Հայաստանի Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ազգային խումբի մարզիչ Գէորգ Ալեքսանեան, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը պահուն խօսեցաւ իր տղուն` Արթուր Ալեքսանեանի ոսկի մետալի մրցումին մասին:
«Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին յանձնուած մեր բողոքը մերժելու բացատրութեան մէջ նշուած օրէնքը սուտ է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան: Անոնցմէ աւելի բարձր կառոյց կայ, որ Միջազգային ողիմպիականի կոմիտէն է, որ նոյնպէս ըսաւ, թէ կը վերանայի դրուագը: Անոնցմէ աւելի բարձր մարզական դատարան պիտի դիմենք:
«Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէն արդէն բողոք ներկայացուցած է, եւ մեզմէ պահանջուեցաւ լուսանկարներով եւ տեսանիւթով հիմնաւորել բողոքը, եւ այստեղէն այդ մէկը կ՛ընենք: Եթէ անոնց որոշումը մեզ չբաւարարէ, եւ արդարութիւնը չվերականգնի, մենք վստահաբար կ՛երթանք մարզական իրաւական դատարան», ըսաւ Գէորգ Ալեքսանեան:
Արթուր Ալեքսանեան իր կարգին ըսաւ. «Հիասթափութեան առումով չեմ կրնար ըսել, բայց… չեմ գիտեր: Կը կարծեմ, որ յոյս կայ, որ բողոքը տեղ հասնի եւ բան մը փոխուի: Նման բան պատահած է անցեալ տարուան աշխարհի ախոյեանութեան, բայց ոչ Ողիմպիականի մրցումներուն: Հայաստանի դէմ լարուածութիւն կար, որովհետեւ մեր բողոքներէն ոչ մէկը նկատի առնուեցաւ: Նոյն բանը կրնամ ըսել Սլաւիկ Գալստեանի մասին, որ կիսաւարտականին յաղթեց, յետոյ բողոքեցին մրցակիցները, եւ մրցումի արդիւնքը լման փոխուեցաւ: Բայց ան պէտք է աւարտական հասնէր: Այստեղ Սարաւի (իրանցի մրցակիցը) մեղաւոր չէր, մրցավարները յանցաւոր էին. Սարաւիի հետ ընդհանրապէս ոչ մէկ խնդիր կայ»: