26 տարեկան Ճորճ Ռասըլի կիրակի օրուան յաղթանակը չեղեալ նկատուեցաւ մրցումէն ետք, երբ անոր կշիռքը իր Մերսետեսին հետ 796,5 քկ կշռեց, բան մը, որ ապօրինի կը նկատուի, երբ ըստ օրինի պէտք էր առնուազն 798 քկ կշռիլ, առաւել` պէտք էր ինքնաշարժը ամբողջովին պարպուէր վառելանիւթէն:
Այս արդիւնքին հիման վրայ առաջին դիրքը գրաւեց Ռասըլի խմբակից Համիլթըն, որ այսպիսով իր ասպարէզի 105-րդ կրան փրին շահեցաւ: Բ. դիրքը գրաւեց աւստրալիացի Օսքար Փիասթրի (Մաքլարեն), մինչ Ֆեռարիի վարորդ Շարլ Լըքլեր գրաւեց 3-րդ դիրքը: