Փորթուգալի ազգային խումբի 41 տարեկան պաշտպան Փեփէ կը մտածէ ասպարէզը լքելու մասին:
Յուլիսին Փորթոյի իր պայմանագրութիւնը աւարտելէ ետք, Սէուտական Արաբիոյ մէջ շատ մը ակումբներ կապ պահեցին ձեռք ձգելու «կարծր» Փեփէն, սակայն այս վերջինը կը մտածէ աւարտել իր ասպարէզը:
Ան Փորթոյի հետ 2019-էն ի վեր կատարած է 288 մրցում` 17 կոլ նշանակելով եւ 11 էսիսթ կատարելով:
Փեփէ նախապէս կը խաղար Ռէալ Մատրիտի հետ, ուր 3 անգամ «Լա լիկա»-ն շահած է, ինչպէս նաեւ 3 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ը: