարսելոնա կ՛ուզէր ձեռք ձգել Տանի Օլմոն Լայփցիկէն, սակայն Պարսելոնայի 60 միլիոն եւրոն չէ ընդունուած Լայփցիկի կողմէ:
Ժոաօ Ֆելիքս, Աթլեթիքոյէն փոխ տրուած էր Պարսելոնայի անցեալ տարեշրջանին, հաւանաբար միանայ Անգլիոյ Ասթոն Վիլային:
Աթլեթիքօ Մատրիտ որոշած է 60 միլիոն եւրոյի փոխարէն այլ խումբի տալ Ֆելիքսը: Եթէ Մուսա Տիապին միանայ Սէուտական Արաբիոյ Իթթիհատ խումբին, Ասթոն Վիլա կրնայ այդ գումարով ձեռք ձգել Ֆելիքսը` Աթլեթիքոյէն:
Փրեմիեր լիկի «Կարմիր սատանաները» կը փորձեն ձեռք ձգել պաշտպանող միջնապահ մը: Այժմ կեդրոնացումը Սփորթինկ Լիզպոնի դանիացի Մորթըն Հիուլմանտի վրայ է:
25 տարեկան Հիուլմանտ աւելի «յարմար» կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ Փարիզ Սեն Ժերմէնի պաշտպանող միջնապահ Մանուէլ Ուկարթէի համար, ֆրանսական ակումբը 70 միլիոն եւրօ պահանջած է:
Ուրուկուէյցի Ուկարթէ, իր կարգին անցեալ տարի Սփորթինկ Լիզպոնէն գալով միացած էր Փարիզ Սեն Ժերմէնի` 60 միլիոն եւրոյի փոխարէն: