Սէուտական Արաբիոյ Ահլի խումբը կը փորձէ պայմանագիր կնքել պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիորի հետ:
Աւելի կանուխ, Վինիսիուս մերժած էր Քատիսիէ խումբին առաջարկը, որ 1 միլիառ եւրօ էր 5 տարուան համար, սակայն Ահլի պատրաստ է ամէն ինչ ընելու` պրազիլցի յառաջապահին հետ պայմանագիր կնքելու համար: Բացի ատկէ, Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կը ցանկան Վինիսիուսը դարձնել Լիկայի դէմքը` 2034-ի մոնտիալէն առաջ: 2034-ի մոնտիալը կազմակերպելու միակ թեկնածուն Սէուտական Արաբիան է, որ պիտի փորձէ 2022-ի Քաթարի մոնտիալէն աւելի յաջող մոնտիալ մը կազմակերպել:
Այս տեղեկութիւններուն համաձայն, Վինիսիուս մերժած չէր սէուտական առաջարկը:
Ըստ «Մարքա» սպանական կայքին, Ահլի պատրաստ է բարելաւելու Վինիսիուսի համար իր առաջարկը եւ մօտ ապագային բանակցութիւններու նոր փուլ պիտի անցընէ Ռէալ Մատրիտի հետ:
Կը նշուի, որ պրազիլցի մարզիկին փոխհատուցման գումարը 1 միլիառ եւրօ է, իսկ Ռէալ կրնայ ազատ ձգել մարզիկը, եթէ ինք համաձայն է:
Ռէալ Մատրիտ իր կողմէն Վինիսիուսի աշխատավարձը բարձրացնելու կարելիութիւնը կ՛ուսումնասիրէ, որպէսզի ան ակումբէն հեռանալու մասին չմտածէ: