Այս շաբաթավերջին կը սկսին «Փրեմիեր լիկ»-ի, «Լա լիկա»-ի, «Սերի Ա.»-ի եւ «Լիկ 1»-ի ախոյեանութիւնները յաջորդաբար Անգլիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ, իսկ Գերմանիոյ մէջ կը սկսին բաժակի մրցաշարքի մրցումները:
Տակաւին չէ փակուած փոխանցումներու շուկան, եւ մարզիկներ կրնան փոխադրուիլ այլ խումբեր, մինչեւ օգոստոսի աւարտը:
Անգլիոյ մէջ, «Փրեմիեր լիկ»-ի վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի դաշտէն դուրս քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք Սթեմֆորտ Պրիճի մէջ, ուր պիտի մրցի Լոնտոնի Չելսիին դէմ:
Չելսի բաւական փոփոխութիւններ կրած է` այն յոյսով, որ յաջող տարեշրջան մը բոլորէ:
Խումբը ստանձնած է Լայսթըրի նախկին մարզիչ իտալացի Էնցօ Մարեսքա, որ Բ. դասակարգի ախոյեան դարձած էր Լայսթըրի հետ:
Չելսի ձեռք ձգեց փորթուգալցի Փետրօ Նեթոն (Վուլվզէն), արժանթինցի Աարոն Անսելմինոն (Պոքա Ժունիորզէն), դանիացի բերդապահ Ֆիլիփ Եորկընսընը (Վիարէալէն), Մարք Կույուն (Պարսելոնայէն), Ռենաթօ Վէկան (Պազըլէն), ինչպէս նաեւ Լայսթըրի միջնապահ Քիրնըն Տիուզպըրի-Հոլը:
Մանչեսթըր Սիթի ձեռք ձգեց միայն 1 մարզիկ (առայժմ)` աջ ծայրի յառաջապահ պրազիլցի Սաւինիոն, ֆրանսական Թրուա ակումբէն, փոխան 21 միլիոն սթերլինկի:
Սիթին ձգեցին Խուլիան Ալվարես եւ քանի մը պահեստի մարզիկներ: Անցեալ տարուան փոխախոյեան Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Վուլվզը»:
Արսենալ, որ 2 կէտով ետ մնացած էր Սիթիէն անցեալ տարի, աւելի զօրացուցած է իր պաշտպանողական գիծը` ձեռք ձգելով իտալացի Ռիքարտօ Քալաֆիորին (Պոլոնիայէն), մինչ բերդապահ Տաւիտ Ռայա, որ Պրենթֆորտէն փոխ տրուած էր Արսենալին, պաշտօնապէս եղաւ Արսենալի մարզիկ: Արսենալ տակաւին յոյս ունի ձեռք ձգելու յաւելեալ մարզիկներ` աւելի եւս զօրացնելու խումբը, անպայման ախոյեան դառնալու 14-րդ անգամ ըլլալով, իսկ 2003-2004 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով:
22 տարի բացակայելէ ետք «Փրեմիեր լիկ»-էն, Իփսուիչ Թաուն կը վերադառնայ եւ առաջին մրցումին Փորթմըն Ռոտի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը:
9 տարի մարզելէ ետք «կարմիրները», գերմանացի Եուրկըն Քլոփ այլեւս չկայ եւ զինք փոխարինած է նետերլանտցի մարզիչ Առնը Սլոթ:
Քլոփ 30 տարի ետք կրցած էր ախոյեանութիւնը շահիլ Լիվըրփուլի հետ եւ 8 ամբողջ տարեշրջաններուն ընթացքին միայն 1 անգամ ան ձախողած էր ակումբը հասցնել «Չեմփիընզ լիկ» (առաջին 4 դիրքերէն դուրս):
Նոր մարզիչ Սլոթի գործը դժուար կրնայ ըլլալ, սակայն ան պատրաստ խումբ ունի իր մօտ եւ «ժառանգած» է բաւական որակաւոր խմբակ մը:
Տակաւին ոչ մէկ նոր մարզիկ միացած է Լիվըրփուլին, մինչ Թիակօ (հրաժեշտ տուաւ ֆութպոլի ասպարէզին), Ժոել Մաթիփ եւ այլ պահեստի մարզիկներ լքեցին խումբը: Միայն Ֆապիօ Քարվալոն է, որ Պրենթֆորտին միացաւ 27,5 միլիոն սթերլինկի փոխարէն:
Ստորեւ` «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Իփսուիչ Թաուն – Լիվըրփուլ
Արսենալ – Վուլվզ
Էվըրթըն – Պրայթըն
Նիւքեսըլ – Սաութհեմփթըն
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Պորնմաութ
Ուեսթ Համ – Ասթոն Վիլա
ՎԱՂԸ
Պրենթֆորտ – Քրիսթըլ Փելես
Չելսի – Մանչեսթըր Սիթի
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Լայսթըր – Թոթենհամ
ՍՊԱՆԻԱ
«Լա Լիկա»-ի մրցումները կը սկսին այս շաբաթավերջին, եւ երեք խումբի բարձրացած են առաջին դասակարգ` Լեկանես, Վայատոլիտ եւ Էսփանիոլ Պարսելոնա:
Լեկանես որ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, շահած էր, կը նկատուի «Լա լիկա»-ի ամէնէն փոքր խումբը: Փոքր այն իմաստով, որ խումբը փոխանցումներու համար ամէնէն նուազ ծախուող խումբն է` մօտ 34 միլիոն եւրօ, եւ ունի «Լա լիկա»-ի ամէնէն փոքր դաշտը, որ կրնայ ընդունիլ 12 հազար 50 համակիր:
Բ. դիրքը գրաւած խումբի` Վայատոլիտի նախագահն է պրազիլցի Ռոնալտոն:
Ռոնալտօ թէ՛ ակումբի սեփականատէրն է, թէ՛ ալ նախագահը: Անիկա 1 տարեշրջան մնալէ ետք Բ. դասակարգ վերստին բարձրացաւ, եւ այժմ 82 տոկոսով կը պատկանի Ռոնալտոյին, որ 2018-էն ի վեր ունէր խումբին 51 տոկոսը:
Էսփանիոլ Պարսելոնա երեք խումբերէն ամէնէն լաւ պատմութիւնը ունի եւ 4 անգամ շահած է Սպանիոյ բաժակի մրցաշարքը եւ 7 անգամ մասնակցած է «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի մրցաշարքին` հասնելով աւարտականին 1988-ին եւ 2007-ին:
Առաջին հանգրուանին Վայատոլիտ պիտի հիւրընկալէ Էսփանիոլը: Ախոյեան Ռէալ Մատրիտ պիտի ըլլայ հիւրը Ռէալ Մայորքայի:
Փոխախոյեան Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Վալենսիայի, մինչ Վիարէալ պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Ֆրանսայի մէջ երեք խումբեր բարձրացած են «Լիկ 1», անոնցմէ երկուքը` նախկին ախոյեաններ:
Արդարեւ` Օքսեռ խումբը Բ. դասակարգ իջնելէ ետք 2022-2023 տարեշրջանին, անցեալ եղանակի Բ. դասակարգի ախոյեան դարձաւ: Օքսեռ, որ 1995-1996 տարեշրջանին Ֆրանսայի ախոյեանն էր, 4 անգամ ալ շահած է Ֆրանսայի բաժակի մրցաշարքը:
Նոյն ձեւով 2 տարի առաջ Բ. դասակարգ փոխանցուած Անժէ, գրաւելէ ետք Բ. դիրքը, վերստին բարձրացաւ «Լիկ 1»:
Երրորդ բարձրացող խումբն է Սենթ Էթիեն, որ կը նկատուի Ֆրանսայի պատմութեան լաւագոյն խումբերէն` 10 անգամ շահելով Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը եւ 6 անգամ բաժակի մրցաշարքը:
Միշել Փլաթինի նախկին ակումբը` «կանաչները», վերջին անգամ 1980-1981 տարեշրջանին շահած էր ախոյեանութիւնը: 2021-2022 տարեշրջանին «կանաչները» «Լիկ 1»-էն փոխադրուած էին «Լիկ 2»:
Անցեալ տարուան ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն առանց Քիլիան Էմպափէի պիտի մասնակցի ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ Էմպափէ միացաւ Ռէալ Մատրիտին:
Մարզիչ Լուիս Էնրիքէ յառաջապահ ձեռք չձգեց փոխարինելու Էմպափէն, որ անցեալ եղանակին 44 կոլ նշանակած էր իր կատարած 48 մրցումներուն:
«Կը նախընտրեմ ունենալ 4 մարզիկներ, որոնք 12-ական կոլ նշանակեն… լաւ բան է այդ մէկը նպատակ դարձնել, մանաւանդ որ ֆութպոլը խմբային խաղ է: Պահելիք բան չունիմ: Շատ կը սիրեմ Էմպափէն… ան իւրայատուկ մարզիկ է: Միշտ լաւագոյնը կը մաղթեմ իրեն եւ յուսամ Մատրիտ պարտուի մեզմէ (եթէ խաղայ)», ըսաւ Էնրիքէ, որուն ակումբը ձեռք ձգեց միջնապահ Ժոաօ Նեւեշը (Պենֆիքայէն), բերդապահ Մաթվէյ Սաֆոնովը (Կրասնոտարէն) եւ յետսապահ Ուիլիան Փաչոն (Այնթրախթ Ֆրանքֆորթէն): Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռացան բերդապահ Քէյլոր Նաւաս, Լեւին Քուրզաւա, Ռենաթօ Սանչես (փոխ տրուեցաւ Պենֆիքային), Չաւի Սիմոնչ (փոխ տրուած է Լայփցիկին) եւ Էթան Էմպափէ (Քիլիանի եղբայրը) անշուշտ Քիլիանի կողքին:
Անցեալ տարուան փոխախոյեան Մոնաքօ այս տարեշրջանին մանաւանդ փոփոխութիւններ չկատարեց, ուր 34 տարեկան Ուիսամ Պեն Ետեր, որ խմբապետն էր, լքեց խումբը (պայմանագրութիւնը աւարտելէ ետք), կատարելէ ետք 164 մրցում, նշանակելով 118 կոլ: Ուեսթ Համէն փոխ առնուած գերմանացի պաշտպան Թիլօ Քեհրեր պաշտօնապէս միացաւ Մոնաքոյին, որ վերջին անգամ 2016-2017 տարեշրջանին դարձած էր Ֆրանսայի ախոյեան (պատմութեան 8-րդ տիտղոսը:
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ին միացող այս տարուան երեք կազմերն են Փարմա, Քոմօ եւ Վենեցիա:
Ինթեր Միլան, որ անցեալ տարի շահեցաւ իր 20-րդ ախոյեանութեան տիտղոսը եւ միակ ակումբն է, որ «Սերի Պէ» չէ փոխանցուած, իր խումբէն դուրս փոխանցեց Խուան Քուատրատոն, Լուսիեն Ակումենը, Կայթանօ Օրիսթանոն, Տաւի Քլաասընը, Սթեֆանօ Սենսին եւ Ալեքսիս Սանչեսթը: Ինթերին միացած են միջնապահ Տաւիտէ Ֆրաթեզի (Սասուլօ), իրանցի յառաջապահ Մեհտի Թարեմի (Փորթոյէն), միջնապահներ Փիոթր Զիլինսքի (Նափոլիէն) եւ Լուքա Թոփալովիչ, ինչպէս նաեւ յառաջապահ Մարքօ Առնաութովիչ (Պոլոնիայէն) եւ պրազիլցի պաշտպան Քարլոս Աուկուսթօ (Մոնցայէն):
Փարմա, որ 1990-ականներուն Իտալիոյ լաւագոյն ակումբներէն մէկն էր, փոխախոյեան դարձած էր 1996-1997 տարեշրջանին, 3 անգամ` Իտալիոյ բաժակի տիտղոսը (վերջին անգամ` 2001-2002), մինչ Փարմա շահած էր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակը 1994-1995 եւ 1998-1999 տարեշրջաններուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի բաժակակիր խումբերու բաժակը 1992-1993 տարեշրջանին եւ Եւրոպայի գերբաժակը 1993-ին: 2015-ին «Սերի Տէ.» (4-րդ դասակարգ) փոխանցուելէ ետք, 2018-ին արդէն «Սերի Պէ.» հասած էր եւ այժմ վերադարձած է «Սերի Ա.» ու առաջին մրցումին այսօր պիտի հիւրընկալէ Ֆիորենթինան: