Երէկ գիշեր առաջին անգամ ըլլալով Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութիւնը տեղի չունեցաւ մարզական աւանի մը մէջ, այլ` Փարիզի բացօթեայ Սենի գետեզերքին վրայ, ուր աթլեթները պիտի հասնին Սենի վրայով, նաւակներով, անցնելով Փարիզի պատմական տեսարժան վայրերուն առջեւէն, ինչպէս` Նոթր Տամ տաճարը եւ Լուվր թանգարանը, հասնելով Էյֆել աշտարակին առջեւ գտնուող մայթը:
Երգչուհիներ Սելին Տիոն եւ Լէյտի Կակա երգեր ներկայացուցին մօտ 200 հազար հանդիսատեսներու առջեւ, որոնց մէկ մասը` մօտ 104 հազարը նստած էին Սեն գետի եզերքը շարուած աթոռներու վրայ, իսկ մնացեալը` 6 քմ երկարող գետին զուգահեռ ճամբուն վրայ:
Նշենք, որ երէկ Ֆրանսայի մէջ վատ արարք մը կատարուած էր, երբ խափանարարական գործողութեան պատճառով շոգեկառքի կեդրոնի մէջ 3 հրդեհներ արձանագրուած են մինչ օդակայաններու մէջ այլ գործողութիւն մը խանգարում կատարած է օդանաւերու ժամերու կապակցութեամբ, եւ հազարաւոր մարդիկ օդակայաններու մէջ ժամերով սպասած են իրենց կարգը:
Մինչ այդ, մարզական մրցումներու գետնի վրայ, երէկ տեղի ունեցաւ թենիսի մրցումներու վիճակաձգութիւնը, որուն հիման վրայ Լիբանանը ներկայացնող Հատի Հապիպ այսօր կէսօրէ ետք շատ դժուար մրցում մը պիտի ունենայ վերջերս Ռոլան Կարոս եւ Ուիմպըլտըն մրցաշարքերը շահած սպանացի Քարլոս Ալքարասի դէմ, որ աշխարհի թիւ 3 դասուած մարզիկն է:
25 տարեկան Հապիպ, որ Միացեալ Նահանգներ ծնած է, 25 տարեկան է եւ 10 անհատական մրցաշարքեր շահած է «Այ. Թի. Էֆ.» թենիսի ֆետերասիոնի մրցաշարքերու գծով:
Թենիսի Ողիմպիականի առաջին մասնակցութեան Լիբանան պիտի մասնակցի նաեւ զոյգ տղոց մրցումներուն, ուր Հապիպի զոյգը պիտի ըլլայ Պենճամին Հասան (աշխարհի թիւ 143):
Նշենք, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնեն նաեւ Ռէյ Պասիլ (նշանառութեան), Լեթիսիա Աուն (թայքուանտօ), Քարամնոփ Սակայփով (Ճիւտօ), Մարիանա Սահակեան (փինկ փոնկ), Ֆիլիփ Ուաքիմ (սուսերամարտ), Սիմոն Տուէյհի եւ Լին Հաժ (լողարշաւ) եւ աթլեթ Մարք Անթոնի Իպրահիմ: