Հինգշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆետերէյշըն լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Նոա 7-0 արդիւնքով ջախջախեց Մալթան ներկայացնող Սլիմա Ուոնտըրըրզ խումբը, Աբովեանի դաշտին վրայ:
Ֆրանսացի Վիրժիլ Փինսոն, փորթուգալցի Կոնսալօ Կրեկորիօ (3) ալպանացի Էրալտօ Չինարի, պրազիլցի Կուսթաւօ Ալսինօ եւ փորթուգալցի Հելտեր Ֆերէյրա նշանակեցին Նոայի 7 անպատասխան կոլերը: Մարզիչ Ռուի Մոթա գոհ էր Նոայի տղոց ելոյթէն, մանաւանդ որ անոնք մրցանիշ մը հաստատեցին հայկական ակումբի մը ամէնէն աւելի կոլեր նշանակելուն իմաստով` եւրոպական մրցաշարքի մը ընթացքին:
Նախապէս միայն Սլաւիա Փրակա, Ալքմաար (Նետերլանտներ) եւ Վալմերիա (Լաթվիա) «Քոնֆետերէյշըն լիկ»-ի մէջ նշանակած էին 7 կոլ, որ մրցանիշ է:
Քիշինեւի մէջ (Մոլտովա), Արարատ – Արմենիա 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ժիմպրու Քիշինեւը:
Արթուր Սերոբեան եւ ղանացի Էրիք Օքանսի (2) նշանակեցին Վարդան Մինասեանի մարզած Արարատ – Արմենիայի կոլերը:
«Մրցումին արդիւնքը ձեզ չշփոթէ, որովհետեւ շատ դժուար մրցում մըն էր: Այդպէս ալ կը սպասէի: Բայց կրնամ ըսել, որ մենք մեր խաղը կրցանք խաղալ եւ կրցանք ընել այն, ինչ որ որոշած էինք խաղէն առաջ: Մենք տակաւին մեր լաւագոյն մարզավիճակին մէջ չենք, որովհետեւ տարեշրջանի սկիզբն է տակաւին: Բայց մենք մեր առաւելագոյնը կատարեցինք: Կը կարծեմ, որ դարձի մրցումն ալ դժուար պիտի ըլլայ, եւ պէտք չէ թոյլ խաղանք», ըսաւ Մինասեան մրցումէն ետք:
Չեխիոյ մէջ, Ուրարտու 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց տեղւոյն Պանիք Օսթրաւա խումբէն:
Կիսախաղին 3-0 արդիւնքով պարտուած Ուրարտու Բ. կիսախաղին քիչ մը աւելի խաղցաւ, բայց կոլ մը եւս ստացաւ 61-րդ վայրկեանին:
Պաշտպան Ժիրայր Մարգարեան 78-րդ վայրկեանին ստացաւ կարմիր քարտ մըն ալ, որմէ ետք Ուրարտու ստացաւ 5-րդ կոլ մը` փենալթիով:
94-րդ վայրկեանին, Գէորգ Թարախչեան նշանակեց Ուրարտուի միակ կոլը:
Նշենք, որ Գէորգ 64-րդ վայրկեանին փոխարինած էր Էտկար Մովսիսեանը: Ուրարտուի ռուս մարզիչ Տիմիթրի Կունքօ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ մրցակից խումբը յաղթանակին համար: Մեր երիտասարդ խումբը փորձառութիւն ունեցաւ այս մրցումէն ետք: 13 հազար համակիրներով լեցուն դաշտը շատ օգնեց մրցակիցին: Մրցումին որոշիչ կէտը արագ ընթացքն էր: Մենք պատրաստ չէինք այս արագութեան, որ ցուցաբերեց մեր մրցակիցը: Ճիշդ եզրակացութիւններէ ետք մեր խումբը աւելի զօրաւոր կը դառնայ:
Մենք սորված չէինք այսքան արագ ոճի դէմ խաղալը, այդ կէտը մրցակիցի առաւելութիւնն էր: Դարձի մրցումին շատ աւելի լաւ պէտք է պատրաստուինք եւ լաւ մրցում ցուցաբերենք»:
Խրուաթիոյ մէջ Օսքիեք 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Լեւատիան (Էսթոնիա): Հայաստանի ազգային խումբի յետսապահ Ստեփան Մկրտչեան մասնակցեցաւ Օփեքի հիմնական կազմի կեդրոնի պաշտպանի դիրքին վրայ: