Պարսելոնա ակումբը սկսած է Նիքօ Ուիլիամսի տարբերակներ փնտռել, մանաւանդ որ վերջինս երկուշաբթի յայտարարեց, թէ կ՛ուզէ պատմութիւն կերտել Աթլեթիք Պիլպաոյի հետ` ստանալով թիւ 10 շապիկը, որ կը պատկանէր տարիներու խմբապետ Իքեր Մունիայինի, որ 15 տարի շարունակ խաղցաւ նոյն ակումբին հետ:
Մունիային 434 մրցում կատարած էր Պիլպաոյի հետ` նշանակելով 56 կոլ:
Նիքօ Ուիլիամս այժմ մնացած է Պիլպաոյի հետ. թէ որքա՛ն կրնայ հաւատարիմ մնալ այդ ակումբին, օրերը ցոյց կու տան:
Բնական է, որ ֆութպոլիստներ աւելի հռչակաւոր խումբերու հետ կ՛ուզեն խաղալ եւ միլիոններ շահիլ:
Երբ Ուիլիամս հաստատեց ակումբը չփոխելու իր վիճակը, Պարսելոնա ստիպուած այլ տարբերակներու կը նայի եւ ունի 3 թեկնածուներ:
Երեք թեկնածուներն են Լիվըրփուլի քոլոմպիացի յառաջապահ Լուիս Տիաս, Պայերն Միւնիխի ֆրանսացի ծայրի յառաջապահ Քինկզիլի Քոման եւ Ա. Սէ. Միլանի փորթուգալցի յառաջապահ Լէաո:
Պարսելոնա ամէն ձեւի կը դիմէ նիւթական օգնականներ գտնելու, մանաւանդ որ իր ոխերիմ մրցակիցը` Ռէալ Մատրիտ, որ արդէն շատ լաւ խումբ էր, Քիլիան Էմպափէն ունի այս եղանակին, ինչպէս նաեւ պրազիլցի յառաջապահ Էնտրիքը:
Միւս կողմէ, միջնապահ Սերճի Ռոպերթօ 14 տարի ետք լքեց Պարսելոնան` 245 մրցում կատարելէ ետք: Անցեալ եղանակին, Սերխիօ Պուսքեթցի մեկնելէն ետք Միացեալ Նահանգներ, Ռոպերթօ նշանակուած էր խմբապետ:
Մինչ այդ, Պարսելոնայի սպանացի յառաջապահ Անսու Ֆաթի շատ հաւանական է, որ լքէ խումբը, մանաւանդ որ Պարսելոնա չ՛ուզեր յոյս կապել Ֆաթիի հետ: Անսու Ֆաթի, որ անցեալ տարեշրջանին «Փրեմիեր լիկ»-ի Պրայթըն խումբին փոխ տրուած էր, կատարած էր 30 մրցում` նշանակելով 4 կոլ եւ կատարած 1 էսիսթ:
Ֆաթիի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 25 միլիոն եւրոյով:
2019-ին Պարսելոնային միացած (կրտսերներէն) Ֆաթի շատ փայլուն ապագայ կը խոստանար 17 տարեկանին, սակայն 2020-2021 տարեշրջանի սկիզբը վիրաւորուեցաւ եւ 9 ամիս հեռու մնաց դաշտերէն: Երբ ան վերադարձաւ, Պարսելոնա հազուադէպօրէն դաշտ ներկայացուց զինք, եւ անոր մակարդակը հետզհետէ անկում կրեց: