Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Գերբաժակ. Ռէալ Մատրիտ 6-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

Օգոստոս 17, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցումը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի ախոյեան Աթալանթայի միջեւ:

Քիլիան Էմպափէ սպասուածին պէս դաշտ ներկայացաւ Ռէալի հետ` իր ձախին ունենալով Վինիսիուս Ժունիորը, աջին` Ռոտրեկոն, իսկ ետեւը` Ճուտ Պելինկհամը:

Ռէալ Մատրիտ շատ լաւ ձեւով սկսաւ աջ կողմէն յարձակելով Վալվերտէի եւ Քարվախալի միջոցով, բայց իտալական խումբին պաշտպանողականը զսպեց Ռէալի յառաջխաղացքը: Աթալանթա հետզհետէ մտաւ մրցումի մթնոլորտին մէջ եւ քիչ մնաց կոլ մըն ալ նշանակէր շնորհիւ Մարթեն տը Ռունի հարուածին, որ դպնալէ ետք Ռէալի պրազիլցի յետսապահ Միլիթաուի, դպաւ Քուրթուայի բերդին սիւնին վերի անկիւնը, Այլ առիթով, 2 վայրկեան ետք Էտերսոն վճռական առիթ մը կորսնցուց, երբ զօրաւոր հարուածով մը փորձեց գրաւել Ռէալի բերդը, սակայն գնդակը բերդին մօտէն անցաւ:

46-րդ վայրկեանին` կիսախաղ չեղած, Ռոտրիկօ իր կարգին գնդակը դպցուց Աթալանթայի բերդի ձողին, առիթներով ալ հաւասարելով:

Կիսախաղը հազիւ սկսած, Աթալանթա առիթ մը եւս ունեցաւ, որ սակայն կոլի չկրցաւ վերածել խումբի մը դէմ, որ վերջին տարիներուն բաւական բախտաւոր կը գտնուի, երբ մրցակից խումբեր առիթներ կորսնցնելով ինք ալ կ՛օգտուի առիթներէ` պզտիկ սխալներէ օգտուելով, եւ պարտութիւնը յաղթանակի կը վերածէ:

59-րդ վայրկեանին, Վինիսիուս Ժունիորի փոխանցումէն օգտուելով ուրուկուէյցի Ֆետերիքօ Վալվերտէ նշանակեց Ռէալի եւ մրցումին առաջին կոլը:

Ռէալ աւելի լուրջ խաղալու սկսաւ, եւ յաջորդական առիթներ ստեղծեցին Վինիսիուս եւ Պելինկհամ, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ, մինչեւ 68-րդ վայրկեան, երբ Ճուտ Պելինկհամին հասաւ գնդակը, որ մտնելէ ետք ձախ կողմէն սպասեց Էմպափէին լաւ դիրքի վրայ գտնուելուն, անոր փոխանցեց, եւ Քիլիան Էմափէ իր առաջին կոլը նշանակեց Ռէալ Մատրիտի շապիկով իր առաջին մրցումին:

Այսպիսով Ռէալ Մատրիտ իր 6-րդ գերբաժակը շահեցաւ` մրցանիշ իրագործելով: 2002-ին Ռէալ իր առաջին տիտղոսը շահած էր, որմէ տարի մը ետք Ա. Սէ. Միլան իր 4-րդ տիտղոսը շահեցաւ: Երբ Ռէալ Մատրիտ 2014-ին իր 2-րդ տիտղոսը շահեցաւ, Պարսելոնա 4 տիտղոս ունէր, իսկ Ա. Սէ. Միլան` 5:

2015-ին Պարսելոնա իր 5-րդ տիտղոսը շահեցաւ, մինչ Ռէալ 2022-ին իր 5-րդ տիտղոսը շահեցաւ, իսկ այս շաբաթ` իր 6-րդը, մրցանիշ իրագործելով:

Նախորդը

Մայրութեան Խորհուրդը

Յաջորդը

Քոնֆերենս Լիկ. Փիւնիկ Եւ Նոա Հասան Զտումի Աւարտական Հանգրուան

RelatedPosts

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի  Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ
Մարզական

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ».  Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը
Մարզական

«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ». Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Աղջկանց Ազգերու Լիկա.  Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին
Մարզական

Աղջկանց Ազգերու Լիկա. Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?