Մանչեսթըր Եունայթըտի 33 տարեկան սպանացի նախկին բերդապահ Տաւիտ տը Խէա պատրաստ էր միանալու Իտալիոյ Ճենովա ակումբին:
Հակառակ ասոր, բերդապահը եւ ակումբը տակաւին չեն համաձայնած կարգ մը նիւթական պայմաններուն գծով: Կ՛ըսուի, թէ Տը Խէա այլ առաջարկներ ալ ունի Սէուտական Արաբիոյ խումբերէ, ինչպէս նաեւ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի խումբերէ:
Եունայթըտի հետ իր պայմանագրութիւնը 2023-ին աւարտելէ ետք Տը Խէա ազատ մարզիկ էր, սակայն չէ կրցած խումբ մը գտնել` շարունակելու իր ասպարէզը: