Մարզական

Նափոլի Այս Շաբաթ Կը Նախատեսէ  2 Փոխանցումներ Կատարել

Նափոլի Այս Շաբաթ Կը Նախատեսէ 2 Փոխանցումներ Կատարել

Իտալիոյ Նափոլի ակումբը այս շաբաթ պիտի փորձէ ձեռք ձգել երկու փոխանցումներ: Պրայթընի միջնապահ Պիլի Կիլմոր եւ Պենֆիքայի յառաջապահ Տաւիտ Ներեշ պիտի ըլլան այս շաբթուան նպատակները, եւ լուրջ ժողովներ տեղի կ՛ունենան իրականացնելու այդ փոխանցումները: Նախապէս փորձ մը կատարած Նափոլի այս շաբաթ պիտի փորձէ աւելի բարձրացնել փոխանցումներու սակը, որ կարենայ համոզել Պրայթընը եւ Պենֆիքան: Անկախ այս փոխանցումներէն, Նափոլի տակաւին կ՛աշխատի ձեռք ձգել...

Տիպալա Մերժեց 4 Տարուան Ընթացքին 100 Միլիոն Եւրօ Շահիլ…

Տիպալա Մերժեց 4 Տարուան Ընթացքին 100 Միլիոն Եւրօ Շահիլ…

Ա. Էս. Ռոմայի արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա անգամ մը եւս մերժեց միանալ Քատիւիյա ակումբին, որ մաս կը կազմէ Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան: Նախապէս, Ահլի եւ Իթթիհատ մօտ 22 միլիոն եւրոյի առաջարկ մը կատարած էին Տիպալային, որ ընտանեկան պատճառներով կը մերժէ լքել Իտալիան եւ մեկնիլ Ասիա: Այժմ Քատիսիյա, որ նիւթական հսկայ աջակցութիւն ունի «Արամքօ» վառելանիւթի ընկերութենէն, եւ Մոհամետ Սէուտ ինք անձամբ, կը...

Փարիզի 33-րդ Ողիմպիական Խաղեր.  Փակման Հանդիսութիւնը, Յաջորդին` Լոս Անճելըս

Փարիզի 33-րդ Ողիմպիական Խաղեր. Փակման Հանդիսութիւնը, Յաջորդին` Լոս Անճելըս

Կիրակի ուշ գիշերին տեղի ունեցաւ 33-րդ Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութիւնը Փարիզի մէջ, ուր Սեն Տընի դաշտը վերածուեցաւ փառատօնի վայրի: Սեն Տընիի դաշտին հերոսներէն էր ամերիկացի դերասան Թոմ Քրուզ, որ «Միշըն Իմփոսիպըլ»-ի դերը առած օրէն իջաւ դաշտ, եւ երգչուհի Պիլի Այլիշի հետ Ողիմպիականի պաշտօնը ստանձնեցին: Քրուզ անմիջապէս ձեռնուելէ ետք բեմին վրայ գտնուող աթլեթներուն, Ողիմպիականի դրօշը ստանձնեց Սիմոն Պայլզէն, իր մոթորսիքլեթին ետեւը...

«Կը Ցանկայի Մաս Կազմել Հայաստանի Հաւաքականին»  Կ՛ըսէ Վալերի Ծառուկեան

«Կը Ցանկայի Մաս Կազմել Հայաստանի Հաւաքականին» Կ՛ըսէ Վալերի Ծառուկեան

Ռուսական Նիժնի Նովկորոտ ակումբի միջնապահ Վալերի Ծառուկեան, որ ռուսական քաղաքացիութիւն ունի, յայտնեց, որ կը ցանկար մաս կազմել Հայաստանի հաւաքականին: «Հայաստանի՞, թէ՞ Ռուսիոյ... կ՛ընտրեմ Հայաստանի ազգային խումբը: Ես Ռուսիոյ քաղաքացի եմ, բայց նախ եւ առաջ հայ եմ: Ռուսիան շատ մեծ է եւ կը գերազանցէ Հայաստանի ենթակառուցուածքները` ֆութպոլի եւ մարզական զարգացման առումով: Հայաստանի շատ աւելի ֆութպոլիստներու կարիքը կայ, բայց Ռուսիոյ նման հսկայ...

Թենիս.  Աւանէսեան Առաջին Յաղթանակը Արձանագրեց Հայաստանի Դրօշին Ներքեւ

Թենիս. Աւանէսեան Առաջին Յաղթանակը Արձանագրեց Հայաստանի Դրօշին Ներքեւ

Աշխարհի թիւ 58 դասուած հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան, որ նախապէս կը մասնակցէր իբրեւ ռուս, հայկական քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք իր առաջին մրցումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած Սինսինաթթիի թենիսի մրցաշարքին` պարտութեան մատնելով ամերիկացի Լորեն Տէյվիսը` 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով: Մրցումը տեւեց 1 ժամ 23 վայրկեան: Անցեալ շաբաթ հայկական քաղաքացիութիւն ստացած Աւանէսեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի մասնակցի նաեւ կրան շլեմի իր առաջին...

Բռնցքամարտ.  Հայ Մարզիկները 8 Մետալ Ձեռք Ձգեցին

Բռնցքամարտ. Հայ Մարզիկները 8 Մետալ Ձեռք Ձգեցին

Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի մէջ վերջ գտաւ բռնցքամարտի պատանիներու (14 տարեկանէն վար) Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը հայրենիք կը վերադառնայ 2 ոսկի եւ 6 պրոնզ մետալներով: Ոսկի մետալներ շահեցան Էտուարտ Քարամեան (52 քկ) եւ Ռոմիկ Յարութիւնեան (63 քկ), մինչ պրոնզ մետալ շահեցան Աստղիկ Խաչատրեան (40 քկ), Սուրէն Պապլումեան (42 քկ), Նարեկ Մխիթարեան (46 քկ), Մենուա Ուլիխանեան (48 քկ), Բագրատ Ղազարեան (54...

Վերջին 10 Տարիներուն  Ամէնէն Շատ Եկամուտ Ունեցող  Խումբերը` Փոխանցումներէ Օգտուելով

Վերջին 10 Տարիներուն Ամէնէն Շատ Եկամուտ Ունեցող Խումբերը` Փոխանցումներէ Օգտուելով

Թրանսֆըրմարքեթ կայքը վերջերս հետազօտական աշխատանք կատարած է, թէ ո՛ր խումբերը ամէնէն աւելի օգտուած են փոխանցումներէ` վերջին 10 տարիներուն ընթացքին: Ցուցակի առաջին դիրքը կը գրաւէ Փորթուգալի Պենֆիքան: Փորթուգալական խումբը 743 միլիոն եւրօ վաստկած է փոխանցումներու միջոցով: Նետերլանտներու Այաքս Ամսթերտամը գրաւած է Բ. դիրքը 483 միլիոն եւրօ եկամուտով: Լաւագոյն երրեակը կ՛ամբողջացնէ Աւստրիոյ Ռետ Պուլ Զալցպուրկը` 463 միլիոն եւրոյով: Ֆրանսական Լիլը կը գրաւէ...

Փոխանցումներու Աշխարհէն.  Փետրօ Նեթօ Միացաւ Չելսիին

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Փետրօ Նեթօ Միացաւ Չելսիին

Վուլվզ ակումբի յառաջապահ Փետրօ Նեթօ 7 տարուան պայմանագրութիւն կնքեց Չելսիի հետ: 24 տարեկան փորթուգալցին 2019-էն ի վեր մաս կը կազմէ Վուլվզի, ուր կատարած է 135 մրցում նշանակելով 14 կոլ եւ 24 էսիսթ: Ան 55 եւրոյով միացաւ Լոնտոնի «կապոյտներուն»: Միւս կողմէ, Լիվըրփուլ կը փորձէ ձեռք ձգել Հոֆենհայմի մարզիկ Մաքսիմիլիան Պայերը: 21 տարեկան Պայեր, որ 2024-ի Եուրոյի Գերմանիոյ ազգային խումբին մաս կը...

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Կրեց

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Գեղեցիկ Ֆութպոլ Ցուցաբերեց

Երէկ կէսօրին Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը շատ գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցաբերեց, հակառակ անոր որ 6 հիմնական մարզիկներ կը բացակայէին զանազան պատճառներով: Մրցակից Նըժմեթ Սահրա, որ դարձի իր 3 մրցումներուն 7 կէտ ձեռք ձգած էր, բացաւ մրցումին հաշիւը Ճիօ Տաուտի կողմէ: Այս կոլէն առաջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կոլ մը յաջողած էր նշանակել, երբ երկու մարզիկներ ազատ...

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր.  Վարազդատ Լալայեան` Արծաթ Մետալակիր

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Վարազդատ Լալայեան` Արծաթ Մետալակիր

Շաբաթավերջին տեղի ունեցան Փարիզի 33-րդ Ողիմպիականի խաղերու վերջին մրցումները: Ծանրաբարձութեան 102 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայաստանի Ողիմպիական խումբի անդամ, 2024-ի Եւրոպայի ախոյեան աշխարհի բաժակակիր Վարազդատ Լալայեան 487 քկ արդիւնքով շահեցաւ արծաթ մետալ: Պրոնզ մետալ շահեցաւ Պահրէյնը ներկայացնող հայազգի Գոռ Մինասեան` 461 արդիւնքով: Ոսկի մետալ շահեցաւ վրացի Լաշա Թալախածէն` 470 քկ արդիւնքով: 89 քկ կշիռի մրցումներուն Անդրանիկ Կարապետեան 7-րդ դիրքը գրաւեց: Այսպիսով,...

Մանչեսթըր Սիթի Շահեցաւ Անգլիոյ Գերբաժակը

Մանչեսթըր Սիթի Շահեցաւ Անգլիոյ Գերբաժակը

Շաբաթ օր, Ուիմպլիի մէջ հետաքրքրական մրցումի մը, անցեալ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ պայքարեցան շահելու գերբաժակը, բայց մրցումը միայն փենալթիներով վճռուեցաւ: Սիթի, որմէ կը բացակային Ռոտրի (վիրաւոր), Ֆոտըն, Սթոնզ եւ Ուոքըր, աւելի լաւ սկսաւ Եունայթըտի դէմ, որմէ կը բացակայէին Հոյլունտ, Լիտըլոֆ, Մալասիա, Շօ, Ուան Պիսաքա եւ Եորօ: Առաջին կիսախաղին Ճէյմս Մաքաթիի զօրաւոր հարուածը զսպեց... Մանչեսթըր Եունայթըտի բերդին սիւնը...

Պայերն Միւնիխի Թիւ 1 Փոխանցումի Նպատակը Տեզիրէ Տուէ

Պայերն Միւնիխի Թիւ 1 Փոխանցումի Նպատակը Տեզիրէ Տուէ

Պայերն Միւնիխ այս քանի մը օրերուն հաւանաբար կրնայ ամբողջացնել իր պաշտպաններ Մաթայ Տը Լիէթի եւ Նուսէյր Մաղրաուիի փոխանցումները Մանչեսթըր Եունայթըտ: Այս փոխոնացումներէն եկած ընդհանուր շահէն, որ կրնայ հասնիլ մօտ 70 միլիոն եւրոյի, Պայերն կրնայ ձեռք ձգել Ռեննի 19 տարեկան յարձակող միջնապահ Տեզիրէ Տուէն: Փոխանցման շուրջ արդէն իսկ սկզբնական համաձայնութիւն եղած է: Փարիզ Սեն Ժերմեն իր կարգին կը փորձէ ձեռք ձգել...

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք 4-1

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` Նըժմեթ Սահրա-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Վաղը, Լեռնալիբանանի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Նըժմեթ Սահրայի դէմ, ժամը 12:30-ին, Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ բաւական բացականերով պիտի մրցի` նկատի ունենալով, որ անցեալ մրցումին Կարօտ Պետիրեան կարմիր քարտ ստացած էր, իսկ մրցումի աւարտին պատահած էր փոքր միջադէպ մը, որուն լոյսին տակ ֆետերասիոնը 4 մրցումով կախակայեց Մայք Մարսովանեանը,...

Փարիզի Ողիմպիական Մրցումներ.  Լեթիսիա Աուն Չկրցաւ Շահիլ Պրոնզ Մետալ

Փարիզի Ողիմպիական Մրցումներ. Լեթիսիա Աուն Չկրցաւ Շահիլ Պրոնզ Մետալ

Հինգշաբթի գիշեր եւ երէկ շարունակուեցան Փարիզի Ողիմպիական 33-րդ ամառնային խաղերը, որոնք կ՛աւարտին վաղը գիշեր: Թայքուանտոյի Լիբանանի ներկայացուցիչ Լեթիսիա Աուն, 57 քկ աղջկանց մրցումներուն պրոնզ մետալի մրցումին չկրցաւ յաղթել քանատացի Սքայլըր Փարքի` կորսնցնելով 1980-էն ի վեր Լիբանանի մետալի մը տիրանալու երազը: 44 տարի առաջ Հասան Պշարա ըմբշամարտի ազատ մրցումներուն Մոսկուայի Ողիմպիականին շահած էր պրոնզ մետալ, որ եղաւ մինչեւ օրս անկրկնելի: Երկար...

Լոթար Մաթէոս Կը Կարծէ, Թէ Լեւերքուզըն Կը Մնայ Թիւ 1 Թեկնածուն

Լոթար Մաթէոս Կը Կարծէ, Թէ Լեւերքուզըն Կը Մնայ Թիւ 1 Թեկնածուն

Պայերն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի խմբապետ եւ պատմութեան լաւագոյն միջնապահներէն Լոթար Մաթէոս վերջերս իր կարծիքը յայտնած էր յառաջիկայ տարեշրջանի «Պունտըսլիկա»-ի հաւանական ախոյեանին գծով` նշելով, որ անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն կը մնայ գլխաւոր թեկնածուն: Ան ըսած է, թէ Պայեր Լեւերքուզըն կրնայ լաւագոյն խումբը ոչ թէ որովհետեւ անպարտելի ախոյեանն ու  բաժակակիրն էր, այլ որովհետեւ համեմատելով Պայերն Միւնիխի եւ Պորուսիա Տորթմունտի...

Փոխանցումներու Աշխարհէն.  Մարքօ Ռոյս Պիտի Միանայ Լոս Անճելըս Կալաքսիին

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Մարքօ Ռոյս Պիտի Միանայ Լոս Անճելըս Կալաքսիին

Տորթմունտի նախկին յարձակող միջնապահ Մարքօ Ռոյս 12 տարի մնալէ ետք նոյն խումբին մէջ,  համաձայնեցաւ միանալու Լոս Անճելըս Կալաքսիի: 35 տարեկան Ռոյս Ռոթ Վայս Էսենի հետ սկսելէ ետք իր արհետավարժ ֆութպոլի ասպարէզը 20 տարեկանին միացաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին, ուր 97 մրցումներ կատարելէ ետք 3 եղանակներու վրայ նշանակեց 36 կոլ: 2012-ին միանալով Պորուսիա Տորթմունտին ան կատարեց 294 մրցում նշանակելով 120 կոլ: Ան բաւական...

Տանի Օլմօ Համաձայնեցաւ Պարսելոնայի Հետ

Տանի Օլմօ Համաձայնեցաւ Պարսելոնայի Հետ

Տանի Օլմօ, որ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ փայլեցաւ 2024-ի Եուրոյին, մանաւանդ փոխարինելէ ետք վիրաւոր Փետրին, համաձայնեցաւ միանալու Պարսելոնայի 62 միլիոն եւրոյի փոխարէն: Օլմօ, որ 3 կոլեր նշանակեց` կատարելով 2 կոլերու էսիսթ, գերմանական Լայփցիկի հետ էր 2020-էն ի վեր, սկսելէ ետք Խրուաթիոյ Տինամօ Զաղրեպի հետ 16 տարեկանին: Ան եղած էր Պարսելոնայի ակադեմիայէն, բայց մինչեւ հիմա երբեք «աչքի չէր զարկած» հակառակ անոր...

Լափորթա Անձամբ Կը Զբաղի Նիքօ Ուիլիամսի Բանակցութիւններով

Լափորթա Անձամբ Կը Զբաղի Նիքօ Ուիլիամսի Բանակցութիւններով

Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա առաջնահերթութիւն տուած է Նիքօ Ուիլիամսը ձեռք բերելու Աթլեթիքօ Պիլպաոյէն եւ անձամբ կը վարէ ֆութպոլին հետ բանակցութիւնները, մարզական տնօրէն Տեքոյի ձախողութենէն ետք: Ըստ սպանական «Սփորթ» կայքին, Լափորթա բանակցութիւններու պիտի սկսի Ուիլիամսի ներկայացուցիչներուն հետ, վերադառնալէ ետք Միացեալ Նահանգներէն, ուր քաթալոնական կազմը բարեկամական մրցաշարքի մասնակցեցաւ եւ կատարեց մարզական հաւաք մը: Պարսելոնայի նախագահը դիմած էր ընկերութեան մը, որ պիտի տրամադրէ...

«Քոնֆերենս Լիկ».  Փիւնիկ Յաղթեց, Արարատ-Արմենիա Պարտուեցաւ

«Քոնֆերենս Լիկ». Փիւնիկ Յաղթեց, Արարատ-Արմենիա Պարտուեցաւ

Հինգշաբթի գիշեր, «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուանին գծով, Ղազախստանի Օրտապասի խումբը հիւրընկալեց Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկը, որ կրցաւ Երեւան վերադառնալ 1-0 յաղթանակով: Նիկերիացի Եուսուֆ Օթուպանճօ նշանակեց մրցումին միակ կոլը` 56-րդ վայրկեանին: Առաջին կիսախաղին մրցակից խումբը աւելի լաւ էր, մինչ Փիւնիկ, որ մրցումէն առաջ կորսնցուցած էր յառաջապահ Սերժ Տեպլէն (վիրաւորուած), 13-րդ վայրկեանին կորսնցուց նաեւ պրազիլցի յառաջապահ Լուքաս Վիլլելան, որ իր կարգին վիրաւորուեցաւ:...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Գրաւեց Առաջին Երկու Դիրքերը

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Գրաւեց Առաջին Երկու Դիրքերը

Տէյր Հարֆի ակումբին կողմէ կազմակերպուած էր ճատրակի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ Անթիլիաի ճատրակի անդամները` տարիքային մասնակցութեամբ: 12 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, առաջին երկու դիրքերը գրաւեցին Նայիրի Նիւրփենտեան եւ Սօսէ Սեփէթճեան: ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի խումբէն Մարք Մարտիքեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Վանաձորի մէջ (Հայաստան) տեղի ունեցած «Վանաձոր Օփըն» ճատրակի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ 1-էն 7 օգոստոս: Ութ տարբեր երկիրներէն...

Page 190 of 1281 1 … 189 190 191 … 1,281

Արխիւներ