Սլովաքիոյ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան Պրաթիսլաւա կը հիւրընկալէր Քոզիչէն:
Զան Մետվետ 15-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Քոզիչէի կոլը` առաջին կիսախաղին:
52-րդ վայրկեանին Տաւիտ Սթրելեչ նշանակեց Սլովանի հաւասարութեան կոլը, եւ 2 յաղթանակէ ետք կը կարծուէր, թէ Սլովան պիտի կորսնցնէ 2 կէտեր, բայց Տիգրան Բարսեղեան ներկայ էր եւ 90-րդ վայրկեանին փրկեց Սլովանը, որ արձանագրեց իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը: 1 մրցում պակաս կատարած Սլովան մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ, մինչ Բարսեղեան 3 կոլերով կը գրաւէ կոլ-սքորըրներու դասաւորման 2-րդ դիրքը, Մետվետի ետին: Մետվետ նշանակած է 5 կոլ: