Ռուսիոյ Բ. դասակարգի խումբերէն Թորփետօ Մոսկուայի հայ յառաջապահ Արշակ Կորեան, Նեֆթեխիմիք Նիժնեքամսք խումբին դէմ մրցումին կրցաւ նշանակել Թորփետոյի առաջին կոլը` Մոսկուայի ակումբի հիմնադրութեան 100-ամեակին օրը տեղի ունեցած մրցումին:
29 տարեկան Արշակի խումբը 6 հանգրուաններէ ետք կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` 12 կէտ հաւաքելով: