Ըստ «Օփթա» գերհամակարգիչի հաշիւներուն, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2024-2025 տարեշրջանի ախոյեանի թիւ 1 թեկնածուն պիտի ըլլայ Ինթեր Միլանը:
«Ներազուրի»-ն 79,2 առ հարիւրով հաւանականութիւն ունի պահելու ախոյեանութեան տիտղոսը: Բ. դիրքի վրայ կը գտնուի Աթալանթան` 11,2 տոկոսով, մինչ Եուվենթուս 4,2 տոկոս ունի, իսկ Ա. Սէ. Միլան` 1,8 տոկոս:
«Սերի Ա.»-էն պիտի փոխադրուին «Սերի Բ.» Վենեցիանօ Քալիարին եւ Քոմոն: