Մարզիչ Կարէն Աւոյեան միացաւ Սէուտական Արաբիոյ Բ. դասակարգի Աֆիֆ ակումբին:
Աւոյեանի հետ մարզիչներու խմբակին մաս կազմեց նաեւ Ֆելիքս Յակոբեան` իբրեւ բերդապահներու մարզիչ:
Աֆիֆ արդէն իսկ իր կազմին մէջ ունէր Հայաստանի ազգային խումբի նախկին անդամ Զաւէն Պատոյեանը:
Զաւէն Պատոյեան 2018-ին մաս կազմած էր նաեւ Լիբանանի Բ. դասակարգի խումբերէն Շապապ Սահելի: Ան 2011-էն 2016 6 մրցում կատարած է ազգային խումբին հետ:
34 տարեկան Զաւէն Պատոյեան անցեալ տարի միացած էր Աֆիֆին` 1 տարի Ղազախստանի մէջ յաջող տարեշրջանէ մը ետք: