Վերջերս պուլկարացի յառաջապահ Հրիսթօ Սթոյիչքովի հետ կարճ զրոյցի մը պահուն անոր հարցում մը ուղղուած է Լամին Եամալի մասին, թէ Մեսսիի նմա՞ն է, թէ՞ ոչ:
«Եկէք զանոնք չբաղդատենք: Ես բնաւ չեմ սիրեր համեմատել: Ամէն մէկը իր ձեւով իւրայատուկ է, եւ յոյսով եմ, որ Լամին կը շարունակէ նոյն ոգիով, կ՛աշխատի նոյն ջանասիրութեամբ եւ որակով: Այս պատճառով ան կոլեր կը նշանակէ Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ: Ան տակաւին երեխայ է, որուն պէտք է պաշտպանենք, զայն շատ չբարձրացնենք, քանի որ շատ շուտ կրնայ իյնալ: Կը կարծեմ, որ զայն պէտք է պաշտպանել հաշուի առնելով իրեն անհրաժեշտ ժամանակը, եւ երբ ան հասնի որոշակի մակարդակի, մենք կրնանք բաղդատութիւններ ընել», ըսաւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահը: