Ֆրանսական Պորտօ ակումբը, որ քանի մը օր առաջ փոխադրուած էր Գ. դասակարգ, երէկ յայտարարեց, որ սնանկութեան հարց ներկայացուցած է քաղաքի առեւտրական դատարան` անհրաժեշտ վերակազմաւորումը սկսելու համար:
Այսպիսով, ակումբը ինքնաբերաբար կը կորսնցնէ իր արհեստավարժ կարգավիճակը եւ իր մարզումի կեդրոնը:
«Նկատի ունենալով Գ. դասակարգի ազդանշանի շատ կարճ եւ սեղմ ժամկէտը, ակումբը ստիպուած էր մերժել իր արհեստավարժ կարգավիճակը պահպանելու խնդրանքը, հակառակ անոր որ պէտք էր վերջին նիւթատնտեսական վերանայումէ անցնիլ, բան մը, որ աւելի ծանր պատիժներու պատճառ կրնար դառնալ: Բարդ որոշում է ասիկա: Հակառակ որ այս պատճառով ուսումնամարզական կեդրոնը պիտի փակուի, այսուհանդերձ ակումբը կը շարունակէ երիտասարդական խումբերու մրցումները: Այս որոշումը նուազագոյնի կը հասցնէ կորուստը մարզական գետնի վրայ: Ակումբը հետամուտ է յաջորդ տարեշրջանին Գ. դասակարգ բարձրանալու ճիգերուն, որպէսզի ակումբը կարճ ժամանակէն վերադառնայ իր ամէնէն բարձր մակարդակին», ըսաւ ակումբի հաղորդագրութիւնը:
Պորտօ անցեալ եղանակին 12-րդ դիրքը գրաւած էր Բ. դասակարգի մրցումներուն, սակայն նիւթական պատճառներով խումբը իջած է Գ. դասակարգ: Ակումբը նախապէս բողոք ներկայացուցած էր ֆետերասիոնի որոշումին դէմ, սակայն աւելի ուշ նոր սեփականատէր չգտնելուն պատճառով հրաժարած էր այդ բողոքէն: