Վանի միջնապահ Էտկար Փիլոյեան պայմանագիր կնքած է պուլկարական Պոթեւ Փլովտես ակումբին հետ, ըստ ակումբի պաշտօնական կայքին:
20 տարեկան պաշտպանող միջնապահը Չարենցաւանը ներկայացնող ակումբին հետ կատարած էր 25 մրցում:
«Մենք կ՛ողջունենք Էտկարի նման երիտասարդ եւ ապագայ խոստացող մարզիկի մը միացումը եւ շատ ուրախ ենք իրմով: Ան պէտք է շատ աշխատի եւ դաշտին վրայ ցոյց տայ իր որակները: Յաջողութի՛ւն Էտկար», յայտնեց Պոթեւ ակումբի մարզական տնօրէն Արթիւր Փլաթեք:
Նշենք, որ այժմ Պոթեւ կը մասնակցի «Եուրոփա լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն` առաջին հանգրուանին դուրս ձգելէ ետք Մարիպորը:
Փիլոյեան 20 տարեկան է, եւ անցեալ մարտին հրաւիրուած էր Հայաստանի ազգային խումբ: Ան նախապէս մաս կազմած է Վիսթայի եւ Կրասնոտարի Բ. կազմին: Ան վերջին 6 ամիսները անցուցած էր Վանի հետ: