Մարզական

Մարոք-Արժանթին Ողիմպիական Ֆութպոլի Անակնկալ Եւ Անախորժ Մրցումը

Մարոք-Արժանթին Ողիմպիական Ֆութպոլի Անակնկալ Եւ Անախորժ Մրցումը

Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցան 2024-ի ողիմպիական մրցումներու ֆութպոլի շարք մը մրցումներ` պաշտօնական բացման հանդիսութենէն առաջ (այսօր): Ա. խմբակին մէջ, Ֆրանսայի Ողիմպիական խումբը 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Միացեալ Նահանգները: Վեթերան յառաջապահ Ալեքսանտր Լաքազեթ (33 տարեկան) Միքայէլ Օլիսի (Պայերն Միւնիխ) փոխանցումէն ետք բացաւ մրցումին հաշիւը ի նպաստ Թիերի Հանրիի մարզած Ֆրանսայի ողիմպիական խումբին: Նոյնինքն Օլիս նշանակեց 2-րդ կոլը` Լաքազեթի փոխանցումէն օգտուելով:...

Ռանոս Կոլ Նշանակեց Մէօնշընկլատպախի Հետ

Ռանոս Կոլ Նշանակեց Մէօնշընկլատպախի Հետ

Երէկ Նետերլանտներու մէջ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Գերմանիոյ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ խումբը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆորթունա Սիթարտը` այս վերջինի դաշտին վրայ: Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս (Երանոսեան), որ Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած էր, 56-րդ վայրկեանին կոլի վերածեց փենալթի մը` նշանակելով Մէօնշընկլատպախի 2-րդ կոլը: Յիշեցնենք, որ 21 տարեկան Հրանդ-Լէոն Ռանոս 3 օր առաջ այլ բարեկամական մրցումի մը կոլ...

Ռէալ Մատրիտ Եւ Չելսի Կրնան Մարզիկներ Փոխանակել

Ռէալ Մատրիտ Եւ Չելսի Կրնան Մարզիկներ Փոխանակել

Լոնտոնի Չելսի ակումբի բերդապահ  Քեփա Արիսապալսկա կրնայ փոխարինուիլ Ռէալ Մատրիտի ուքրանացի բերդապահ Անտրէ Լունինի հետ: Ըստ «ԱՍ» օրաթերթին, Քեփան կը ցանկայ մնալ Ռէալի հետ (անցեալ եղանակին փոխ տրուած էր սպանական ակումբին) նոյնիսկ իբրեւ պահեստի բերդապահ` պելճիքացի Թիպօ Քուրթուայի կողքին: Լունին իր կարգին կը ցանկայ հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն, քանի կը նախատեսէ, որ ան պիտի նստի պահեստի աթոռին վրայ, Քուրթուայի ետին: Կը...

Լեւոն Ճուլֆալաքեան` Ըմբշամարտի Համաշխարհային «Հոլ Օֆ Ֆէյմ»-ի Մէջ

Լեւոն Ճուլֆալաքեան` Ըմբշամարտի Համաշխարհային «Հոլ Օֆ Ֆէյմ»-ի Մէջ

Հայաստանի հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ըմբշամարտի համաշխարհային ֆետերասիոնը «Հոլ օֆ Ֆէյմ»-ի իր պատուոյ ցանկին վրայ աւելցուց Լեւոն Ճուլֆալաքեանի անունը` ըմբշամարտի մէջ ունեցած իր բացառիկ նուաճումներուն եւ մեծ աւանդին շնորհիւ: Պարգեւատրման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 օգոստոսին, Փարիզի մէջ, «Ռեսըլինկ Հաուս»-ի մէջ:  

Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի.  «Մեսսին` 21-րդ Դարու Լաւագոյն Ֆութպոլիստը»

Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի. «Մեսսին` 21-րդ Դարու Լաւագոյն Ֆութպոլիստը»

Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ այժմ Ինթեր Մայեմիի մարզիկ է, 21-րդ դարու լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.» մարզական հրատարակութեան: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ այժմ Նասր ակումբի մարզիկ է: 3-րդ դիրքը գրաւած է Արսենալի եւ Պարսելոնայի նախկին մարզիկ Թիերի Հանրի: Մեսսի 520 մրցում կատարած է Պարսելոնայի հետ 17 տարուան ընթացքին` նշանակելով...

Եուվենթուս Հետաքրքրուած Է Քարիմ Ատեյեմիով

Եուվենթուս Հետաքրքրուած Է Քարիմ Ատեյեմիով

Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի Եուվենթուս ակումբը մտադիր է ձեռք բերել Գերմանիոյ Տորթմունտ ակումբի եւ ազգային խումբի յառաջապահ Քարիմ Ատեյեմին: Ըստ «Լա Կացեթա Տելլօ Սփորթ»-ի, Քրիսթիանօ Ճիունթոլի, որ մարզական տնօրէնն է Եուվենթուսի, հանդիպում մը ունեցած է մարզիկին շրջանակներուն հետ` յայտնելով Եուվենթուսի հետաքրքրութեան մասին: Այդ շրջանակները յայտնած են, թէ Ատեյեմի դէմ չէ իտալական ակումբ տեղափոխուելուն: Անոր փոխանցման սակագինը կրնայ 40-45 միլիոն եւրօ ըլլալ:...

«Փրեմիեր Լիկ»-ի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Ֆութպոլիստները

«Փրեմիեր Լիկ»-ի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Ֆութպոլիստները

2024-2025 տարեշրջանի ազդանշանէն քիչ առաջ, «Փրեմիեր լիկ»-ի «Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգ) ֆութպոլիստներու աշխատավարձերու մասին տեղեկութիւն մը յայտարարած էր «Քափոլոճի» տնտեսական կայքը: Ըստ կայքին, Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Քեւըն տը Պրունիէ (Պելճիքա) 20,8 միլիոն փաունտ կը ստանայ 12 ամսուան ընթացքին: Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ իր խմբակից Էրլինկ Հաալանտ, որ 19,5 միլիոն փաունտ կը ստանայ: Երրորդ դիրքը կը գրաւեն Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահը...

Չելսիէն 12 Մարզիկներ  Կրնան Հեռանալ

Չելսիէն 12 Մարզիկներ Կրնան Հեռանալ

Լոնտոնի Չելսի ակումբէն 12 ֆութպոլիստներ կրնան հեռանալ, որովհետեւ անոնք նոր մարզիչ Էնցօ Մարեսքսիի ծրագիրին մէջ չկան: Բերդապահներ Քեփա Արիսապալակա, Ճորճէ Փետրովիչ եւ Կապրիել Սլոնինա, յետսապահներ Պենճամին Զիլուել, Թրեւօ Չալոփա, Մալանկ Սարր, միջնապահներ Չեզարէ Քազատէյ եւ Անտրէյ Սանթոս, ինչպէս նաեւ յառաջապահներ Ռահիմ Սթերլինկ, Տադրօ Ֆոֆանա, Ռոմելու Լուքաքու եւ Արմանտօ Պրոյա, արդէն իսկ նոր ակումբներու հետ կապի մէջ մտած են: Սարտ հաւանաբար...

Մանչեսթըր Եունայթըտ 200 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Վինիսիուսին

Մանչեսթըր Եունայթըտ 200 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Վինիսիուսին

Մանչեսթըր Եունայթըտ հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտի ձախ ծայրի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիորի ծառայութիւններով, հաղորդեց «Տեֆենսա Սանթրալ» կայքը: «Կարմիր սատանաներ»-ը 23 տարեկան պրազիլցի ֆութպոլիստին կ՛առաջարկեն 5 տարուան պայմանագրութիւն մը` ընդհանուր 200 միլիոն եւրօ աշխատավարձով, իսկ փոխանցումի համար պատրաստ են Ռէալին վճարելու 230 միլիոն եւրօ: Կը նշուի, որ Վինիսիուս պատրաստ չէ հեռանալու Ռէալէն: «Վինի» 2018-ին միացած էր Ռէալ Մատրիտի` փոխանցուելով Ֆլամենկոյէն, եւ պայմանագրութիւն...

Պասքեթպոլ.  Միացեալ Նահանգներ Դժուարութեամբ Յաղթեցին  Գերմանիոյ` Վերջին Փորձ Մրցումին

Պասքեթպոլ. Միացեալ Նահանգներ Դժուարութեամբ Յաղթեցին Գերմանիոյ` Վերջին Փորձ Մրցումին

Երկուշաբթի գիշեր, Լոնտոնի մէջ, Լըպրոն Ճէյմս նշանակեց Միացեալ Նահանգներու վերջին 11 կէտերը, որոնց շնորհիւ անոնք կրցան յաղթական դուրս գալ Գերմանիոյ դէմ` 92-88 արդիւնքով: Ողիմպիական մրցումներու պատրաստութիւններուն գծով իր վերջին մրցումին, Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական տղոց խումբին դրօշը կրող Լը Պրոն Ճէյմս 20 կէտ նշանակեց: «Լաւ փորձ մըն էր մեզի համար, եւ ուրախ եմ, որ անգամ մը եւս պահեցինք մեր յառաջխաղացքը, ինչպէս...

Մեսսի Եւ Սուարես Պիտի Բացակային «Էմ. Էլ. Էս.»-ի «Օլ Սթար» Մրցումէն

Մեսսի Եւ Սուարես Պիտի Բացակային «Էմ. Էլ. Էս.»-ի «Օլ Սթար» Մրցումէն

Ինթեր Մայեմիի երկու աստղեր Լիոնել Մեսսի եւ Լուիս Սուարես պիտի բացակային «Էմ. Էլ. Էս.»-ի (Միացեալ Նահանգներու) ախոյեանութիւն «Օլ Սթար» մրցումէն` վիրաւոր ըլլալու պատճառով: Մեսսի Արժանթինի հետ Քոփա Ամերիքայի մրցումներուն ժամանակ կրունկը վիրաւորած էր, մինչ Սուարես ծունկի ցաւէ կը տառապի` իր կարգին Ուրուկուէյի հետ Քոփա Ամերիքայի մրցումներուն ժամանակ վիրաւորուելուն պատճառով: Նշենք, որ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի եւ Մեքսիքայի ախոյեանութեան բոլոր աստղերու մրցումը...

Կուարտիոլան Կը Կարծէ, Թէ Ռոտրի  Արժանի Է «Ոսկի Գնդակ»-ին

Կուարտիոլան Կը Կարծէ, Թէ Ռոտրի Արժանի Է «Ոսկի Գնդակ»-ին

Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Փիփ Կուարտիոլա բացատրեց, թէ ի՛նչ կը զգայ, եթէ իր ակումբի միջնապահ Ռոտրին շահի «Ոսկի գնդակ»-ը: «Շատ ուրախ կ՛ըլլամ, եթէ Ռոտրին ստանայ «ոսկի գնդակ»-ը: Անոր հետեւողականութիւնը եւ կարգապահութիւնը անսահման են: Նման մրցանակի համար մրցակցիլը, առաջադրուիլը եւ շահիլը պարզապէս սքանչելի ձեռքբերում կ՛ըլլայ», ըսաւ Կուարտիոլա: Աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ ըստ տոկոսային համեմատութեան, Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ պրազիլցի Վինիսիուս Ճունիոր թիւ...

Ինթեր Միլան Հետաքրքրուած Է  Եուվէի Յառաջապահով

Ինթեր Միլան Հետաքրքրուած Է Եուվէի Յառաջապահով

Իտալացի ծայրի յարձակող Ֆետերիքօ Քիելա իր վերջին տարեշրջանը պիտի բոլորէ Եուվենթուս ակումբին հետ: Եուվենթուս գոհ չէ Քիեզայէն եւ ամէն գնով կ՛ուզէ «ծախել» զայն` օգտուելու համար անոր փոխարէն եկած դրամէն, սակայն ոչ մէկ ակումբ առայժմ կ՛ուզէ դրամով գնել Քիեզան: Նախապէս Պայերն Միւնիխ հետաքրքրուած էր Քիեզայով, բայց հիմա, որ այլ մարզիկներ ձեռք ձգած է, այլեւս նպատակ չունի Քիեզան միացնելու մասին մտածելու: Ինթեր...

Պորտօ 3-րդ Դասակարգ Փոխանցուեցաւ Նիւթական Խնդիրներու Պատճառով

Պորտօ 3-րդ Դասակարգ Փոխանցուեցաւ Նիւթական Խնդիրներու Պատճառով

Երէկ յայտարարուեցաւ, թէ Ֆրանսայի պատմութեան լաւագոյն ակումբներէն Ժիրոնտեն Պորտօ պիտի փոխանցուի Գ. դասակարգ, ակումբին նիւթական ծանր խնդիրներուն պատճառով: Պորտօ, որ 6 անգամ շահած է Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը, վերջին անգամ` 2008-2009 տարեշրջանին, 1980-ականներու կէսերուն լաւագոյն ակումբներէն էր: Ալեն Ժերես, Ժան Թիկանա, Զինետին Զիտան, Քրիսթոֆ Տիւկարի, Պեռնար Լաքմպի նման մարզիկեր Պորտօ ակումբին հետ լաւ օրեր ունեցած են 1980-ականներուն եւ 1990-ականներուն: Ակումբի սեփականատէրերը այժմ...

Պարսելոնան Այժմ Նիւթական Աւելի Վատ Վիճակի Մէջ Է, Քան Լափորթայի Ժամանման Պահուն

Պարսելոնան Այժմ Նիւթական Աւելի Վատ Վիճակի Մէջ Է, Քան Լափորթայի Ժամանման Պահուն

Քաթալոնիոյ գործակատար Եորտի Թերմիս Պարսելոնա ակումբի նախագահի իր թեկնածութիւնը առաջադրած է: Ճիշդ է, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2026-ին, սակայն Թերմես երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պարսելոնան աւելցուցած է իր պարտքերը եւ կրճատած է իր եկամուտները: Նիւթատնտեսական վիճակը այժմ շատ աւելի վատ է, քան այժմու նախագահ Լափորթայի ժամանած պահուն: Քաթալոնիոյ մէջ հսկայ շինարարական ընկերութիւններ կային, որոնք կրնային վերակառուցել...

Պէյրութ Մարաթոն Յանձնախումբ.  Ռան Տը Սիթի Մրցումին Մրցանակաբաշխութիւնը

Պէյրութ Մարաթոն Յանձնախումբ. Ռան Տը Սիթի Մրցումին Մրցանակաբաշխութիւնը

Պէյրութ Մարաթոն յանձնախումբը մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը կատարեց Պէյրութի Պէ. Տէ. Տէ. շրջանին մէջ` ներկայութեամբ մասնակցողներու մեծամասնութեան, ինչպէս նաեւ գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Մայ Խալիլի եւ մասնակցութեամբ աթլեթիզմի եւ վազքի ակումբներու ներկայացուցիչներուն: Խօսքեր առնելէ ետք սկսաւ մետալները բաշխելու հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին մետալներ ստացան 12-էն 13 տարեկանէն մինչեւ 70-էն 74 տարեկան մասնակիցները, ինչպէս նաեւ տեսողութեան եւ լսողութեան հարցեր ունեցող մասնակիցները: 70-էն 74 տարեկան հայ...

2024 Փարիզի Ողիմպիական.  Լիբանանի Մասնակցողներու Խմբակը Կը Մեկնի Ֆրանսա

2024 Փարիզի Ողիմպիական. Լիբանանի Մասնակցողներու Խմբակը Կը Մեկնի Ֆրանսա

Երէկ Լիբանանի ողիմպիական միութիւնը յայտարարեց Լիբանանը ներկայացնող խմբակը, որ պիտի մասնակցի 2024-ի Փարիզի ողիմպիական մրցումներուն: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 27 անդամներէ, որոնց շարքին 10 մարզիկներուն կողքին պիտի ըլլան իրենց մարզիչները եւ պատասխանատուները: 26 յուլիսին բացման հանդիսութեան ներկայ պիտի ըլլան Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի ատենապետ տոքթ. Փիեռ Ժալխ եւ քարտուղար Ժաուտաթ Շաքեր, ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան 27 անդամները ինչպէս նշեցինք. 10 մարզիկներն են` փինկ...

Ճատրակ.  Էրիք Գասպարեան Ախոյեան

Ճատրակ. Էրիք Գասպարեան Ախոյեան

ՖԻՏԷ-ի վարպետ Էրիք Գասպարեան դարձաւ Փոթիի միջազգային մրցաշարքի 17-րդ ախոյեան: Արագ ճատրակի այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Վրաստանի մէջ, ուր Էրիք Գասպարեան 9 կարելի կէտերէն շահեցաւ 8 կէտ: Մեծ վարպետ Լեւոն Պապուճեան 7,5 կէտ շահելով գրաւեց 3-րդ դիրքը: Մինչեւ 2000 կէտ ունեցողներու պայքարին 7 կէտեր շահող Սարգիս Նիազեան գրաւեց պարագլուխի դիրքը: Մինչեւ 16 տարեկաններու մրցումներուն, 7 կէտեր շահած Վլատիմիր Շահինեան գրաւեց...

Հայ Մարզիկը Սպանական Ակումբ Փոխանցուեցաւ

Հայ Մարզիկը Սպանական Ակումբ Փոխանցուեցաւ

Ֆ. Ք. Քէօլն երիտասարդներու խումբի 19 տարեկան պաշտպանող միջնապահ Պեն Քրուկըր Խաչատրեան, լքելէ ետք գերմանական իր ակումբը, միացաւ սպանական Ալխեսիրաս խումբին: Ալխեսիրաս խումբը 2 տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ Սպանիոյ Գ. դասակարգին եւ իր մրցումները կը կատարէ 7.200 հանդիսատես ընդունող իր դաշտին` Նուեւօ Միրատոր դաշտին վրայ: Քէօլնի հետ Պեն շահած էր «Էֆ. Վէ. Էմ.» երիտասարդներու բաժակը, աւարտականին յաղթելէ ետք...

Անդրանիկ Յակոբեան Միացաւ Տեփորթիւօ Ալավեսին

Անդրանիկ Յակոբեան Միացաւ Տեփորթիւօ Ալավեսին

Հայաստանի երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) ազգային խումբի մարզիկներէն Անդրանիկ Յակոբեան Վալենսիայի երիտասարդներու ակումբէն փոխադրուեցաւ այլ սպանական ակումբ` Տեփորթիւօ Ալավես: Ան յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի Ալավես Գ. պահեստի խումբէն, որ կը մասնակցի Սպանիոյ Ե. դասակարգի ախոյեանութեան: 18 տարեկան Անդրանիկ Յակոբեան Վալենսիա փոխանցուած էր ձմրան փոխանցումներուն ժամանակ եւ 11 մրցումի մասնակցած: Ան նախապէս կը խաղար Էլչէի երիտասարդներու խումբին հետ: Յիշեցնենք, որ Անդրանիկ...

Page 194 of 1281 1 … 193 194 195 … 1,281

Արխիւներ