Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Աւանէսեան Հասաւ Երկրորդ Հանգրուան

August 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան Սինսինաթթիի թենիսի մրցաշարքը Բ. հանգրուան անցաւ` պարտութեան մատնելէ ետք 24 տարեկան Պիանքա Վանեսա Անտրէեսքուն` 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով:

Աւանէսեան, որ զտումի մրցումներուն 2 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն արձանագրած էր, կրցած է հասնիլ աւարտական մրցաշարք, որ կը տեւէ մինչեւ երկուշաբթի:

Մրցումը տեւեց 1 ժամ եւ 50 վայրկեան, ուր Աւանէսեան կատարեց 2 էյս, 1 տապըլ ֆոլթ, ինչպէս նաեւ 9 պրէյք փոյնթերէն 3-ը կրցաւ իրականացնել:

Էլինայի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ լաթվիացի թենիսվումըն Ելենա Օսթափենքօ, որ թիւ 11 դասուած է:

Նախապէս մէկ անգամ հանդիպած են Աւանէսեան եւ Օսթափենքօ անցեալ տարուան «Եու. Էս. Օփըն»-ի մրցաշարքի Գ. հանգրուանին, ուր լաթվիացի թենիսվումընը 6-3, 5-7 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր:

Միւս կողմէ, նախկին թիւ 1 թենիսվումըն, ճափոնցի Նաոմի Օսաքա չկրցաւ հասնիլ Սինսինաթիի աւարտական մրցաշարք` պարտուելէ ետք Աշլին Քրուկըրէն, զտումի վերջին հանգրուանին:

Օսաքա, որ 8 ամիսէ ի վեր վերադարձած է թենիսի աշխարհը` 15 ամիս հեռու մնալ ետք, աղջիկ զաւակ մը ունենալուն պատճառով, չէ կրցած ինքզինք գտնել: «Իմ ամէնէն հիմնական հարցս պարտութիւնը չէ: Հարցը հոն է, որ ես ինքզինքս իմ մարմնիս մէջ չեմ զգար: Զարմանալի զգացում մըն է… Կը կորսնցնեմ գնդակներ, զորս պէտք չէ կորսնցնեմ, կամ շատ դիւրին հարուածներ կու տամ մրցակիցիս համար բաղդատմամբ անցեալին: Ես ինծի կ՛ըսեմ, որ լաւ եմ, շատ լաւ վիճակի մէջ եմ, պայքարիմ եւ աւելի լաւ կրնամ կատարել յաջորդ հարուածը: Մտային կողմէ, սակայն, նոյնը չէ: Ես ինծի կը լսեմ, կը գոռամ…ի՜նչ կը պատահի», ըսաւ Օսաքա, որ առաջին ճափոնցի թիւ 1 թենիսվումընը եղած է 2019-ի յունուարին: Ան 2018-ի եւ 2020-ի «Եու. Էս. Օփըն»-ը շահած է, ինչպէս նաեւ 2019-ի եւ 2021-ի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը:

 

 

Նախորդը

Ահլի Խումբին Առաջարկը` Վինիսիուսի 1 Միլիառ Եւրոյէն Աւելի…

Յաջորդը

Ամերիկայի Լիկայի Բաժակ. Մարաշլեան Երկու Կոլ Նշանակեց Ինթեր Մայեմիի Դէմ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.