Մարզական

Կարէն Աւոյեան Կը Մարզէ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Կարէն Աւոյեան Կը Մարզէ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Մարզիչ Կարէն Աւոյեան միացաւ Սէուտական Արաբիոյ Բ. դասակարգի Աֆիֆ ակումբին: Աւոյեանի հետ մարզիչներու խմբակին մաս կազմեց նաեւ Ֆելիքս Յակոբեան` իբրեւ բերդապահներու մարզիչ: Աֆիֆ արդէն իսկ իր կազմին մէջ ունէր Հայաստանի ազգային խումբի նախկին անդամ Զաւէն Պատոյեանը: Զաւէն Պատոյեան 2018-ին մաս կազմած էր նաեւ Լիբանանի Բ. դասակարգի խումբերէն Շապապ Սահելի: Ան 2011-էն 2016 6 մրցում կատարած է ազգային խումբին հետ: 34...

Վահան Պիչախչեան Նշանակեց Իր Առաջին Կոլը` Փոկոնի Հետ

Վահան Պիչախչեան Նշանակեց Իր Առաջին Կոլը` Փոկոնի Հետ

Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Վահան Պիչախչեան իր լեհական Փոկոն խումբին հետ կրցաւ նշանակել այս տարեշրջանի առաջին կոլը` օգնելով Փոկոնին, որ մնայ առաջին դիրքի վրայ` Վիծեվ Լոծի դէմ կատարուած մրցումին: 25 տարեկան Վահան Պիչախչեան գլխու անզսպելի հարուածով 21-րդ վայրկեանին նշանակեց առաջին կոլը` ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով: Փոկոնի նման լեխ Փոժնան եւ Քրաչովիա 5 մրցումներէ 10 կէտ ձեռք ձգած են: Վահան...

Բարսեղեան Վերջին Վայրկեանին Փրկեց Սլովան Պրաթիսլաւան

Բարսեղեան Վերջին Վայրկեանին Փրկեց Սլովան Պրաթիսլաւան

Սլովաքիոյ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան Պրաթիսլաւա կը հիւրընկալէր Քոզիչէն: Զան Մետվետ 15-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Քոզիչէի կոլը` առաջին կիսախաղին: 52-րդ վայրկեանին Տաւիտ Սթրելեչ նշանակեց Սլովանի հաւասարութեան կոլը, եւ 2 յաղթանակէ ետք կը կարծուէր, թէ Սլովան պիտի կորսնցնէ 2 կէտեր, բայց Տիգրան Բարսեղեան ներկայ էր եւ 90-րդ վայրկեանին փրկեց Սլովանը, որ արձանագրեց իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը: 1 մրցում պակաս կատարած...

Արշակ Կորեանի Կոլը` Թորփետոյի 100-Ամեակին Օրը

Արշակ Կորեանի Կոլը` Թորփետոյի 100-Ամեակին Օրը

Ռուսիոյ Բ. դասակարգի խումբերէն Թորփետօ Մոսկուայի հայ յառաջապահ Արշակ Կորեան, Նեֆթեխիմիք Նիժնեքամսք խումբին դէմ մրցումին կրցաւ նշանակել Թորփետոյի առաջին կոլը` Մոսկուայի ակումբի հիմնադրութեան 100-ամեակին օրը տեղի ունեցած մրցումին: 29 տարեկան Արշակի խումբը 6 հանգրուաններէ ետք կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` 12 կէտ հաւաքելով:

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Կրեց

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` Սաֆա Շուէյֆաթ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտըլնուր» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդները, 20 տարեկանէն վար Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի իրենց նախավերջին մրցումը պիտի կատարեն Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ: Սաֆա Շուէյֆաթ երրորդ դիրքը կը գրաւէ, բայց ինչպէս տարեշրջանի սկիզբէն ըսինք, բոլոր խումբերը գրեթէ նոյն մակարդակի ֆութպոլ կը խաղան, միայն Սահել Մեթնի խումբը համեմատաբար աւելի տկար է միւսներէն: Դաշտին վրայ լաւ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այս Շաբաթավերջին Կը Սկսին Կարեւոր 5 Ախոյեանութիւնները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այս Շաբաթավերջին Կը Սկսին Կարեւոր 5 Ախոյեանութիւնները

Այս շաբաթավերջին կը սկսին «Փրեմիեր լիկ»-ի, «Լա լիկա»-ի, «Սերի Ա.»-ի եւ «Լիկ 1»-ի ախոյեանութիւնները յաջորդաբար Անգլիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ, իսկ Գերմանիոյ մէջ կը սկսին բաժակի մրցաշարքի մրցումները: Տակաւին չէ փակուած փոխանցումներու շուկան, եւ մարզիկներ կրնան փոխադրուիլ այլ խումբեր, մինչեւ օգոստոսի աւարտը: Անգլիոյ մէջ, «Փրեմիեր լիկ»-ի վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի դաշտէն դուրս քիչ մը դժուար մրցում մը...

Քոնֆերենս Լիկ.  Փիւնիկ Եւ Նոա Հասան Զտումի Աւարտական Հանգրուան

Քոնֆերենս Լիկ. Փիւնիկ Եւ Նոա Հասան Զտումի Աւարտական Հանգրուան

Հինգշաբթի գիշեր Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ 6.300 համակիրներու ներկայութեան 1-0 արդիւնքով կրկնեց իր երթի յաղթանակը եւ հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ» մրցաշարքի զտումի աւարտական հանգրուան: Նիկերիացի Եուսուֆ Օթուպանճօ, որ երթին ալ Ղազախստանի մէջ նշանակած էր Օրտապաշի դէմ մրցումին միակ կոլը, նշանակեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դարձի մրցումի 66-րդ վայրկեանին: Փիւնիկ շատ աւելի լաւ...

Եւրոպայի Գերբաժակ.  Ռէալ Մատրիտ 6-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

Եւրոպայի Գերբաժակ. Ռէալ Մատրիտ 6-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

Չորեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցումը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի ախոյեան Աթալանթայի միջեւ: Քիլիան Էմպափէ սպասուածին պէս դաշտ ներկայացաւ Ռէալի հետ` իր ձախին ունենալով Վինիսիուս Ժունիորը, աջին` Ռոտրեկոն, իսկ ետեւը` Ճուտ Պելինկհամը: Ռէալ Մատրիտ շատ լաւ ձեւով սկսաւ աջ կողմէն յարձակելով Վալվերտէի եւ Քարվախալի միջոցով, բայց իտալական խումբին պաշտպանողականը զսպեց Ռէալի յառաջխաղացքը:...

Ամերիկայի Լիկայի Բաժակ.  Մարաշլեան Երկու Կոլ Նշանակեց Ինթեր Մայեմիի Դէմ

Ամերիկայի Լիկայի Բաժակ. Մարաշլեան Երկու Կոլ Նշանակեց Ինթեր Մայեմիի Դէմ

Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի լիկայի բաժակի մրցումներու ծիրին մէջ, Քոլոմպուս Քրու 3-2 արդիւնքով կրցաւ շրջել արդիւնքը` Ինթեր Մայեմիի դէմ, շնորհիւ ուրուկուէյահայ Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեանի երկու կոլերուն: Առանց վիրաւոր Լիոնել Մեսսիի, Ինթեր Մայեմի Լուիս Սուարեսի, Սերխիօ Պուսքեթցի եւ Եորտի Ալպայի գլխաւորութեամբ լաւ սկսաւ մրցումը, եւ 10-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ փարակուէյցի միջնապահ Մաթիաս Ռոխասի` իր ազգակից Տիեկօ Կոմեսի փոխանցումէն օգտուելով:...

Թենիս.  Աւանէսեան Հասաւ Երկրորդ Հանգրուան

Թենիս. Աւանէսեան Հասաւ Երկրորդ Հանգրուան

Հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան Սինսինաթթիի թենիսի մրցաշարքը Բ. հանգրուան անցաւ` պարտութեան մատնելէ ետք 24 տարեկան Պիանքա Վանեսա Անտրէեսքուն` 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով: Աւանէսեան, որ զտումի մրցումներուն 2 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն արձանագրած էր, կրցած է հասնիլ աւարտական մրցաշարք, որ կը տեւէ մինչեւ երկուշաբթի: Մրցումը տեւեց 1 ժամ եւ 50 վայրկեան, ուր Աւանէսեան կատարեց 2 էյս, 1 տապըլ ֆոլթ, ինչպէս նաեւ...

Ահլի Խումբին Առաջարկը` Վինիսիուսի 1 Միլիառ Եւրոյէն Աւելի…

Ահլի Խումբին Առաջարկը` Վինիսիուսի 1 Միլիառ Եւրոյէն Աւելի…

Սէուտական Արաբիոյ Ահլի խումբը կը փորձէ պայմանագիր կնքել պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիորի հետ: Աւելի կանուխ, Վինիսիուս մերժած էր Քատիսիէ խումբին առաջարկը, որ 1 միլիառ եւրօ էր 5 տարուան համար, սակայն Ահլի պատրաստ է ամէն ինչ ընելու` պրազիլցի յառաջապահին հետ պայմանագիր կնքելու համար: Բացի ատկէ, Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կը ցանկան Վինիսիուսը դարձնել Լիկայի դէմքը` 2034-ի մոնտիալէն առաջ: 2034-ի մոնտիալը կազմակերպելու միակ թեկնածուն...

Մանչեսթըր Սիթի Մեղադրուած Է 115 Տարբեր Իրաւախախտումներ Կատարելու Յանցանքով

Մանչեսթըր Սիթի Մեղադրուած Է 115 Տարբեր Իրաւախախտումներ Կատարելու Յանցանքով

2009-էն 2018 թուականներուն, Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի ակումբը նիւթական կանոններու 115 խախտումներ կատարած կրնայ ըլլալ եւ յանձնախումբի լուրջ քննութեան պիտի դրուին բոլոր մեղադրանքները: Լրագրող Մարթին Զիկլըր կը յայտնէ, որ յանձնախումբի նիստը պիտի սկսի սեպտեմբերի կէսերուն, անիկա կրնայ երկարիլ 10 շաբթուան վրայ եւ հաւանական է, որ վճիռ արձակուի յունուարին: Եթէ փաստուին այդ կասկածները, Մանչեսթըր Սիթի կրնայ նոյնիսկ Բ. դասակարգ...

transfers_81424

Եւրոպայի Դաշտերէն Փոխանցումներու Լուրեր. Պայեր Միացաւ Տորթմունտին

Գերմանիոյ ազգային խումբի յառաջապահներէ Մաքսիմիլիան Պայեր Հոֆենհայմէն միացաւ Պորուսիա Տորթմունտին: 21 տարեկան Պայերի համար Տորթմունտ 30 միլիոն եւրոյէն աւելի վճարեց Հոֆենհայմին: Պայմանագիրը կ՛երկարի մինչեւ 2029 թուական: Իտալիոյ Ա. Սէ. Միլան ակումբը ձեռք ձգեց Թոթենհամի Էմերսոն Ռոյալը` փոխան 15 միլիոն եւրոյի: Պրազիլցի յետսապահը պայմանագրութիւն ստորագրեց մինչեւ 2028: Ռէալ Մատրիտ այժմէն իսկ կը մտածէ ձեռք ձգել Փալմէյրասի 18 տարեկան յետսապահ Վիթոր Ռեյիսը:...

«Օփթա» Գերհամակարգիչը Կռահած Է 2024-2025  «Սերի Ա.»-ի Տարեշրջանի Թեկնածուները

«Օփթա» Գերհամակարգիչը Կռահած Է 2024-2025 «Սերի Ա.»-ի Տարեշրջանի Թեկնածուները

Ըստ «Օփթա» գերհամակարգիչի հաշիւներուն, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2024-2025 տարեշրջանի ախոյեանի թիւ 1 թեկնածուն պիտի ըլլայ Ինթեր Միլանը: «Ներազուրի»-ն 79,2 առ հարիւրով հաւանականութիւն ունի պահելու ախոյեանութեան տիտղոսը: Բ. դիրքի վրայ կը գտնուի Աթալանթան` 11,2 տոկոսով, մինչ Եուվենթուս 4,2 տոկոս ունի, իսկ Ա. Սէ. Միլան` 1,8 տոկոս: «Սերի Ա.»-էն պիտի փոխադրուին «Սերի Բ.» Վենեցիանօ Քալիարին եւ Քոմոն:  

«Փրեմիեր Լիկ»-ի 2023-2024 Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիկի Թեկնածուները

«Փրեմիեր Լիկ»-ի 2023-2024 Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիկի Թեկնածուները

Արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութիւնը («Փի. Էֆ. Էյ.») հրապարակեց 2023-2024 տարեշրջանի «Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն մարզիկի թեկնածուներու ցանկը: Թեկնածուներու կարգին են Մանչեսթըր Սիթիի Էրլինկ Հաալանտը, Ֆիլ Ֆոտընը, Ռոտրին, Չելսիի Քոլ Փալմըրը, Ասթոն Վիլայի Օլի Ուոթքինզը եւ Արսենալի Մարթին Օտըկաարտը: Լաւագոյն մարզիկի անունը պիտի յայտարարուի 20 օգոստոսին տեղի ունենալիք արարողութեան ժամանակ: 2022-2023 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկ ընտրուած էր Սիթիի նորվեկիացի մարզիկ Էրլինկ Հաալանտը:  

Թենիս.  Խաչանով Յաղթեց

Թենիս. Խաչանով Յաղթեց

Աշխարհի թիւ 22 թենիսմեն ռուսահայ Կարէն Խաչանով Սինսինաթթիի մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքին պարտութեան մատնեց արժանթինցի Ֆրանսիսքօ Չերունտոլոն 6-0 եւ 6-3 արդիւնքով եւ հասաւ յաջորդ հանգրուան: 1 ժամ եւ 5 վայրկեան տեւած մրցումէն ետք, Կարէն Խաչանով այժմ լուրջ մրցակից մը պիտի ունենայ իր դէմ` գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւը, որ աշխարհի թիւ 4 թենիսմենն է: Նշենք, որ աղջկանց մրցումներուն, Էլինա Աւանէսեան 6-4 եւ...

Պարսելոնա Կը Փնտռէ  Ուիլիամսի Տարբերակը

Պարսելոնա Կը Փնտռէ Ուիլիամսի Տարբերակը

Պարսելոնա ակումբը սկսած է Նիքօ Ուիլիամսի տարբերակներ փնտռել, մանաւանդ որ վերջինս երկուշաբթի յայտարարեց, թէ կ՛ուզէ պատմութիւն կերտել Աթլեթիք Պիլպաոյի հետ` ստանալով թիւ 10 շապիկը, որ կը պատկանէր տարիներու խմբապետ Իքեր Մունիայինի, որ 15 տարի շարունակ խաղցաւ նոյն ակումբին հետ: Մունիային 434 մրցում կատարած էր Պիլպաոյի հետ` նշանակելով 56 կոլ: Նիքօ Ուիլիամս այժմ մնացած է Պիլպաոյի հետ. թէ որքա՛ն կրնայ հաւատարիմ...

«Հայաստանի Մետալը Ետ Պիտի Բերենք…»

«Հայաստանի Մետալը Ետ Պիտի Բերենք…»

Հայաստանի Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ազգային խումբի մարզիչ Գէորգ Ալեքսանեան, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը պահուն խօսեցաւ իր տղուն` Արթուր Ալեքսանեանի ոսկի մետալի մրցումին մասին: «Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին յանձնուած մեր բողոքը մերժելու բացատրութեան մէջ նշուած օրէնքը սուտ է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան: Անոնցմէ աւելի բարձր կառոյց կայ, որ Միջազգային ողիմպիականի կոմիտէն է, որ նոյնպէս ըսաւ, թէ կը վերանայի...

Պալեքեան Կը Հեռանայ Պոքայէն

Պալեքեան Կը Հեռանայ Պոքայէն

Նորպերթօ Պրիասքօ Պալեքեան համաձայնած է Պոքա Ժունիորզի հետ 18 ամիսով փոխադրուելու Խիմնասիա Իլէսկրիմա: Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Պալեքեան Պոքա տեղափոխուած էր 2021-ին, Աթլեթիքօ Հուրաքանէն, մօտ 3 միլիոն եւրոյի փոխարէն: Նորպերթօ, որ ծայրի յառաջապահ է, Պոքայի հետ կատարած է 56 մրցում` նշանակելով 4 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ:

Եւրոպայի Գերբաժակ.  Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Աթալանթա

Եւրոպայի Գերբաժակ. Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Աթալանթա

Այսօր Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան) ժամը 21:55-ին տեղի պիտի ունենայ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի գերբաժակը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ախոյեան Աթալանթայի միջեւ: Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ ակումբը 15-րդ անգամ ըլլալով շահած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ը` պարտութեան մատնելէ ետք գերմանական Պորուսիա Տորթմունտ ակումբը, մինչ Աթալանթա, որ Իտալիոյ միջակ մակարդակի խումբերէն էր, իր պատմութեան ամէնէն կարեւոր տիտղոսը շահեցաւ, երբ կրցաւ «Եուրոփա...

Page 189 of 1281 1 … 188 189 190 … 1,281

Արխիւներ