Ֆիլ Ֆոտըն Եւ Քոլ Փալմըր Շահեցան Լաւագոյն Մարզիկի Տիտղոսները
Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկ Ֆիլ Ֆոտըն (24 տարեկան) շահեցաւ 2023-2024 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը, ըստ «Փի. Էֆ. Էյ.»-ի (արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութիւն): Մանչեսթըր օփերայի տան մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան, (երեքշաբթի գիշեր) Ֆոտըն եւ Չելսիի մարզիկ Քոլ Փալմըր (երիտասարդ լաւագոյն մարզիկ) շահեցան զոյգ տիտղոսները, առաջին անգամ ըլլալով 2009-2010 տարեշրջանէն ի վեր, ուր երկու անգլիացիներ Ուէյնի Ռունի եւ Ճէյմզ Միլնըր շահած էին երկու տիտղոսները:...




















